Tuesday, November 24, 2026

Պէտք Է Հայաստանն ու Սփիւռքը միաւորող, ո՛չ թէ պառակտող գործունէութիւն. Էտուարտօ Կոստանեան

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Հայկական սփիւռքն աննախադէպ միասնական դարձած էր ու հնարաւոր բոլոր եղանակներով կը փորձէր սատար կանգնիլ հայրենիքին, հայ զինուորին: Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած  յարձակումները ոտքի  հանած էր նաեւ հեռաւոր Արժանթին ապրող հայերը: «Պատերազմի օրերուն մեր համայնքը, ինչպէս ամէն տարի Ապրիլ 24-ին նուիրուած ձեռնարկներուն ընթացքին, միասնական դարձած էր: Բոլոր կուսակցութիւնները` ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ, եկեղեցին միաւորուած, մէկ խօսնակ դարձած` կը փորձէին ամենատարբեր միջոցներով օգտակար ըլլալ հայրենիքին: Այդ ընթացքին կազմակերպուեցան տարբեր ձեռնարկներ, բողոքի ցոյցեր Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ (միայն Ռուսաստանի դեսպանին հետ կրցանք աւելի ուշ` արդէն պատերազմէն յետոյ հանդիպիլ, թէեւ հանդիպումը նշանակուած էր դեռ հոկտեմբերին): Այդ օրերուն համայնքի բոլոր կուսակցութիւններն ու միութիւնները միաւորուած էին IARA-ի (Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններ) շուրջ»,-  miasin.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Էտուարտօ Կոստանեան:

Համայնքի ջանքերով պատերազմի օրերուն Արժանթինի մամուլի գրեթէ 80 տոկոսն անդրադարձած է Արցախի մէջ կատարուող դէպքերուն, լուսաբանած համայնքի կազմակերպած ձեռնարկները: Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումներուն անդրադարձած է նաեւ երկրի ԱԳՆ նախարարը:

Նոյեմբեր 9-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` ղարաբաղեան պատերազմը դադարեցնելու մասին ստորագրած փաստաթուղթը, սակայն, փոխեց շատ բան. «Արժանթինի համայնքէն ներս ստորագրուած փաստաթուղթին մասին տարբեր կարծիքներ կան: Իւրաքանչիւրը հարցին կը նայի իր տեսանկիւնէն: Ինչ կը վերաբերի ինծի, ես պատերազմի նման աւարտ չէի պատկերացներ: Առ այսօր տարակուսած եմ, թէ ինչպէս Արցախի կարեւոր նշանակութիւն ունեցող տարածքներ Ատրպէյճանին յանձնուեցան առանց մէկ կրակոցի»,- կը նշէ Էտուարտօ Կոստանեանը եւ կ՛աւելցնէ, որ սեպտեմբեր 27-էն յետոյ աշխարհի տարբեր անկիւններով ապրող հայերը գրեթէ նոյն ցաւը կ՛ապրին.

«ճիշդ է, մենք  քիչ մը հեռու ենք, բայց կը զգանք այդ ցաւը նոյնքան ուժգին: Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու համար Արցախն առանձնայատուկ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն ունի: Դեռ անցեալ տարի  Արցախ էի, նախ յունիսին` մասնաւոր այցով, ապա հոկտեմբերին պատուիրակութեան մաս կազմելով` մասնակցեցայ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովին, որն Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կազմակերպած էր: Բացումը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, որ պատերազմի ընթացքին հրթիռակոծութեան ենթարկուեցաւ: Շատ տխուր էր այդ պատկերները նայիլը: Մեր պատուիրակութեան բոլոր անդամները շատ տպաւորուած էին, այդ զգացողութիւնները հնարաւոր չէ մոռնալ: Ընդամէնը մէկ տարի առաջ մենք տեսանք գեղեցիկ, բարեկարգ ու զարգացող Արցախ, այսօր Արցախի մէջ ամէնուր աւերածութիւններ են»:

Պատերազմի օրերուն Արժանթինի ՀՅԴ «Արմենիա» պաշտօնաթերթը արժանթինահայ երկու լրագրողի` Կարօ Սեֆերեանին եւ Լէօ Մոմջեանին գործուղած է Արցախ: Անոնց  միացած է Երեւան բնակող արժանթինահայ հայրենադարձ Պեթի Արսլանեանը, որոնք լուսաբանած են պատերազմի ընթացքը:

«Համայնքին մէջ  շատերս լուրեր կը ստանայինք մեր երկու լրագրողներու պատրաստած նիւթերէն, ինչպէս նաեւ կը հետեւէինք` հայաստանեան պաշտօնական լրատուութեան: Այսօր, աակայն, անհասկանալի է, թէ ինչու պատերազմի ամբողջ ընթացքին հայաստանեան լրատուութիւնը իրական դէպքերը չլուսաբանեց, իրականութիւնը չներկայացուց, բաւարարուեցաւ սուտ լուրեր ներկայացնելով: Անգամ Շուշիի մէջ ծաւալուող դէպքերն առ այսօր հակասական տպաւորութիւն կը ձգեն: Մօտ 4 ժամ առաջ կ՛ըսէին քաղաքի կէսը հայկական զօրքերու հսկողութեան տակ է, բայց  քանի մը ժամ անց ստորագրուեցաւ փաստաթուղթը, որմով քաղաքը յանձնեցին ատրպէյճանցիներուն»,-իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ արժանթինահայ գործիչն ու կը նշէ, որ շատ անհասկնալի ու անպատասխան հարցեր  մնացած են նաեւ առ այսօր` պատերազմի աւարտէն գրեթէ մէկ ամիս անց: Անհասկնալի է, թէ ինչպէս պիտի գծուին մեր սահմանները, որքան տարածք  մնացած է մեզի, դեռ որքանը պէտք է յանձնենք:

«Գիտէք, դժուար է պատկերացնել ատրպէյճանցիներ այդ հողերուն վրայ: Հադրութցին, քաշաթաղցին, շուշեցին ինչպէս եւ ուր պէտք է վերադառնայ, երբ տուն չունի, ինչ պիտի ըլլայ անոր վիճակը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գումարները անոնց ու բոլոր անտուն մնացած մարդոց պէտք է յատկացնել: Ամբողջ Սփիւռքը մասնակցած է այդ դրամահաւաքին եւ այդ գումարները պէտք է ծառայեն միմիայն Արցախի վերականգնման, սոցիալ-տնտեսական վիճակի բարելաւման: Այս պատերազմը բացի տարածքային կորուստէն, մեզմէ նաեւ քանի մը սերունդ խլեց, ասիկա   շատ ցաւալի է»,-կ՛ընդծէ Էտուարտօ Կոստանեան:

Խօսելով հայաստանեան ներկայ իրականութեան մասին, թէ այս վիճակէն դուրս գալու համար ինչ փոփոխութիւններ  անհրաժեշտ են երկրին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի անդամը կը նշէ. «Իւրաքանչիւր երկրի ղեկավար, եթէ պատերազմին պարտուի եւ չի վայելէ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը, պէտք է հեռանայ: Պարտուողը ինչպէս կրնայ այսօր Ռուսաստանի կամ այլ երկիրներու հետ բանակցիլ, եթէ պատերազմին յաջողութիւն չէ գրանցած, այսօր ինչպէս պիտի լուծէ Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը: Այս խնդրին հետ կապուած եւս հակասութիւն կայ. ինչու մենք չենք ճանչնար Արցախի անկախութիւնը եւ ատիկա կը պահանջենք այլ երկիրներէ: Մենք օրինակ` ինչպէս Արժանթինէն, Չիլիէն, Ուրուկուէյէն կը պահանջենք ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, երբ մենք այդ քայլը տարիներ շարունակ չենք ըրած:

Շատ պարզ է. պարտուողը պէտք է հեռանայ, որպէսզի հնարաւորութիւն տայ նոր ընտրութիւններ կայացուին: Ու եթէ ան կարենայ կրկին ժողովուրդի վստահութիւնը շահիլ, ապա թող դարձեալ շարունակէ կառավարել»:

Էտուարտօ Կոստանեանը կը նշէ, որ ճիշդ աշխատանքի պարագային ամէն ինչ կրնար այլ ըլլալ: Քանի որ դեռ 2018 թուականին ժողովուրդին մէջ մեծ յոյս  ծագած էր, ու բոլորը կը սպասէին նոր փոփոխութիւններու. «Սակայն կատարուեցաւ անդառնալին, ուրեմն` վարչապետը պէտք է հեռանայ, պէտք է կատարուին նոր ընտրութիւններ, որ ժողովուրդը կրկին  վստահի կառավարութեան: Շատ կարեւոր է նաեւ, որ ներքին խնդիրներ չունենանք: Եթէ վարչապետը կը մտածէ երկրի խաղաղութեան մասին, ապա պէտք է հեռանայ»:

Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, զրուցակիցս նշեց. «Տարիներ առաջ, երբ կար Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ կը ղեկավարէր Հրանոյշ Յակոբեանը, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններն աւելի սերտ էին: Նախարարը քանի մը անգամ եղած է մեր համայնքին մէջ: Ան  կրնար իր խօսքով տպաւորել ժողովուրդը, համոզել, որ համայնքի ներկայացուցիչներն ամրապնդեն իրենց կապերը հայրենիքի հետ: Այդ տարիներուն մեծ յոյսեր ունէր Սփիւռքը: Այսօր, դժբախտաբար, Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը Սփիւռքի հետ որեւէ կապ չունի: Երբ վերջերս առիթով մը խօսեցայ Զարեհ Սինանեանի հետ, ան տեղեակ չէր, թէ ինչ կը կատարուի մեր համայնքէն ներս: Չէր գիտեր, թէ պատերազմի օրերուն Հայաստանին, Արցախին օգտակար ըլլալու ինչ կ՛ընէր Արժանթինը, Ուրուկուէյի համայնքը: Այսօր Սփիւռքի նկատմամբ կարծես յարգանք չկայ: 2018 թուականէն յետոյ Սփիւռքը չեն յարգեր: Եւ սիրտերնիս կը ցաւի այս ամէնը տեսնելով: Գիտէք, մենք չենք ուզեր, որ մեր ըրածներուն համար մեզի ծափահարեն: Մենք կը ցանկանք միասին գործել, այսօր այդ կապը կտրուած է: Եթէ նախարարութեան նախկին աշխատակիցներուն հետ մշտական կապի մէջ էինք, անոնք գիտէին, թէ ինչ  տեղի կ՛ունենայ մեր համայնքին մէջ, հիմա չկայ մէկը, որուն հետ կարենաս աշխատիլ: Եւ այդ ամէնը ժողովուրդը կը տեսնէ, համայնքը կը տեսնէ, կազմակերպութիւնները կը տեսնեն»:

Խօսելով արժանթինահայ համայնքի ներկայ վիճակի մասին, արժանթինահայ գործիչն ըսաւ, որ նոյեմբեր 9-էն յետոյ նախկին եռանդը չկայ. «Ժամանակ  պէտք է: 1-2 ամիս պէտք է անցնի, որպէսզի մեր զգացումները  քիչ մը սառին: Այսօր վէրքը թարմ է, բաց է բոլորիս վէրքը, եւ արիւնը դեռ կը հոսի: Պէտք է չորնայ, վէրքերը պէտք է բուժուին, այնուհետեւ նոր միայն անհրաժեշտ կ՛ըլլայ խօսիլ Հայաստանի, Արցախի վերաշինութեան մասին: Վերաշինելու համար մեզմէ  քանի մը տարի պիտի պահանջուի»:

Հայոց ցեղասպանութեան ցաւի, դաժանութեան մասին սեփական ընտանիքի պատմութիւններէն տեղեակ ըլլալով` Էտուարտօ Կոստանեանը կը նշէ, որ երբեք չէր կրնար երեւակայել, որ հայ ժողովուրդը կը տեսնէ 2-րդ աքսոր, նոր ցեղասպանութիւն. «Իմ նախնիները վերապրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, որմէ յետոյ հաստատուած են Յունաստանի, Դամասկոսի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած են Արժանթին: Թէ ցեղասպանութեան ու աքսորի օրերուն մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերն ինչ տանջանքներ  կրած են, բոլորս անգիր գիտէինք: 100 տարի անց որո՞ւն մտքով կ’անցնէր, որ Հայաստանը, հայ ժողովուրդը կրկին կրնան անցնիլ այդ ամէնուն մէջէն:

30 տարուայ ստեղծածը հոսեցաւ-գնաց, ինչպէս ջուրը կը հոսի ափիդ մէջէն: Դժուար է, բայց պէտք է շարունակել առաջ քալել: Անցեալին կը պայքարէինք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Պատերազմի օրերը ցոյց տուին որ աշխարհը կրկին երես դարձուց մեզմէ, աշխարհ կարծես դարձեալ  մոռցած էր մեզի: Այժմ պէտք է մտածել, թէ ինչպէս  առաջ պիտի շարժուինք: Այստեղ է, որ պետութեան աջակցութեան կարիքն ունինք, թէ ան ինչպէս կը վերաբերի Սփիւռքին: Պէտք է նոր քաղաքականութիւն մշակել` վեր կուսակցական, միութենական բոլոր շահերէն, եւ այդ ամէնուն մասնակից դարձնել նաեւ Սփիւռքը: Շարունակել համահայկական օրակարգի ձեւաւորման ուղղուած աշխատանքներ, որոնք 2017 թուականին   մշակուած էին: Մեզ միաւորող, այլ ոչ թէ պառակտող ռազմավարութիւն եւ գործունէութիւն  պէտք է:

Հիմա ուրիշ Հայաստան է, նախկին Հայաստանն ալ չկայ, պէտք է նոր իրողութեան սահմաններուն  մէջ մտածել յետագայ ընելիքներու ու քայլերու մասին»:

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ Սպանիոյ Առաջին Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 27-ին, Պէնալմատէնա քաղաքին մէջ կառուցուած Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան մատուցեց անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ...

Հիմնադրուած է «Միասին» Համահայկական Հասարակական Կազմակերպութիւնը

Հիմնադրուած է «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական համահայկական հասարակական կազմակերպութիւնը  Հայաստանի մէջ 2022 թուականի օգոստոս 25-ին հիմնադրուած է «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական համահայկական Հասարակական կազմակերպութիւնը: Նորաստեղծ կազմակերպութեան...

Պաղեստինեան Գորնըրսթոն պարբերաթերթի համարը նուիրուած հայութեան

Եւ իր գոյութեան համար պայքար մղող ժողովուրդ մը կրնայ լաւապէս հասկնալ «ուրիշի» մը տագնապը։

Մշակութային Ցեղասպանութեան Ազգային եւ Միջազգային Հետեւանքները

Մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ժխտական ու բացասական անդրադարձը ազգային եւ միջազգային ընդհանրական կեանքերուն վրայ