Հայաստանի մէջ կայունութիւն ապահովելու գործին մէջ կարեւոր համարելով ազգային զգօնութիւնը` Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գլխաւոր քարտուղար, Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուաւոր նախագահ Սարգիս Շահինեանն ազգային ճգնաժամային համաժողով հրաւիրելու առաջարկով (ստորեւ ներկայացուող յղումներով կրնաք ծանօթանալ առաջարկի հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներուն) այս օրերուն դիմած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյանին եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին:
Առ այսօր, սակայն, երեք կողմերէն որեւէ պատասխան չկայ:
«Թէ ինչու՞, շատ պարզ է: Անոնք չունին որեւէ պատասխան, որովհետեւ այդ 3 պետական կարեւոր օղակները ձախողած են իրենց կառոյցի աշխատանքը»,- miasin.am-ի հետ զրոյցին նշեց Սարգիս Շահինեան:
Կայունութեան զուգահեռ անհրաժեշտ է համախմբել ուժային կառոյցները, որոնք կը կարողանան ապահովել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, կը կարողանան ապահովել երկու երկիրներու սահմաններու, ընկերային եւ տնտեսական ապահովութիւնը:
«Դժբախտաբար, ներկայիս կառավարութիւնն այդ ամէնը չի կրնար իրագործել: Պէտք է կայանան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն: Արտահերթ ընտրութիւններն անհրաժեշտութիւն են, անկախ անկէ, թէ ինչպիսին կ՛ըլլան արդիւնքները: Պէտք է իրականացնել արտահերթ ընտրութիւններ եւ սահմանադրական ճանապարհով ստեղծել անցումային կառավարութիւն, որուն ղեկավարը չի կրնար ըլլալ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան պատասխանատու է այն ամէնուն համար, որ կորսնցուցինք:
Անցումային կառավարութիւն ստեղծելու նպատակով հասարակական երկխօսութիւն պէտք է տեղի ունենայ ո՛չ թէ կառավարութենէն ներս, այլ Ազգային ժողովէն` մասնակցութեամբ խորհրդարանական, արտախորհրդարանական ուժերու եւ Սփիւռքի: Քննարկումներու արդիւնքով պէտք է հաւաքագրել մտաւոր ուժերու կողմէ արտայայտուած գրաւոր առաջարկներ` հիմնուած միմիայն գիտական հիմքի վրայ, այլ ոչ միայն` քաղաքական, որ եղած է անցնող 30 տարուան ընթացքին»,-ընդգծեց Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գլխաւոր քարտուղարը:
Անդրադառնալով Սփիւռքի մասնակցութեան` Սարգիս Շահինեան նշեց, որ Սփիւռքը միայն խորհրդատուական աջակցութիւն կրնայ ցուցաբերել. «Դժբախտաբար, Սփիւռքին անցնող տարիներուն ընթացքին չէ տրուած օրինական հնարաւորութիւններ, որպէսզի իր խօսքը, իր տեղն ունենայ կառոյցին մէջ»
Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուաւոր նախագահի պնդմամբ, այս փուլին առաջնային է հասարակութեան հաւասարակշռութեան, բանակի եւ տնտեսութեան վերականգնումը: Մեր ազգն այսօր կորսնցուցած է իր անդորրը, հոգեկան կայունութիւնը: Բանակը ոչնչացուած է` բարոյապէս, մարդուժի տեսանկիւնէն: Տնտեսութիւնը ոտքի տակ առնուած է: Թէեւ հայկական դրամը իր արժէքը պահած է, սակայն պէտք է կարենալ կարողութիւններու սահմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տնտեսական նախաձեռնութիւններ ապահովել եւ իրագործել:
«Հասարակութեան նման հոգեվիճակը պայմանաւորուած է ո՛չ միայն նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած պայմանագրով, այլեւ այն ամէնով, ինչ կը կատարուի մեր երկրին մէջ:
Դժբախտաբար, վարչապետը մեր հասարակութեան որոշ մասի կամքի արտացոլանքն է, որ շատ ցայտուն արտայայտուեցաւ նոյեմբեր 19-ին Եռաբլուրի մէջ: Իր քաղաքական, անձնական նպատակներուն յագուրդ տալու համար Նիկոլ Փաշինեան մանիփուլացիայի ենթարկեց մարդոց, որոնք կուրօրէն հետեւեցան իրեն: Ան փորձեց ապացուցել, որ իր ազդեցութիւնը դեռ ուժեղ է ժողովուրդին վրայ: Իրականութիւնը, սակայն, լրիւ այլ է:
Մենք 30 տարի կը հաւատանք ինչ-որ մարդու, այլ ոչ թէ` սկզբունքներու, ծրագիրի: Երբ փոխենք մեր մօտեցումը եւ առաջնորդուինք նախ եւ առաջ սկզբունքի, ծրագիրի գերակայութեամբ, ոչ թէ` մարդու, անհատի, միայն այդ օրը կրնանք փոխել մեր ժողովուրդի ճակատագիրը: Սկզբունքը, ծրագիրը յստակեցնելէ յետոյ միայն պէտք է կարեւորել, մտածել, թէ այդ ամէնն իրագործելու համար որուն պէտք է վստահինք, որուն պէտք է ընտրենք:
Այդ սկզբունքները պէտք է ձեւաւորուին վերը նշուած երեք կէտերու շուրջ` հասարակութեան ինքնորոշման, ինքնավստահութեան իրականացում, բանակ եւ տնտեսութիւն»,-նշեց Սարգիս Շահինեան:







