Շատ կը խօսուի ու կը գրուի, կը վերլուծուի ու կը մեկնաբանուի Հայաստանի եւ Արցախի, մանաւանդ Արցախեան գոյամարտին ընթացքին եւ ընդհանրապէս անոնց վերապահուած ու վիճակուած կացութիւններուն մասին։ Անշուշտ, նման վերաբերմունք մը պէտք չէ նկատուի տարօրինակ, ընդհակառակը պարտադիր, որովհետեւ հայրենիքը, անոր գոյութիւնը եւ անվտանգութիւնն են ամենէն կարեւորը, հիմնակա՛նը, որմէ դուրս կարելի չէ տեսնել այլ ընտրանք։ Հայ ժողովուրդը այդ ժամանակաշրջանին ու ներկայիս, ապրեցաւ ու կ’ապրի մղձաւանջային եւ արհաւիրքային հոգեբանական ահաւոր պահեր, ի տես այն դէպքերուն, որոնք դարձան անոր ամենօրեայ հոգերն ու տագնապները, փորձելով զանոնք շրջանցել, դէպի նոր վերականգնումներ ու վերազարթօնքներ նուաճելու գնով։ Սակայն, ներքաղաքական պայմաններն ու փոթորիկները, փոխանակ առաջնորդեն կայունացման ու հանդարտեցման, կը տեսնենք թէ՝ աւելի կը սրուին հակամարտութիւնները, մինչ թշնամին, խոր գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ կը հետեւի ներհայաստանեան գզուըռտոցներուն, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ճակատներուն վրայ, հաւատալով որ ատոնք եւս կը նպաստեն իր քաղաքական եւ ընդհանրական յաղթանակներու յաջողութեան։ Չընդհատուող այս թոհուբոհին ու խառնիճաղանչին մէջ, շատ բնական է, որ Սփիւռքը չի (ու չէր) կրնար անտարբեր կամ լռակեաց մնալ, երբ իր հայրենիքը կը դիմագրաւէր ԱՐՏԱՔԻՆ ճնշումներ, ի գին իր հողային շարունակուող բռնագրաւումներուն եւ ՆԵՐՔԻՆ բեւեռացումներ, ի գին իր մտահոգիչ վերիվայրումներուն։ Եթէ պատահեցան որոշ կամ կարգ մը «միջամտութիւն»ներ կամ «նախաձեռնութեանց» փորձեր, Սփիւռքէն՝ Հայաստան, օգնելու կամ նպաստելու նոր զարգացումներու զսպուածութեան, հետեւաբար, նոր լուծումներով առաջնորդուելու, ատոնք չեղան համապատասխան մակարդակներով, ընդհակառակը՝ անոնք աւելի «գրգռեցին» մթնոլորտը, որովհետեւ անոնք «կողմ»երու դիրքերով հանդէս եկան։ Իսկ ո՞վ այդպիսիներուն իրաւունք տուաւ, նման անպատասխանատուութեամբ եւ ինքնագլուխութեամբ, Սփիւռքէն կոչեր, յայտարարութիւններ կամ տեսակէտներ հնչեցնել, այնպիսի ոճով ու պահանջատիրութեամբ, կարծես թէ ատոնք իրենց շնորհուած են։ Եւ ի՞նչ՝ կարելի՞ եղաւ ձիւնհալ մը առաջացնել կողմերուն միջեւ, աւելին՝ կարելի՞ եղաւ դրականութեան նշոյլ մը տեսնել, որոշապէ՛ս, ո՛չ, եթէ այդպէս էր, պատկան կողմեր, եկեղեցական թէ աշխարհական, ինչո՞ւ այդ սայթաքումներուն մէջ նետուեցան, որո՞ւն ջաղացքին ջուր հոսեցնելու, երբ ո՛չ ատոր օգուտը կար, ո՛չ ալ՝ անհրաժեշտութիւնը, այնքան ատեն որ՝ նման հարցերը այդպիսի մօտեցումներով չեն լուծուիր կամ չեն դարմանուիր, դուրսէն հնչող խռպոտ ու կողմնակալ ձայներով։

* Քանի որ այդ թղթածրարը բացուեցաւ (եւ այլեւս պէտք էր բացուէր), կ’արժէ անդրադառնալ Սփիւռքին, ա՛յն Սփիւռքին, որուն մասին խօսիլը մնայուն կերպով անհրաժեշտութիւն մըն է, իր ամբողջական կառոյցներով՝ կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ, կրթացանցեր, մամուլ, միութիւններ եւ առ հասարակ բոլոր այն լայնածիր շրջանակները, որոնք Սփիւռքը կը կազմեն։ Կասկած չկայ, որ այս բոլորի մասին միշտ գրուած եւ արտայայտուած է, յաճախ տեղին եւ արդար մտահոգութիւններով, սակայն, այն տարբերութեամբ, որ այսօրուան հրամայականները լրիւ ուրիշ են ու կը պահանջեն նոր տեսիլք ու նոր հայեացք։ Բայց, արդեօ՞ք այդպէս կը վերաբերուի Սփիւռքը իր դժուարութիւններուն ու բարդութիւններուն, պահանջքներուն եւ ակնկալութիւններուն, թերացումներուն ու կաղացումներուն հետ, որոնք, ամենօրեայ ճգնաժամներ եւ օրհասութիւններ ստեղծած են ու կը ստեղծեն, տկարութեան ու թուլացումներու նախանշաններ առաջացնելով։ Անշուշտ, մեր խօսքը բնաւ չի վերաբերիր այն շնորհակալ ներդրումներուն, մարդասիրական եւ օգնապաշտական միջոցառումներուն, որոնք կը մատուցուին այս կամ այն առիթներով, կը նպաստաբերուին կարիքաւորներուն եւ անկարներուն, այլ՝ այն էական հարցադրումին. ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐը ունի՞ն այն ներուժականութիւնը ու ներհզօրութիւնը, սերնդափոխութեան ու հերթափոխութեան կարգով, պատասխանատուութիւններ բաշխելու, պարտաւորութիւններ վստահելու ու պարտականութիւններ փոխանցելու, ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ աշխուժացնելու եւ արմատաւորելու հեռանկարով։ Ո՛չ, հազար անգամ՝ ո՛չ։ Սփիւռքահայութիւնը, որպէս համախմբուածութիւն ու հաւաքականութիւն, մեծ մասամբ ու բազմաթիւ առումներով, տակաւին կը գործէ անցնող տասնամեակներու գործելաձեւով ու նոյնիսկ՝ հոգեբանութեամբ։ Իսկ այդ ուղղութեամբ ու սլացքով, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքին տալ թարմաշունչ լիցք, ներարկել նոր աշխուժութիւն, խանդավառել ապահով ապագայով, չէ՞ որ ամէն ինչ կը փոխուի, կը զարգանայ ու կ’աճի, որոնց յարմարելու ու համակերպելու համար, անհրաժեշտ է համապատասխան ձեւակերպման ու կերպաւորման մղում եւ արդիականացում։ Եթէ ազգային հայկական կառոյցները, իրենց տարաբնոյթ առաքելութիւններով եւ նպատակասլացութիւններով, բազմաթիւ տարիներ գործեցին եւ նպաստեցին, արդիւնաւորեցին եւ արտադրեցին՝ հայապահպանումի գործօններուն տալով ամրակուռ թափ եւ յուսադրիչ կողմնորոշում, ատոնք եղան գերազանցապէս նուիրականութիւններու ու զոհողութիւններու անխառն ոգիով։ Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ, ո՛չ ոք ալ իրաւունք ունի չհաւատալու այդ անշեղ ճշմարտութեան, որովհետեւ այդ դաստիարակութեամբ եւ ոգեշնչութեամբ, հաւատամքով ու սկզբունքով, սփիւռքահայութիւնը մնաց կանգնուն, պատնէշի վրայ, իր գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պահպանելու վճռակամութեամբ ու հաստատակամութեամբ։ Այդուհանդերձ, առանց թերագնահատելու կամ ստուերելու Սփիւռքին տեղը, ցարդ իր ունեցած դերակատարութիւններով ու սատարագործութիւններով, ի նպաստ անոր գերագնահատելի ու զօրակոչելի ճիգերուն, անկախաբար զգացականութենէ տարուած փորձերէն, ժամանակն է այլեւս դուրս գալ «աւանդական»ութենէն ու շրջապատը տեսնել իր ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ իրականութեամբ։ Ի՞նչ կը նշանակէ այս հաստատումը, եթէ ոչ, ցոյց տալ, որ Սփիւռքը չի կրնար իր գոյութիւնը «քարշ տալ», անցնող տարիներու սովորականութեամբ ու տարողութեամբ, երբ ամէն ինչ փոխուած է, ամէն ինչ շրջանցուած եւ ամէն ինչ նոր պարտաւորութիւններու առջեւ դրած ինքզինք։ Պիտի բարեփոխե՞լ այս ՉՈՐ իրականութիւնը եւ անկէ ձերբազատուելու ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ անհրաժեշտութիւնը, թէ՞ պիտի շարունակուի պահել հնամենի ու հնաւանդ ոճը, հայկական Սփիւռքը ձգելով իր ծանծաղամիտ ու փխրամիտ ալիքներուն մէջ։ Վերջին հաշուով, ընդունիլ պէտք է, որ երէկուան եւ այսօրուան Սփիւռքը նոյնը չեն ու չեն կրնար յամեցած մնալ որեւէ «անշարժական» հորիզոնականի վրայ, այնքան ատեն որ՝ աշխարհը եւ մարդկութիւնը կ’ընթանան հիմնովին տարբեր ուղիներէ, որոնցմէ զերծ չի կրնար մնալ նաեւ հայութիւնը, այս պարագային՝ սփիւռքահայութիւնը, իր տարատեսակ հատուածներով։

* Ինչո՞ւ այս ընդգծումներն ու շեշտադրումները։ Պարզապէս յիշեցնելու, որ Սփիւռքը այսօր կ’անցնի, մեղմ ըսած, «փափուկ» պահերէ ու հաւանական «կարծր» անցումներէ, որոնց նկատմամբ ՀԱՒԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆԸ կրնայ վտանգաւոր պատուհասներու առաջնորդել զայն։ Արդէն, ո՞ւր չի տեսնուիր, որ Սփիւռքը սկսած է սրընթաց արագահոսութեամբ ընթանալ դէպի… ՄՇՈՒՇԱՊԱՏՈՒԹԻՒՆ, իսկ սփիւռքահայ ղեկավարութիւններ (՞) տակաւին չեն զգար ատոր ահաւորութիւնը կամ չեն կարեւորեր անոր վտանգաբերութիւնը եւ կամ՝ չեն ապրիր անոր մղձաւանջութիւնը։ Դժբախտաբար, մինչեւ օրս, կարելի չեղաւ անդրադառնալ ու գիտակցիլ, որ Սփիւռքը՝ եթէ անմիջական յառաջիկային ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ պատմուճանով ու ՎԵՐԱԿԵՐՏՈՒԱԾ հանդերձանքով հանդէս չգայ, կը նշանակէ՝ ՍՈՒՐ ՏԱԳՆԱՊ կը դիմագրաւէ, իսկ ատիկա ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ.

– Համակերպուածութեա՞մբ

– Դիտողականութեա՞մբ

– Անտարբերութեա՞մբ

– Հանդուրժողութեա՞մբ

– Անկարութեա՞մբ

Բնական է, վերոյիշեալներէն ոչ մէկը կրնայ ըլլալ յօգուտ սփիւռքահայութեան, մանաւանդ այն հատուածներուն, որոնք կոչուած են ըլլալու (կամ դառնալո՞ւ) Սփիւռքը կազմակերպող, ղեկավարող կամ առաջնորդող ազգային կառոյցներ։

* Ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ կողմ, յաւակնութիւնը կամ համարձակութիւնը կրնան ունենալ (ո՛չ ալ պէտք է ունենան), որ Սփիւռքը կրնայ այս մակընթացութեամբ ու տեղատուութեամբ հող շահիլ, երբ ապագայական անորոշութիւնները աւելի քան աղիտաբեր ըլլալու բազմաթիւ նախանշաններ ցոյց կու տան կամ ցոյց տալու ուղղութիւններու վրայ կը գտնուին։ Անհրաժեշտ է դուրս գալ մակերեսայնութիւններէ, կարճատեսութիւններէ, նեղմտութիւններէ եւ ինքնախաբէութիւններէ, ընդմիշտ համոզուելու համար, որ Սփիւռքը ոչ միայն չի գտնուիր իր բարւօք պարունակին մէջ, այլեւ՝ խիստ վտանգաւոր ու մտահոգիչ զառիթափի մը վրայ։ Պատճառները մեր աչքին առջեւն են, երբ ազգային կառոյցները հետզհետէ սկսած են տժգունիլ, նօսրանալ, այլափոխուիլ, թուլնալ եւ ընդհանրապէս կորսնցնել իրենց դերակատարութեան աշխուժութիւնը, հմայքը, գրաւչութիւնն ու հաղորդականութիւնը։ Դիտել ու դատել պէտք է, տեսնելու համար, թէ կուսակցութիւն, կրթացանց, եկեղեցի, մամուլ, կազմակերպութիւն եւ յարակից կառոյցներ, իրենց անդամակցութիւններով, ծրագիրներով, յաճախալիութեամբ, բաժանորդագրութեամբ, հետաքրքրութեամբ, հաւատալիութեամբ, գաղափարախօսութեամբ, աւանդապաշտութեամբ, եւ, ինչո՛ւ ոչ, նաեւ իրենց պատկանելիութեամբ, կ’արդարացնե՞ն իրենց գոյութիւնը, կը նպաստե՞ն իրենց ինքնավերանորոգութեան եւ կը յուսադրե՞ն ապահովագրեալ հեռանկարի մը հաւանականութիւնը։ Ներկայ գոյավիճակով, ընթացքով ու գործելաձեւով, խիստ տարակուսելի է, պարզագոյն ճշմարտութեամբ մը (որուն պէ՛տք է հաւատալ), սփիւռքահայութիւնը տակաւին կրնա՞յ գոյատեւել, (որոշ անբաւարար փոփոխութիւններով ու բարեկարգումներով), եթէ բացառուին ԼՈՒՐՋ եւ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ յառաջընթացներ ու յառաջխաղացքներ, շարունակելով նախկին, աւելի ճիշդ, աւանդական անբարեյոյս շառաւիղները։ Ուրեմն, եթէ Սփիւռքը՝ իր ազգային կառոյցներով, հետզհետէ չուղղուի դէպի ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ասպարէզ եւ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ բնագաւառ, առանց յոռետեսութեան զգացումի, ուշ կամ կանուխ, ինքզինք կրնայ գտնել… անդունդի եզրին, մանաւանդ ի բացակայութիւն անոնցմէ ներս նոր սեունդի ներգրաւումին ու ներթափանցումին։

Սփիւռքը, Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ, անպայման, պէտք է ըլլայ ու մնայ ԶՕՐԱՎԻԳԻ ու ԶՕՐԱԿԻՑԻ ուժականութեամբ, ապա, անյետաձգելիօրէն, ի՛նք պարտաւոր է վերափոխուիլ, վերակազմակերպուիլ ու վերանորոգուիլ, միշտ շնորհիւ նոր սերունդի ՄԱՍՆԱԳԻՏԱՑԱԾ փաղանգին, որ կրնայ թարմաշունչ աւիւնն ու աւիշը դառնալ ՍՓԻՒՌՔԻՆ եւ անոր ՀԱՅԱՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ու ՀԱՅԱՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ։

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here