Առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ հանդէս եկան թեմապատկան «Երիտասարդաց Ձայն» մանկապատանեկան երգչախումբը։
Այս մասին miasin.am-ը կը տեղեկանայ Պրազիլի Հայոց Թեմի ֆէյսպուքեան էջէն:
Հոկտեմբերեան վերջին համերգէն յետոյ պատրաստուիլ այս նոր միջոցառմանը փոքրիկներու համար ժամանակային առումով իսկապէս դժուար էր, բայց սրբազան հօր մեծածաւալ աշխատանքի արդիւնքով եւ ինչպէս նաև երեխաներու նուիրուածութեան շնորհիւ գերազանց կերպով ի կատար ածուեցաւ այս նպատակն ու ցանկութիւնը։ Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ Հայ Ազգային Դուրեան Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի եւ «Երիտասարդաց Ձայն» մանկապատանեկան երգչախումբի դաշնակահար՝ Տաթեւիկ Միքայէլեան Եկիներեանին։
Բազմաթիւ հաւատացեալներ, ինչպէս նաև հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց ներկայութիւնը ապահովեցին հոգեշունչ այս հանդէսին։ Սաները ներկաներուն իւրաքանչիւր երգէն յետոյ աւետարանէ դուրս բերուած փոքրիկ-փոքրիկ հատուածներով պատմեցին մեր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան դրուագը՝ փորձելով բոլորին փոխանցել տօնի խորհուրդն ու նշանակութիւնը։ Երգացանկը կ՚ընգրկէր հայ հոգևոր եւ ազգային, ինչպէս նաև եւրոպական աւանդական սուրբ ծննդեան երգերով։ Անդրադարձ կարարուեցաւ նաև Սուրբ Ծնունդը յունուար 6-ին տօնելու կարևորութիւնը, որն այսօր օտարութեան մէջ ապրող հայկական համայնքերուն շփոթմունքի կ՚արժանանայ։
Սրբազան Հայրը իր գոհունակութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ շեշտելով, թէ հայկական համայնքներուն մէջ որքան կարևոր են նման միջոցառումներու կատարումը, քանի որ բոլորիս մէջ այն կը զօրացնէ եւ կ՚ամրապնդէ հայկականը՝ աւելի մօտ պահելով Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյն։ Միջոցառման կազմակերպման աշխատանքին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերեցին Պրազիլի Հայոց Թեմի Ներկայացուցչական խորհուրդի նախագահ տիար Անտրէ Քիսաճիկեանն եւ անոր տիկին Վալերիա Պուրմայան-Քիսաճիկեանը։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Վարչության ատենապետ տօքթ. Տիգրան Քիւլցեանն ու անոր տիկին Քրիստինա Քալայճեան-Քիւլցեանը։
Տիար Յակոբ եւ Ռեժինա Կերեքմեզեանները։
Տիկին Հելենա Տիսչեքենեանը։
Տիար Թադէոս Քասապեանը։
Տիար Գրիգոր Չերքեզեանը։
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը











