Ինչպէս 44-օրեայ արցախեան պատերազմի օրերուն, այնպէս ալ նոյեմբեր 9-էն ետք, պատերազմի արհաւիրքն ու սարսափն իրենց սեփական աչքերով, սեփական մաշկին վրայ զգացած մեր հայրենակիցներն ու անոնց ընտանիքները կը շարունակեն մնալ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու ուշադրութեան եւ հոգածութեան կեդրոնին:
Պելճիքայի Լիեժ քաղաքի հայ համայնքը, «Մեսրոպ Մաշտոց» մշակութային միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեանի եւ համայնքի շարք մը անդամներու նախաձեռնութեամբ, սեպտեմբեր 27-էն յետոյ ամենատարբեր միջոցներով փորձած է օգտակար ըլլալ հայրենիքին: Համախմբուած, յաճախ անքուն գիշերներ անցնելով` հանգանակութիւններ իրականացուցած եւ նուիրաբերած է «Հայաստան» հիմնադրամին, մարդասիրական օգնութիւն` դեղորայք, հագուստ, սնունդ, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ, ուղարկած Հայաստան: Պատերազմի աւարտէն ետք որոշած են հասցէական օգնութիւն ցուցաբերել:
Հանգստեան օրերուն Լուսինէ Ներսիսեանի եւ Կարինէ Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ ու համայնքի կանանց` Արուսեակ Մանուկեան, Նոնա Յովակիմեան, Ժասմէն Յովհաննիսեան, Զոյա Յովհաննիսեան, Սիլվա Լազինեան, Քաղցրիկ Մուրադեան, մասնակցութեամբ, Լիեժի մէջ կազմակերպուած է հայկական ուտեստներու վաճառք: Հանգանակուած գումարը, հայաստանաբնակ հոգեբան Վարդուհի Իսրայէլեանի միջոցով, փոխանցուած է պատերազմին զոհուած, վիրաւորում ստացած հերոսներու ընտանիքներուն: «Լիեժի հայ համայնքին կողմէ հաւաքուած գումարը փոխանցեցինք Հայաստան ապրող 5 ընտանիքի, որոնք փոքրիկ երեխաներ ունին: Այդ ընտանիքները ո՛չ միայն հարազատ մարդիկ կորսնցուցած են, այլեւ ողջ կեանք մը: Անոնք պէտք է յաղթահարեն ո՛չ միայն հոգեբանական ցաւը, այլեւ ֆինանսական դժուարութիւնները: Այդ ընտանիքները, փոքրիկները, որոնցմէ շատերը դեռ չեն գիտեր, որ հայր կորսնցուցած են, բոլորիս աջակցութեան ու հոգածութեան կարիքն ունին: Յաճախ պարզ խօսքն անգամ, կրնայ աւելին ընել: Այցելութիւններու ընթացքին հասկցայ, որ վիշտն ու ցաւը անոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրովի կը յաղթահարէ: Տուներէն մէկուն մէջ, երբ մայրն արտասուելով կը պատմէր իր կորուստին մասին, 12-ամեայ որդին բռնելով մօր ձեռքը` ըսաւ. «Մա՛մ, դուն ինծի խոստացած ես, որ չե՛ս արտասուիր»: Գերբնական ուժ պէտք է յաղթահարելու այդ ամէնը»,- miasin.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Վարդուհին:
Արցախցի փոքրիկներու ու զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն համար Լիեժ համայնքի յաջորդ աջակցութիւնն արդէն յունուարին էր, երբ Հայաստան այցելած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» մշակութային միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեանը: Յունուար 13-ին եւ 14-ին «Մոնումենտ» հիւրատան մէջ 60 արցախցի եւ հայաստանցի երեխաներու համար կազմակերպուեցաւ երկու ձեռնարկ: Նուէրներ , հիւրասիրութիւն, երեկոյին ընթացքին երեխաները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու իրենց սիրելի դերասաններ` Վահագն Սիմոնեանի, Հայկ Սարգսեանի, Գոհար Սարգսեանի, Նարեկ Կարախանեանի հետ: Յունուար 15-ին փոքրիկները հիւրընկալուեցան ՀԵՀԵՄ կեդրոնական գրասենեակին մէջ:
«Ձեռնարկներուն նպատակն էր, որպէսզի այդ փոքրիկները, որոնց աչքերուն մէջ անսահման կարօտ ու թախիծ կար, զգան Սփիւռքի աջակցութիւնը, զգան, որ իրենք մինակ չեն: Այդ երեխաները բոլորիս աջակցութեան, ջերմութեան ու սիրոյ կարիքն ունին: Անկախ անկէ, թէ աշխարհի որ երկրին մէջ ապրինք, մենք պէտք է չմոռնանք անոնց»,- miasin.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լուսինէ Ներսիսեանը:
Ձեռնարկին աջակցած էր նաեւ Պելճիքայի Հայ կոմիտէն (նախագահ` Նիկոլա Դաւիթեան) եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան բարեկամ, պելճիքահայ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը: Լուսինէ Կիրակոսեանի հաւաստմամբ, նման նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան:













