Monday, November 23, 2026

Երաժշտութիւն Առանց Սահմաններու․Անահիտ Պոյաճեան

Վերջերս ֆրանսական «The Voice» հեռուստանախագիծի կոյր լսումներու ժամանակ հանդէս եկաւ Անահիտ Պոյաճեանը, որ իր երգով կախարդեց ժիւրին եւ հանդիսատեսը: Տուտուկի եւ դափի նուագակցութեամբ հայկական ժողովրդական «Հինգալա» երգը (Վենսան Բաղեանի մշակմամբ երկլեզու տարբերակը), աննախադէպ էր այս մրցոյթին մէջ: Հայուհիին երգը ստիպեց ժիւրիի բոլոր անդամներուն դառնալ ու յոտնկայս ծափահարել: «Մենք դարձանք, որովհետեւ դուն տակնուվրայ ըրիր մեր սրտերը», «մենք հիացած ենք»․ Ժիւրիի անդամներու հիացական մեկնաբանութիւններն ալ աւելի յուզած էին երգչուհին: Ելոյթէն յետոյ ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ երաժշտութիւնը սահմաններ չունի, եւ որ  այս երգը կապող կամուրջ է իր հայրենիքի` Հայաստանի եւ ծննդավայր Ֆրանսայի միջեւ:

Երկար ժամանակ չէին դադրիր նաեւ հանդիսատեսի ծափահարութիւններն ու հիացական բացականչութիւնները:

Miasin.am-ի հետ զրոյցին Անահիտ Պոյաճեան նշեց, որ մինչ այս պահը մրցոյթին ընթացքին երբեք չէր հնչած հայկական ժողովրդական երգ:

Այս տարի երգչուհին որոշած է մասնակցիլ մրցոյթին եւ մի քանի հայկական ժողովրդական երգերու ձայնագրութիւններ ուղարկած է «The Voice» -ին:

«Քանի մը օր անց մրցոյթի կազմակերպիչներէն զանգ ստացայ: Մրցոյթի ղեկավարը տեղեկացուց, որ հայկական ժողովրդական երգը խենթացուցած է իրենց եւ առաջարկեցին զիս մասնակցիլ»,- կը  պատմէ ան:

Մրցոյթին համար կ՛ընտրէ հայկական ժողովրդական «Հինգալա» երգը, որ Վենսան Բաղեանի մշակմամբ դարձած է երկլեզու (հայերէն եւ ֆրանսերէն) եւ կ՛որոշուի ժողովրդական գործիքներու նուագակցութեամբ կատարել զայն: Երաժիշտներու ընտրութեան հարցով երկար չի մտածեր երգչուհին: Անոր փայլուն ելոյթը բեմին վրայ կ՛ապահովեն հայրը եւ եղբայրը` Տուտուկի եւ դափի վարպետներ Յակոբ եւ Ազատ Պոյաճեանները:

«Մրցոյթը սկսաւ 2020թ․ նոյեմբերին: Կը պատկերացնէ՞ք, թէ ինչ հոգեվիճակի մէջ էինք` մտքով եւ սրտով Հայաստանի մէջ»,- կ՛ըսէ Անահիտ:

Անոր խօսքով`  շատ համարձակ քայլ էր այդ օրերուն մասնակցութիւնը մրցոյթին, բայց ցանկացած են հայկական մշակոյթը ներկայացնելով հայութեան համար հպարտանալու առիթ մը եւս ստեղծել: Անահիտի կարծիքով` ժիւրիի անդամները դարձան ոչ միայն ձայնի, այլ նաեւ պատմութեան համար, որ ներկայացուեցաւ բեմէն:

«Մեր պատմութիւնն ներկայացուեցաւ, ատիկա ամենակարեւորն էր ինծի համար»,-կը խոստովանի երգչուհին եւ կ՛աւելցնէ․

«Այս երգին միջոցով կ՛ուզէի ցոյց տալ օտարներուն, որ մենք հայ ենք, ունինք հզօր պատմութիւն, եւ որ երբեք չենք մոռնար մեր պատմութիւնն ու արմատները:

Պատմութենէն պէտք է դասեր քաղենք եւ ուժեղանանք, պէտք է արարենք, նոր հայորդիներ ծնինք, նոր Հայաստան կառուցենք:  Պէտք է միասին պայքարինք եւ առաջ երթանք»:

25-ամեայ Անահիտ Պոյաճեան թէեւ ծնած է Ֆրանսա, բայց հոգիով ու սրտով կապուած է Հայաստանին: Առաջին անգամ 6 տարի առաջ ոտք դրած է Հայաստան` մկրտուելու նպատակով, այդ օրուընէ յաւերժ կապուած է հայրենիքին հետ:

«Մեծցած եմ այնպիսի հայ ընտանիքի մէջ , ուր սիրուած եւ ընդունուած է հայկական ժողովրդական երգը: Ատիկա ինծի օգնած է, որպէսզի խորապէս զգամ արմատներս, պատմութիւնս, թէ ուրկէ կու գամ եւ ուր կ՛երթամ: Եւ ես, որպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչ, պարտաւորուած կը զգամ` ցոյց տալ օտարներուն մեր հայկական մշակոյթը իր ողջ գեղեցկութեամբ»,-հպարտութեամբ կը նշէ Անահիտը` աւելցնելով, որ շատ կ՛ուզէր Հայաստան ներկայացնել Եւրոտեսիլ մրցոյթին:

«Ես սիրահարուած եմ մեր աշուղական երգերուն եւ պիտի շարունակեմ սորվիլ ատոնք»,-կը խոստովանի երգչուհին` կարեւոր համարելով այդ գործին մէջ իր ուսուցիչներու` Մխիթար Կեցեանի եւ  Ալեքսանտր Պօղոսեանի ներդրումը:

«Ֆրանսայի մէջ  ունիմ ժողովրդական երգի խումբ, որ կը կոչուի «Նոր աշուղ»: Հինգ-վեց հոգի ենք, բոլորս սփիւռքահայ, կ՛երգենք ժողովրդական երգեր: Համերգներով հանդէս կու գանք Ֆրանսայի մէջ` փորձելով օտարներուն ներկայացնել հայկական երգը: Այդպիսով մեր փոքրիկ լուման կ՛ուզենք ներդնել հայկական մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու գործին մէջ»,-կ՛ըսէ ան:

Անահիտ Պոյաճեան աւարտած է Գեղարուեստի դպրոցը` գծանկարչական ձեւաւորող մասնագիտութեամբ: Երգել սկսած է 6 տարեկանէն, եւ արդէն հասցուցած է թողարկել իր գրած երգերու երկու ալպոմ: Աւելի շատ ինքզինքը կը համարէ բանաստեղծ, քան երգչուհի, քանի որ երգին մէջ երաժշտութենէն առաւել կարեւոր կը համարէ  խօսքը:

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ Սպանիոյ Առաջին Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 27-ին, Պէնալմատէնա քաղաքին մէջ կառուցուած Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան մատուցեց անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ...

Հիմնադրուած է «Միասին» Համահայկական Հասարակական Կազմակերպութիւնը

Հիմնադրուած է «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական համահայկական հասարակական կազմակերպութիւնը  Հայաստանի մէջ 2022 թուականի օգոստոս 25-ին հիմնադրուած է «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական համահայկական Հասարակական կազմակերպութիւնը: Նորաստեղծ կազմակերպութեան...

Պաղեստինեան Գորնըրսթոն պարբերաթերթի համարը նուիրուած հայութեան

Եւ իր գոյութեան համար պայքար մղող ժողովուրդ մը կրնայ լաւապէս հասկնալ «ուրիշի» մը տագնապը։

Մշակութային Ցեղասպանութեան Ազգային եւ Միջազգային Հետեւանքները

Մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ժխտական ու բացասական անդրադարձը ազգային եւ միջազգային ընդհանրական կեանքերուն վրայ