Կը ներկայացնենք miasin.am-ի հարցազրոյցը Հաագայի հոլանտահայ «Աբովեան» մշակութային միութեան վարչութեան եւ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութեան (FAON) նախագահ Մաթօ Հախուերտեանի հետ:

– Պատերազմի օրերուն Սփիւռքը միանգամէն ինքնակազմակերպուեցաւ ու հնարաւոր բոլոր եղանակներով (քաղաքական, մարդասիրական, տեղեկատուական եւ այլն) ջանաց օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենիքին. Ձեր համայնքը/կառոյցը այդ օրերուն ո՞ր ուղղութիւններով կ՛աշխատէր եւ ինչպէ՞ս կարողացաւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:

– Նախ ըսեմ, որ ինքնակազմակերպման առումով, ատիկա հնարաւոր էր միայն մարդասիրական, դրամահաւաքի ասպարէզին մէջ: Աւելի դժուար են քաղաքական եւ տեղեկատուական բնագաւառները, որոնց համար հարկաւոր է տարիներու մեծ փորձ, փոխադարձ կապեր եւ կազմակերպուած եւ բանիմաց աշխատանք:

Պատերազմի օրերուն կատարուած աշխատանքներու մասին ես կրնամ խօսիլ միայն Նիտըրլանտներու եւ քիչ մըն ալ Պելճիգայի հայերու մասին: Պատերազմի առաջին օրն իսկ, երբ ես մտայ Հաագայի «Աբովեան» մշակութային միութեան կեդրոն, այնտեղ հաւաքուած էին սովորականէն աւելի շատ հայեր, բոլորն ալ անհանգիստ, մտահոգուած եւ պատրաստակամ ինչ-որ բանով օգտակար ըլլալու հայրենիքին: Եղան բազմաթիւ առաջարկներ, որոշուեցաւ կազմակերպել հաւաքներ եւ մասնակցիլ տարբեր ցոյցերու:

Թէ՛ «Աբովեան» միութիւնը եւ թէ՛ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութիւնը (FAON) լծուեցան աշխատանքի` հոլանտահայ այլ կազմակերպութիւններու հետ միասին կազմակերպելով հանրահաւաքներ, ցոյցեր, Նիտըրլանտներու խորհրդարանին ներկայացնելով հանրագիր` ղարաբաղեան հիմնահարցի եւ ատրպէյճանա-թրքական յարձակումներու վերաբերեալ: Հոլանտահայ կազմակերպութիւններն աշխուժօրէն մասնակցեցան Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի հայութեան ցոյցին:

Պատերազմի ընթացքին «Աբովեան» միութեան եւ հոլանտահայ այլ կառոյցներու անդամները միասնաբար ամէն օր լուռ հերթապահութեան կարգով ցոյց կազմակերպեցին Հաագայի մէջ Նիտըրլանտներու խորհրդարանի մուտքին մօտ: Անոնք կը կրէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ եւ պաստառներ` պահանջելով դադրեցնել ատրպէյճանական յարձակումները Արցախի դէմ, ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտել պատերազմական յանցագործութիւնները: Անոնք շարունակաբար կը խօսէին հոլանտացի պատգամաւորներու, նախարարներու, վարչապետի, լրագրողներու եւ ուրիշ մարդոց հետ` տեղեկացնելով Արցախի հիմնահարցի եւ պատերազմական իրավիճակի մասին:

FAON-ն համագործակցելով ՀՀ դեսպանութեան հետ, բուռն աշխատանք ծաւալեց դիմելով նիտըրլանտական իշխանութիւններուն եւ յատկապէս` խորհրդարանի պատգամաւորներուն` անոնց իրազեկելով ատրպէյճանա-թրքական դաժանութիւններու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու մասին: FAON-ը յաջողեցաւ կազմակերպել խորհրդարանական ունկնդրումներ Նիտըրլանտներու մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի մասնակցութեամբ (հեռավար): Այդ աշխատանքներու շնորհիւ, Նիտըրլանտներու խորհրդարանը ընդունեց  շարք մը բանաձեւեր` առաջարկելով կառավարութեան պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի նախագահի եւ անոր ընտանիքի անդամներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատերազմական յանցագործութիւններ իրագործած պատասխանատուներու նկատմամբ:

Մարդասիրական օգնութիւնը եւ դրամահաւաքը թէ՛ Նիտըրլանտներու եւ թէ՛ Պելճիգայի մէջ ինքնակազմակերպուեցաւ շատ արագ եւ հաւաքուած գումարներու հիմնական մասը փոխանցուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Նիտըրլանտներու մասնաճիւղին: Հաւաքուեցաւ եւ Հայաստան ուղարկուեցաւ դեղորայք, բժշկական սարքեր, հագուստ, բանակի համար որոշ պարագաներ եւ այլն: Տեղի ունեցան նաեւ ինքնաբուխ ձեռնարկներ, ինչպէս օրինակ` քանի մը ժամով դէպի Պելճիգա տանող մայրուղիներու փակումը:

– Այսօր, դժբախտաբար, իրականութիւն մը ունինք, որուն հետ դժուար է համակերպուիլ: Որո՞նք են այն առաջնային նպատակակէտերը, որոնց ուղղութեամբ պէտք է քայլեր ձեռնարկել: Եւ որը՞ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի դերակատարումն այդ հարցին մէջ:

– Ինչպէս Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութեան յայտարարութեան մէջ  նշուած է` այս դժուարին պահին հարկաւոր է երկրին մէջ պահպանել կարգ ու կանոն` համաձայն ՀՀ սահմանադրութեան եւ օրէնքներու, եւ ցուցաբերել միասնականութիւն, համերաշխութիւն եւ համախմբուածութիւն հանրապետութեան հրատապ հարցերուն գոհացուցիչ լուծումներ տալու համար:

Մեզի համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին ռազմագերիներու եւ զոհերու դիերու փոխանակումը, վիրաւորուած զինծառայողներու բուժօգնութիւնը, զոհուածներու ընտանիքներու խնամքը, Արցախէն տեղահան եղած ընտանիքներուն մարդասիրական օժանդակութեան ցուցաբերումը եւ այլն:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութիւնը ՀՀ դեսպանութեան հետ համատեղ կ՛աշխատի, որպէսզի Նիտըրլանտներու խորհրդարանը բանաձեւ ընդունի Արցախի ճանաչման եւ Հայաստանին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու առաջարկներով: Սփիւռքը կրնայ բացի մարդասիրական եւ մասնագիտական օգնութենէն, աշխատիլ զանազան երկիրներու իշխանութիւններու եւ արդիւնաբերական հիմնարկներու հետ` յօգուտ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն:

– Նշեցիք, որ Ատրպէյճան գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ զոհերու դիերու փոխանակումը Ձեզի համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին: Կառոյցը ի՞նչ քայլեր  կը ձեռնարկէ՞ այս ուղղութեամբ:

– Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութեան յատուկ յանձնախումբ մը  կը զբաղի ռազմագերիներու հարցով: Ցաւօք, այդ հարցի լուծումը կախուած է միջազգային կառոյցներէն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութենէ: Մենք կը փորձենք Կարմիր Խաչի հոլանտական գրասենեակի միջազգային բաժինի միջոցով ազդել, որպէսզի հարցը լուծուի հնարաւորինս շուտ:

Մենք անոնց  ներկայացուցած ենք ՀՀ եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու զեկոյցները եւ Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու խոշտանգումներուն վերաբերող նիւթեր: Մենք հետեւողականօրէն հոլանտացի պատգամաւորներուն կը ներկայացնենք ռազմագերիներու մասին տեղեկութիւն եւ կը փորձենք անոնց միջոցով ազդել գերիներու անյապաղ փոխանակման գործընթացին վրայ:

Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ HRW եւ Amnesty International կազմակերպութիւններու հոլանտական մասնաճիւղերուն հետ այդ ուղղութեամբ:

– Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութիւնը (FAON) հայց ներկայացուցած է ընկերային ցանցերու թուրք-ատրպէյճանական օգտատէրերու եւ «Գորշ գայլեր»-ու դէմ հայերու նկատմամբ համացանցի վրայ  շարք մը վիրաւորական եւ ատելութեան խօսքի, խտրականութեան եւ բռնութեան կոչերու կապակցութեամբ: Ին՞չ փուլի մէջ է դատական գործն ու ի՞նչ սպասելիքներ ունիք:

– Ընկերային ցանցերու վրայ թուրքերու եւ ատրպէճանցիներու հակահայ գրառումները թափ առին հայ-ատրպէյճանական յուլիսեան բախումներու ժամանակ եւ աւելի ծայրայեղ բնոյթ ստացան սեպտեմբեր 27-ի` Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ընթացքին: Ի շարս այլոց, հայերու հասցէին վիրաւորական եւ ատելութեան գրառումներ  կատարած է «Թուրք-ատրպէյճանական մշակութային միութեան» նախագահ Իլհամ Աշկինը, որուն հոլանտական դատարանը դատապարտած է հայերու նկատմամբ բռնութիւն հրահրելու մեղադրանքով:

Այս նոր հայցը Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութիւնը ներկայացուցած է հոլանտական իրաւական մարմիններուն նոյեմբեր 27-ին: Եթէ դատախազութիւնը ներկայացուած փաստերը բաւարար համարէ դատ բանալու համար, կը սկսի դատական գործը եւ այս անգամ եւս հաւանաբար պարոն Աշկինը կը յայտնուի դատարանի առջեւ եւ կը պատժուի որպէս կրկնայանցագործ (ռեցիդիվիստ):

– Պատերազմի օրերուն  անգամ մը եւս փաստեցինք, որ Սփիւռքը զօրեղ ուժ է, մեր ամենամեծ հարստութիւնը` պատրաստ է միշտ կանգնելու հայրենիքի կողքին: Այսօր ունինք նոր մարտահրաւէրներ. ինչպիսի՞ն կը պատկերացնէք Հայաստան-Սփիւռք յետագայ յարաբերութիւնները: Որո՞նք պէտք է ըլլան այն առաջնային հանգրուանները, որոնց շուրջ պէտք է զարգանան այդ յարաբերութիւնները` փոխադարձաբար:

– Ինչպէս յայտնի է, Հայկական սփիւռքը բազմաշերտ է եւ բազմաբղետ: Առ այսօր չկան հաւաստի վիճակագրական եւ թարմացուող մարդահամարի տուեալներ: Ատոնց բացակայութեան պայմաններուն հնարաւոր չէ լիարժէք խօսիլ Սփիւռքի առարկայական ներուժի մասին: Առհասարակ, մեծ աղէտներու ժամանակ մարդիկ կը համախմբուին եւ պատրաստ են աննախադէպ զոհողութիւններ ընելու: Օրինակ` ատիկա տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի, Սումգայիթի եւ ատրպէյճանական այլ քաղաքներու ջարդերու ժամանակ:

Պատերազմի արհաւիրքը համախմբեց մեծ թիւով հայերու, որոնք ոչ միայն պատրաստ էին նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին, այլ փորձեցին միջոցներ գտնել Հայոց բանակին օգնելու համար: Պէտք չէ մոռնալ, որ վերջին տասնամեակներուն արմատապէս փոխուած է սփիւռքահայութեան կազմը: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, դասական կամ «հին» սփիւռքահայութիւնը համալրուած է հիմնականին մէջ Հայաստանէն արտագաղթած հայութեամբ:

Կը փոխուին նաեւ սփիւռքահայ կառոյցներու աշխատանքներու բնոյթը եւ նախասիրութիւնները: Հայաստանէն արտագաղթած հայերէն շատերը ներգրաւուած չեն գոյութիւն ունեցող հայկական կրթական, մշակութային եւ հասարակական կառոյցներուն մէջ, սակայն անոնք կը փորձեն ստեղծել նոր, հիմնականին մէջ բարեգործական կազմակերպութիւններ:

Վերջին պատերազմի ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթած հայերը չափազանց աշխուժացան,  «ինքնակազմակերպուեցան» եւ կատարեցին հիմնական մեծ նուիրատուութիւններ համահայկական հիմնադրամի տեղական մասնաճիւղին: Անոնցմէ շատերն արդէն իսկ սկսած են հեռանալ հայկական համայնքային կեանքէն:

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացումը կախուած է առաջին հերթին Հայաստանէն: Միայն Հայաստանը կրնայ համախմբել աշխարհասփիւռ հայերը, ներգրաւել անոնց հայրենաշէն աշխատանքներու մէջ: Ատիկա կը  նշանակէ, որ Հայաստանը նախ եւ առաջ պէտք է քարտէզագրէ տարբեր երկիրներ ապրող հայերուն, մարդահամար իրականացնէ, որպէսզի կարենայ ճիշդ պատկերացում կազմել տարբեր համայնքներու հայութեան մասին եւ կարենայ համապատասխան փոխադարձ յարաբերութիւններ զարգացնել: Այդպիսով, ամուր եւ իրատեսական հիմքերու վրայ կը դրուին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները: Ատիկա կը պահանջէ լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք:

Այդ գործին կը նպաստէ Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական արդար համակարգը, ժողովրդավար կառավարութիւնը եւ հոգատար իշխանութիւնը: Արտերկիր ապրող հայերը պէտք է զգան, որ իրենք մաս կը կազմեն հայկական մեծ ընտանիքին, եւ իրենց առօրեան ինչ-որ կերպ կը նպաստէ հայրենիքի բարգաւաճման: Վերջին հաշուով հայութեան գոյատեւման առհաւատչեան եւ ապահով հանգրուանը Հայաստան աշխարհն է:

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here