Կը ներկայացնենք miasin.am-ի հարցազրոյցը Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի «Աբովեան» վարժարանի տնօրէն Կարէն Խուրշուդեանի հետ:
– Սեպտեմբեր 27-ը խախտեց ո՛չ միայն Հայաստանի ու Արցախի անդորրը, այլեւ` Սփիւռքի: Միանգամէն ինքնակազմակերպուելով` Սփիւռքը հնարաւոր բոլոր եղանակներով (քաղաքական, մարդասիրական, տեղեկատուական եւ այլն) ջանաց օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենիքին: Ձեր համայնքն այդ օրերուն որ ուղղութիւններո՞վ կ՛աշխատէր եւ ինչպէ՞ս կրցաւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:
– Պատերազմի վտանգը, որ տամոկլեան սուրի պէս արդէն 25 տարի կախուած էր մեր գլխուն, Սեպտեմբեր 27-ին կտրուեցաւ եւ «ինկաւ» Հայաստանի, Արցախի եւ համայն Սփիւռքի գլխուն: Սփիւռքը միանգամէն ինքնակազմակերպուեցաւ: Անմիջապէս զգացուեցաւ վերջին տարիներուն Հայաստանէն հեռացած հայերու ինքնաբուխ զօրաշարժը, ինչպիսին երբեք չէի տեսած: Անգամ Ֆրանսայի հեռաւոր քաղաքներուն մէջ ապրող 5-10 հայ ընտանիք կրցան քանի մը օրերու ընթացքին հաւաքել մէկ բեռնատար մարդասիրական օգնութիւն եւ 1000-1200 քմ կտրելով` հասցնել մինչեւ Մարսէլ, որպէսզի որքան հնարաւոր է արագ հասցնենք սահման, առաջնագիծ:
Այո, ինքնակազմակերպուեցան բոլորը, բոլորը դարձան զինուոր: Ինչպէս առիթով մը ըսած էի` բոլորը սահմանը չէին, սակայն բոլորը զինուոր էին:
Ֆրանսահայ համայնքն աշխատեցաւ տարբեր ուղղութիւններով: Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդն ուղղորդեց իր ողջ քաղաքական լծակները, որպէսզի տարածաշրջանի բոլոր ինքնակառավարման հաստատութիւնները, նահանգային, քաղաքային, պետական կարեւոր մարմինները` Սենատը, Ազգային ժողովը, ճանչնան Արցախի անկախութիւնը եւ անյապաղ կազմակերպեն մարդասիրական օգնութիւն դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Ամբողջ համայնքը մասնակցեցաւ մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրման աշխատանքներուն: Համայնքի շատ երիտասարդներ անդամագրուեցան, որպէսզի գան եւ զինուորագրուին Հայաստանի մէջ: Անգամ Մարսէլէն ջոկատ մը մեկնեցաւ Հայաստան:
Սփիւռքը ջանաց բոլոր ուղղութիւններով` տեղեկատուական, մարդասիրական, քաղաքական, օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենիքին, որպէսզի Հայաստանը չմեկուսացուի, օգնութիւն ստանայ: Քանի որ շատ պետութիւններ, ձեռքերը լուացին, եւ մնացին միայն Հայաստանն ու Սփիւռքը, որպէս կողք-կողքի պայքարողներ:
– Նոյեմբեր 10-ին բոլորս` թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, արթնցանք ու «բախուեցանք» իրականութեան մը հետ, որուն հետ դժուար է համակերպիլ: Այդ «իրականութիւնն» ինչպէս ընդունեց ձեր համայնքը եւ որո՞նք են այն առաջնային նպատակակէտերը, որոնց ուղղութեամբ այսուհետ պէտք է քայլեր ձեռնարկել: Եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի դերակատարումն այդ հարցով:
– Նոյեմբեր 10-ը իմ կեանքիս ամենավատթարագոյն եւ սեւ ամսաթիւն է: Ամսաթիւ, երբ հայոց 2000-ամեայ պատմութիւնը ստորագրեց իր ճակատագրական պարտութիւնը:
Ի հարկէ, շատ հեշտ է քննադատել, ինչպէս կ՛ըսէր Ճոն Ֆ. Քէնետին. «Յաղթանակը հայր ունի, իսկ պարտութիւնը որբ է»: Այո, այս որբ պարտութեան հետ հաշտուիլը, անգամ ամիսներ անց, շատ դժուար է, բայց պէտք է գլուխնիս վեր պահենք, որովհետեւ մեզի նայող սերունդներ կան, մեզի նայող նոր ծնող հայ երեխաներ կան: Պէտք է կարենանք վերադարձնել ազգային կորսնցուցած արժանապատուութիւնը, վերականգնել ազգային ինքնութեան վէմը, եւ ատոր շուրջ կառուցել նոր տաճար մը, նոր հայրենիք մը, նոր վերածնուած Հայաստան մը:
Իսկ առաջնային նպատակները բազմաթիւ են եւ բազմապիսի: Շարունակական աշխատանքներ պէտք է կիրառենք, որպէսզի Թուրքիան թաթախուի համաշխարհային պատժամիջոցներու մէջ: Քաղաքական առումով կարեւոր է, որ ճանաչուի Արցախի անկախութիւնը, իսկ հասարակական առումով պէտք է գտնենք միջոցներ` վիրաւոր զինծառայողներուն, անոնց ընտանիքներուն օգնելու համար: Կարեւոր է նաեւ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն օգնութեան տրամադրումը:
Ես կարեւոր կը համարեմ հետեւեալ մօտեցումը․ ո՛չ թէ մարդոց ձուկ տալ, այլ անոնց ուղղորդել դէպի ձկնորսութիւն` ֆինանսաւորելով ողջ ճանապարհը: Առաջնային կը համարեմ նաեւ կրթութիւնը, պէտք է գտնել միջոցներ, որպէսզի նոր ծնող սերունդն աւելի կրթուած հասարակութիւն ձեւաւորէ, եւ յետագային երկիրը տանի իր բարձրագոյն յաղթանակին: Այո, շատ աշխատանքներ կան: Բոլորս ի գործ, համատեղ ուժերով միայն կրնանք հասնիլ յաղթանակի:
– Մօտ երկու ամիս տեւած ամենօրեայ աշխատանքէ ետք Սփիւռքը` ձեր համայնքն ինչո՞վ զբաղուած է այս օրերուն:
– Երկու ամիս տեւած ամենօրեայ աշխատանքը ֆիզիքական առումով շատ ժամանակատար էր: Օր ու գիշեր հաւաքած ենք բեռով լի արկղեր, համարակալած, հաշուառած, ստուգած ամենափոքր մանրուքն անգամ:
Հայու նորօրեայ գողգոթան անցնելէ յետոյ օգտուելով առիթէն, ես իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի ամենատարբեր անկիւններու մէջ գիշեր ու ցերեկ աշխատեցան յանուն հայրենիքի, յանուն փրկութեան, յանուն յաղթանակի: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք դեռ տարիներ շարունակ պէտք է վճարեն վարկերը` գնուած թանկարժէք ապրանքներու գումարները մարելու համար: Այն կազմակերպութիւներուն, անձանց, որոնք կրցան պարէտային պայմաններու մէջ անցնիլ 100 քմ, որպէսզի իրենց ունեցած ամենալաւ, ամենավերջին իրը հասնի սահման, հայրենիք: Շնորհակալութիւն այն բժիշկներուն, որոնք գիշերուզօր մեզի հետ աշխատեցան:
Պատերազմի օրերուն Սփիւռքը զբաղուած էր մարդասիրական օգնութիւն հաւաքագրելով, ոգի տալով, տարբեր լեզուներով հրապարակումներ պատրաստելով` ֆրանսացիներուն, աշխարհին տեղեկացնելով, փորձեցինք ընել ամէն ինչ, որ հասնինք յաղթանակի․ սակայն ունեցանք այն, ինչ ունինք:
– Պատերազմի աւարտէն յետոյ կայացաւ «Ապրելու ենք» երգի անդրանիկ ելոյթը, որու խօսքերուն հեղինակը դուք էք: Ինչպէ՞ս ծնաւ երգը, ո՞րն է ըսելիքն եւ որո՞ւն ուղղուած է:
– Ասիկա իմ առաջին փորձս էր երգի բառեր գրելու, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տաղադաւոր երգահան Մարինէ Գիւլումեանին, որ պատերազմի օրերուն ոչ միայն մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրմամբ զբաղուած էր, այլեւ երգեր կը գրէր, ինչպէս ես` բանաստեղծութիւններ, որպէսզի առաւօտ կանուխ հրապարակեմ, որպէսզի ազգի ոգին չկոտրուի, որպէսզի մարդիկ չկոտրին եւ գան դէպի յաղթանակ:
Այս երգը հրապարակուեցաւ Նոյեմբեր 9-էն յետոյ: «Ապրելու ենք» բառերէն հասկնալի է, որ յոյս կու տայ, նոր կորով, որպէսզի հայ ժողովուրդը հաւատայ իր ուժերուն, իր կամքին, որ գայ դէպի յաղթանակ, որովհետեւ մեր յաղթանակը դեռ առջեւն է: Հարկաւոր չէ ընկճուիլ, դեռ պիտի ըսենք մեր ըսելիքը:
Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր երգիչներուն: Ինծի համար շատ գեղեցիկ փորձառութիւն էր, որուն համար շատ ուրախ եմ: Փորձենք յետագային եւս համագործակցիլ Մարինէի հետ:
– Դուք նաեւ կը ղեկավարէք Մարսէլի «Աբովեան» վարժարանը, որուն ամենակարեւոր առաքելութիւններէն են հայապահպանութիւնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը: Ձեր կարծիքով Արցախեան նորօրեայ պատերազմէն ետք կրթական ասպարէզին մէջ արդեօք ընելիքները վերանայելու խնդիր ունի՞նք: Եթէ այո, ապա ի՞նչ ուղղութիւններով:
– «Աբովեան» վարժարանը հայապահպանութեան, վաղուայ հայու կերտման օրրան է, ուր կը փորձենք հայեցի դաստիարակել մեր երեխաները, սորվեցնել հայկական բառն ու բանը, անոնց պահել մեր եկեղեցւոյ գիրկը, պահել հայրենիքի մօտ, պահել հայկական համայնքի մէջ, որպէսզի իրար հետ ծանօթանան, մեծնան միասին: Եւ այդ ամէնը կատարեն արուեստներու միջոցով` երգ, նկարչութիւն, ճատրակ, դաշնամուր, պար:
Կարեւոր են նաեւ շփումները, որպէսզի երեխաները իրար հետ հաղորդակցուելով` իրար փոխանցեն իրենց ընտանիքներու սէրն ու ջերմութիւնը:
Չէ՞ որ այդ փոքրիկները վաղուան մեր մայր տաճարի ղօղանջներն են: Ամէն երեխայի ձայնի, ուրախութեան, անգամ փոքրիկ չարաճճիութիւններու մէջ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս տասնեակ տարիներ յետոյ ղօղանջելու է մեր մայր տաճարը: Իսկ որպէսզի տաճարը ղօղանջէ, պէտք է այսօր մեր առաքելութիւնը, մեր վարդապետութիւնն ուղղենք դէպի հայապահպանութիւն, հայերէնի դասաւանդում, հայկական երգի, արուեստի նկատմամբ սէր եւ կիրառում: Քանզի սիրել հայերէնն առանց կիրառելու, առանց օգտագործելու հայերէն լեզուն, ոսկեղինիկ մայրենին, կը նշանակէ ուծացում:
Մեծ ծրագիրի մը վրայ կ՛աշխատինք, առայժմ չեմ ուզեր փակագիծերը բանալ: Յոյսով ենք` 2021-22 թուականներուն կ’իրականանայ, եւ կը կարենանք բարձրաձայնել այդ մասին:
Վարժարանէն ներս մենք չենք սահմանափակուիր միայն շաբաթը երկու անգամ ուսուցում կազմակերպելով: Պէտք է այլ ուղղութիւններով աշխատիլ, որպէսզի այն բոլոր խնդիրները, որոնք ունինք այսօր, փորձենք լուծել:
Երանի չունենանք կրկին արտագաղթ, երանի այլեւս Հայաստանէն ոեւէ մէկը չգայ Ֆրանսա, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր աշակերտ ընդունելով, սիրտս կը պատռուի (թէեւ որպէս դպրոցի տնօրէն պէտք չէ բարձրաձայնեմ այդ մասին): Քանի որ կը հասկնամ, որ ընտանիք մը եւս, երեխայ մը եւս, վաղուայ Հայկ մը, Սասունցի Դաւիթ մը պոկուեցաւ հայրենիքէն: Ասիկա է, որ ինծի կը դառնացնէ, սակայն պիտի փորձենք ընել ամէն ինչ, որպէսզի այդ Հայկերը, Վարդանները, Դաւիթները, որոնք կը ծնին, կ՛ապրին, կը մեծնան Ֆրանսայի մէջ, կ՛ըլլան նոյնքան նուիրուած հայրենիքին, ինչպէս սահմանին կանգնած սահմանապահն ու Երեւանի, Հայաստանի մէջ ապրող իմ սիրելի հայրենակիցները:
– Պատերազմի օրերուն անգամ մը եւս փաստեցինք, որ սփիւռքը զօրեղ ուժ է` պատրաստ միշտ կանգնելու հայրենիքի կողքին: Ինչպէս կը պատկերացնէք Հայաստա՞ն–Սփիւռք յետագայ յարաբերութիւնները: Որո՞նք պէտք է ըլլան այն առաջնային հանգրուանները, որոնց շուրջ պէտք է զարգանան այդ յարաբերութիւնները` փոխադարձաբար:
– Հայ ժողովուրդը չունի քարիւղ, ոսկիի հանքեր, որոնց եկամուտը անմիջականօրէն կը լեցուի Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէ, բայց հայ ժողովուրդն ունի Սփիւռք: Ասիկա ամենակարեւորն է, որ պէտք է արձանագրենք: Սփիւռքը մեծ, զօրեղ ուժ է: Անգամ ֆրանսախօս հայերը, որոնք կը մտածէինք, որ կտրուած են հայրենիքէն, պատերազմի օրերուն արցունքն աչքերնուն իրենց ընտանիքներուն հետ ըրին հնարաւոր ամէն ինչ` օգնելու հայրենիքին:
Դարձեալ կ՛ուզեմ կրկնել, որ 16 տարիներուն ընթացքին, որ կ՛ապրիմ Ֆրանսա, երբեք չէի տեսած նման համախմբում եւ զօրաշարժ: Նման բան ես իմ կեանքիս մէջ առաջին անգամ կը տեսնեմ: Աւագ սերունդը կ՛ըսէ, որ նմանօրինակ համախմբում եղած է նաեւ հեռաւոր 1988 թուականին` դեկտեմբերեան երկրաշարժէն յետոյ:
Հետեւաբար, Սփիւռքը հարկաւոր է պահել աչքի լոյսի պէս: Աչքի լոյսի պէս պահելու համար անհրաժեշտ է Սփիւռքը ներգրաւուել Հայաստանի ներքին կեանքին, պէտք է ընտրել Սփիւռքէն առաջնորդներ, որոնք կը համախմբեն իրենց շուրջ մարդոց, եւ մասնակից կը դարձնեն հայրենիքի կառուցման գործին:
Պէտք է հաշուի նստիլ Սփիւռքի հետ, հաշուի նստիլ ոչ թէ որոշումները կայացնելէ յետոյ, այլ ընթացքին: Հարկաւոր է, որ Սփիւռքը եւս մասնակցի հայրենիքի կառուցման գործին:
Մենք ո՛չ մէկ պետութեան վրայ յոյս դնել կրնանք, բայց կրնանք ապաւինիլ Հայկական սփիւռքին: Մեր առաջնային հանգրուանը, որմէ պէտք է զօրանան մեր յարաբերութիւնները փոխադարձաբար, վստահութեան վերականգնումն է, Սփիւռքի հետ նորովի յարաբերութիւններու ստեղծումը: Վստահ եմ, որ մենք կը կարենանք յաղթահարել ներկայ մարտահրաւէրները եւ ինչպէս միշտ եղած է, կը մնանք Հայաստան-Սփիւռք սերտացած ամբողջութիւն` յանուն վաղուայ փառաւոր հայրենիքի:








