Tuesday, October 6, 2026

Անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ Սպանիոյ Առաջին Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 27-ին, Պէնալմատէնա քաղաքին մէջ կառուցուած Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան մատուցեց անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Այս մասին miasin.am-ը կը տեղեկանայ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութենէն:

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Սպանիոյ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հայրապետական Պատուիրակի փոխանորդ Հոգշ. Շնորհք Աբղ. Սարգսեան եւ Արժ. Թադէոս Ա. Քհնյ. Գէորգեան։

Պատարագի սկիզբը Խաժակ Սրբազան կատարեց վիմաքարի օծումը, որպէսզի մինչ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ, յառաջիկայ գարնան եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը, կարելի ըլլայ ամիսը երկու անգամ պատարագ մատուցանել։

Սուրբ պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հիմնադիրներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով Պէնալմատէնա, Մալակա, Մարպէլիա եւ Սէվիլիա քաղաքներուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայեր։ Մատրիտ քաղաքէն եկած էին նաեւ Սպանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սօս Աւետիսեանը՝ տիկնոջ եւ Հիւպատոսին հետ։

Իր քարոզին մէջ Խաժակ Սրբազան իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Շնորհքին, եկեղեցւոյ բարերար եւ եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Տիար Ռաֆայէլ Բատալեանին, նաեւ բոլոր բարերարներուն, հիմնադիրներուն եւ եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն։ Յիշեցնելով ներկաներուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կոչը, ըսաւ․ «Ինչպէս 303 թուականին եւ ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակները կատարեցին իրենց առաքելութիւնը, այսօր ալ մենք պէտք է շարունակենք կառուցել լուսոյ խորաններ, եկեղեցիներ՝ պահելու եւ բազմացնելու համար մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գանձերը»։

Պատարագի վերջաւորութեան եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

«Աղօթքով պիտի կերտենք Նոր կեանքը». Յովնան Սրբազան

ԱՄՆ Արևմտյան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ․ Հովնան արք․ Տերտերյանը Հայոց Մայր Եկեղեցու ամենաբազմավաստակ, իմաստուն, նվիրյալ հոգևորականներից  է։ Իր խոսքն սպեղանի, բալասան դարձրած՝ տասնամյակներ...