Կը ներկայացնենք miasin.am-ի հարցազրոյցը Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդի Մարդասիրական Յանձնախումբի համակարգող անդամ Խորէն Մարդոյեանի հետ:
– Պատերազմի օրերուն Սփիւռքը միանգամէն ինքնակազմակերպուեցաւ ու հնարաւոր բոլոր եղանակներով (քաղաքական, մարդասիրական, տեղեկատուական եւ այլն) ջանաց օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենիքին. գանատահայ համայնքն ո՞ր ուղղութիւններով այդ օրերուն կ՛աշխատէր եւ ինչպէ՞ս կարողացաւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին եւ Արցախին:
– Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Գանատայի հայ համայնքը նոյնպէս անմասն չմնաց Հայաստանին եւ Արցախին ֆինանսական եւ մարդասիրական օժանդակութեան հարցով: Պատերազմի առաջին իսկ օրուընէ Թորոնթոյի մէջ շատ արագ ձեւաւորուեցաւ Օնթարիոյ Նահանգի Միացեալ Մարմինը, որու տանիքին տակ միաբանուեցան համայնքէն ներս գործող բոլոր հայկական կառոյցներն ու անմիջապէս անցան գործի: Նշեմ, որ այդ ժամանակահատուածին շատ սերտօրէն համագործակցած ենք Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ, որ մեզի տրամադրած էր այն ապրանքներու ցուցակները, որոնք առաջնահերթ եւ շտապ պէտք էր ուղարկել Հայաստան ու Արցախ: Այդ օրերուն բոլորս կը ջանայինք, որպէսզի կարենանք Հայաստան ուղարկել այն ամէնը, որուն կարիքն ունէին Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցները:
Աշխատանքները մեկնարկեցին պատերազմի սկսելէն երեք օր յետոյ, դեռ կը շարունակուին եւ պիտի շարունակուին, քանի դեռ կարիքը կայ: Պէտք է արժանին մատուցենք Օնթարիոյ նահանգին մէջ գործող գանատահայ կառոյցներուն` իրենց անձնուրաց եւ նուիրական աշխատանքին համար: Այդ օրերուն իւրաքանչիւր հայորդի դարձաւ Հայոց բանակի թիկունքն ամուր պահող զինուոր:
– Այսօր, դժբախտաբար, ունինք իրականութիւն մը, որուն հետ դժուար է համակերպիլ: Այնուամենայնիւ, ինչպէ՞ս հնարաւոր է, կամ ի՞նչ պէտք է ընել յաղթահարելու այս իրավիճակն ու գտնելու այն ուղիները, որոնք մեզի կ’օգնեն առաջ շարժելու:
– Ստեղծուած իրավիճակը դժուար համակերպելի չէ, իրավիճակն անհամակերպելի է: Այդտեղէն դուրս գալու համար անյապաղ պէտք է հեռանայ գործող իշխանութիւնը, պէտք է ձեւաւորուի ժամանակաւոր ճգնաժամային կառավարութիւն, այնուհետեւ պէտք է տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւններ: Ընդ որում, պէտք է բացառել ժամանակաւոր կառավարութեան` ընտրութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութիւնը:
Իսկ առաջ շարժելուն կ’օգնէ միայն արհեստավարժներու բանակը, որն անշահախնդրօրէն կը լծուի ծանրաբեռ աշխատանքի` ունենալով Սփիւռքի եւ Հայաստանի անմնացորդ աջակցութիւնը:
– Ինչպիսի՞ չափանիշներու պէտք է համապատասխանեն պետութեան համար պատասխանատուները, որպէսզի կարենան երաշխաւորել վերը նշուած խնդիրներու լուծումները:
– Սա թերեւս ամենայաճախ հնչող եւ կարեւոր հարցադրումն է: Նախ` պէտք է ըլլան ինքնուրոյն, հաւասարակշռուած, լրջախոհ, ազդեցութեան տակ չինկող, սառնասիրտ, ներսէն կամ դուրսէն չկառավարուող, փորձառու, հայրենասէր եւ արհեստավարժ: Առաջին հերթին այնպիսի գործիչներ պէտք են, որոնց համար Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը, ազգային արժէքները բացարձակ առաջնահերթութիւններ են, որոնք համարձակութիւն կ’ունենան այս աղէտէն յետոյ վերցնելու այդ ահռելի պատասխանատուութիւնը:
Գործիչներ, որոնք ի զօրու են ազգային ու պետական հարցերու մէջ մեր ռազմավարական դաշնակցին, այո’, մեր ժողովուրդի փաստացի միակ դաշնակից մնացած Ռուսաստանին, առանձին հարցերու մէջ, հիմնաւորուած եւ համոզիչ Ո’չ ըսելու, ընդունակ են աւանդական գործընկեր բոլոր երկիրներու հետ աշխոյժ համագործակցութեան քաղաքականութիւն իրականացնելու:
Փորձառու, եռանդուն, ամուր, կամային ու վճռական ղեկավարներ պէտք են ռազմաքաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական, տնտեսական, սոցիալական եւ միւս ոլորտներուն մէջ առկայ անհաշուելի խնդիրները լուծելու կամ գոնէ լուծման իրատեսական տեսլական առաջարկելու համար:
Մեզ պէտք է ղեկավար, որուն չեն ծաղրեր ո՛չ մէկ երկրի մէջ, որ այս օրերուն հարեւան երկիրներուն մէջ կը պատահի: Վերջերս ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի տեսարաններու, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հեռուստատեսութեամբ եւ ընկերային ցանցերու մէջ տարբեր առիթներով ծաղրի կ՛ենթարկեն Փաշինեանին: Ամէն ինչ հասած է նոյնիսկ այն բանին, որ Ատրպէյճանի մէջ Փաշինեանը կ՛ուզեն հռչակել տարուայ մարդ: Իսկ Փաշինեանը որեւէ ձեւով չի հակադարձեր Ալիեւի եւ Էրտողանի յայտարարութիւններուն:
Ես` որպէս դուրսը ապրող հայ, խորը ցաւ կ՛ապրիմ, տեսնելով, թէ ինչպէս թշնամի պետութեան ղեկավարը կը ծաղրէ պետութիւնս ներկայացնողը: Ինծի պէս շատ-շատերը նոյն մտքին են, կը հաւատացնեմ Ձեզի, ճիշդ ասիկա ՛ է այն ամօթը, որ պատած է մեզի բոլորիս` թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Քանի դեռ Արցախը, Շուշին «դժգոյն եւ դժբախտ» համարած հայատեաց դասալիքը հրաժարական չէ տուած վարչապետի պաշտօնէն, մենք ամէն Աստուծոյ օր, այդ ամօթը մեր ուսերուն պէտք է արթննանք:
Հայատեաց դասալիքը, Ալիեւին ու Էրտողանին երբեք եւ որեւէ պարագայի չի հակադարձեր, ինչո՞ւ: Իմ կարծիքովս եւ ենթադրութեամբ կայ երեք տարբերակ.
առաջին` ամենայն հաւանականութեամբ կաշառուած է եւ կը սարսափի, որ Ալիեւը կը բացայայտէ այն եւ կապացուցէ,
երկրորդ` երկար տարիներ աշխատած է թրքական իշխանութիւններուն համար եւ կը սարսափի, որ թուրքերը կրնան հրապարակել իրենց մօտ առկայ բոլոր ապացոյցները,
երրորդ` Արցախի Հանրապետութիւնը դասալիքի եւ իր քաղաքական խումբին համար, ինչպէս անցեալին իր քաղաքական հոգեհայրը կ՛ըսէր յայտնի հեռուստաեթերի ժամանակ. «թէ տղայ էք, պահէք», դարձաւ բեռ, որմէ պէտք էր ձերբազատուիլ: Վերջին երկուք ու կէս տարուան ընթացքին ան ըրաւ ամէն բան Արցախէն ձերբազատուելու համար: Այստեղէն ենթադրութիւն, ան թրքասէր եւ օտարերկրեայ գործակալ է, սակայն «ծառայած է իր ազգին»:
Երրորդ տարբերակի պարագային, ի հարկէ, պէտք է պատժել օրէնքի ողջ խստութեամբ, բայց ներքուստ կարելի է յարգել` «ծառայած է իր ազգին»…
ատել, պատժել, բայց` յարգել…
– Քաղաքական հարցերէն բացի, ունինք լուծում պահանջող շատ խնդիրներ (անօթեւան մնացած հայրենակիցներ, վիրաւոր եւ անհետ կորած զինուորներ, զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներ եւ այլն), գանատահայ համայնքն ինչպէ՞ս կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանին եւ Արցախին:
– Ինչպէս արդէն նշեցի, գանատահայ համայնքը պիտի շարունակէ իր անվերապահ աջակցութիւնը ցուցաբերել Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, զոհուած զինծառայողներու, ինչպէս նաեւ վիրաւոր եւ անհետ կորած զինուորներու ընտանիքներուն: Օգնութեան ծրագիրները պիտի ըլլան շարունակական, բազմաբնոյթ եւ տեւական:
Այսօր, դժբախտաբար, չունեցանք այն յաղթական ելքը, որ կ՛ակնկալէր աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Ցաւալի էր, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ պատերազմի առաջին օրէն, ուղիղ 44 օր բոլորիս պահած են տեղեկատուական սուտի եւ կեղծիքի մէջ: Օր օրի համոզելով եւ պնդելով, թէ «յաղթելուն ենք», սակայն պատերազմի աւարտին ստացանք անձնատուութեան պայմանագիր, ստորագրուած դժգոյն եւ դժբախտ վարչապետ կոչեցեալին կողմէն:
Բոլորս ալ` Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ կը գիտակցինք, որ մեր պայքարն աւարտուած չէ, թուրքն իր հայակործան ծրագիրէն չի հրաժարիր եւ նպատակ ալ չունի հրաժարելու: Այսօր, առաւել քան երբեք, պարտաւոր ենք միասնական ըլլալ, իրար սատարել, որպէսզի չկորսնցնենք այն հայրենիքը, որ ունինք այսօր:
– Պատերազմի օրերուն անգամ մը եւս փաստեցինք, որ Սփիւռքը զօրեղ ուժ է` պատրաստ միշտ կանգնելու հայրենիքի կողքին: Ինչպիսի՞ն կը պատկերացնէք Հայաստան-Սփիւռք յետագայ յարաբերութիւնները: Որո՞նք պէտք է ըլլան այն առաջնային հանգրուանները, որոնց շուրջ պէտք է զարգանան այդ յարաբերութիւնները:
– Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերաբերեալ կարելի է անվերջ խօսիլ: Այսօրուան արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ, այդ յարաբերութիւններն անընդհատ վերագնահատման եւ վերանայման կարիքը ունին:
2019 թուականի յունուար-փետրուար ամիսներուն, այսպէս կոչուած թաւշեայ իշխանութիւնը, որոշում կայացուց փակելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, որ կը հանդիսանար Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման հիմնական շարժիչ ուժը: Կրնանք արձանագրել, որ հէնց այդ պահէն ալ կոտրուեցաւ մեր հայրենիքի հզօր թիկունքի բնականոն աշխատանքը, որ տասնամեակներ շարունակ կ՛աշխատէր եւ կը համագործակցէր Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կառոյցներուն հետ, կը մշակէր համատեղ ծրագիրներ` ի բարօրութիւն մեր երկրի զարգացման ու պետականութեան ամրապնդման:
Ի հարկէ, Սփիւռքի հետ ունեցած յարաբերութիւնները միշտ չէ, որ անթերի եղած են:
Հայաստանի գալիք իշխանութիւնը պէտք է խորութեամբ վերանայի Սփիւռքի հետ իր ապագայ ընելիքները, քանզի ներկայիս Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններն ամենալաւ տեղը չեն, եւ ասոր միակ պատասխանատուն այսօրուայ իշխանութիւններն են, ի դէմս Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ու վերջինիս որդեգրած աշխատանքային գործունէութեան:
Ասիկա իր բացասական ազդեցութիւնն ունեցաւ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման վրայ եւ ամէն ինչ հասաւ անոր, որ վերջերս յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավարը յայտարարեց, որ պատերազմէն յետոյ խոր անջրպետ կայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ:
Լաւ, մարդ որքա՞ն պէտք է անտեղեակ ըլլայ Սփիւռքէն, որ Սփիւռքի մէջ երկար տարիներ աշխատած եւ ապրած ըլլալով հանդերձ, նման միտք արտայայտէ: Ինչպէս առիթով մը նշած էի, անգամ մը եւս կը կրկնեմ հետեւեալը` Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ անջրպետ չկայ, չէ եղած եւ Չըլլար․․․ Անջրպետը` ներկայիս վարչախումբի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ է:
Ժամ առաջ պէտք է վերականգնել Սփիւռքի նախարարութիւնն իր բոլոր վարչութիւններով եւ բաժիններով, որպէսզի կապը աշխարհասփիւռ հայութեան հետ ըլլայ պետական մակարդակի վրայ, այլ ոչ թէ` ինչ-որ գրասենեակի: Համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններ իրականացնելէ յետոյ, կ՛առաջարկեմ, որ նախարարութեան մէջ աշխատանքի հրաւիրուին Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններէն, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն, իրենց համայնքներուն մէջ բարձր հեղինակութիւն վայելող մեր հայրենակիցները, որոնք իրենց հերթին վստահութեան կամուրջ կրնան հանդիսանալ եւ նպաստել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման:
Այն նաեւ վերահսկողութիւն պէտք է սահմանէ, որպէսզի Սփիւռքէն ուղարկուած ֆինանսական օգնութիւնները նպատակային ձեւով ծախսուին, այլ ոչ թէ, ինչպէս վերջերս ականատես եղանք, երբ հայրենի կառավարութիւնը, Սփիւռքին առանց որեւէ հաշուետուութիւն ներկայացնելու, կառավարութեան ղեկավար մարմիններու որոշմամբ, պատերազմի ժամանակ բարեգործական ծրագիրներու համար ուղղուած գումարները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն փոխանցէ ՀՀ պետական պիւտճէ:
Եւ այսքանէն ետք, դեռ խօսելու ենք վստահութեան մասին, քաւ լիցի …
Ժամանակն է, որ Սփիւռքը լիարժէք մասնակցի Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, տարբեր բնագաւառներու մէջ իր ունեցած հարուստ փորձով եւ հմուտ մասնագէտներու ներգրաւմամբ: Չի կարելի Սփիւռքին նայիլ միայն որպէս ֆինանսաւորման աղբիւրի` հայրենիքի մէջ այս կամ այն ծրագիրներու իրականացման համար:
Անհրաժեշտ են համապատասխան սահմանադրական փոփոխութիւններ, որպէսզի Սփիւռքն իր ուրոյն ներկայութիւնն ունենայ հայրենիքի զարգացման գործին մէջ: Անհրաժեշտ է ունենալ հաւատարմագրուած եւ ՀՀ օրէնքով լիազօրուած ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց հերթին հաշուետու կ՛ըլլան եւ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, եւ՛ Սփիւռքին` այս կամ այն ծրագիրի իրականացման համար:
Հասկնալի է, որ այս ամէնն իրագործելու եւ կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ են օրէնսդրական եւ Սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնց անհրաժեշտութիւնը վաղուց արդէն հասունացածէ:
Ճիշդ այդ ժամանակն ալ, երբ կեանքի կը կոչուին այդ փոփոխութիւնները, վստահօրէն կրնանք արձանագրել, որ մենք կ’ունենանք այլ որակի համագործակցութիւն Սփիւռքի հետ:
– Աւարտին մասնաւոր հարց մը. բոլորս ծանր հոգեվիճակի մէջ ենք, թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Իւրաքանչիւրը, սակայն, կը փորձէ գտնել լոյսի որեւէ շող, խթան, թէկուզ շատ փոքր, որպէսզի կառչելով` շարունակէ ապրիլ ու առաջ շարժուիլ: Որ՞ն է ձեզի համար այդ լոյսի շողը:
– Այո՛, բոլորս թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ ծանր մտատանջութիւններու մէջ ենք: Որ՞ն է ելքը: Ինծի համար այդ լոյսի շողը, թէկուզ եւ փոքր, քանի մը հատ են:
Միասնականութիւն, իշխանական բուրգի արմատական փոփոխութիւն` վերէն ներքեւ, ռազմագիտական, քաղաքագիտական, տնտեսագիտական մասնագէտներու փորձի գնահատում: Պէտք է հաշուի առնել անցեալի հսկայական ձռեքբերումներու փորձը եւ առաջ երթալ: Հետեւաբար, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի կարող ուժերու մէկտեղումն արդէն հրատապ է` դիմագրաւելու այս ամէնը:
Որեւէ պարագայի զերոյէն յառաջընթաց ապրելու ձեւակերպումները օգուտ չեն բերած եւ չեն կրնար բերել:
Աստուած պահապան հայ ազգին:




