Հիմնադրուած է «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական համահայկական հասարակական կազմակերպութիւնը
Հայաստանի մէջ 2022 թուականի օգոստոս 25-ին հիմնադրուած է «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական համահայկական Հասարակական կազմակերպութիւնը:
Նորաստեղծ կազմակերպութեան առաքելութիւնը պիտի դառնայ համահայկական հարթակ եւ պիտի միաւորէ հայոց ներուժն ու ջանքերը` իրականացնելու համակարգուած աշխատանք ի նպաստ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան անխաթարութեան եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներու պահպանման:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն հասարակական կազմակերպութենէն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի համահայկական, հոգեւոր կառոյցներուն հետ համագործակցաբար կազմակերպուելու են համազգային նշանակութեան ծրագիրներ` ուղղուած հայապահպանութեան, հայկական մշակոյթի զարգացման եւ հանրահռչակման, տնտեսական, ընկերային, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ հայերու իրական ներկայացուածութեան ձեւաւորման, Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդներու ինքնութեան առնչուող հիմնախնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ ՀՀ մարզային համայնքներու ընկերային-տնտեսական կայուն զարգացման, գիւղական կեանքի աշխուժացման: Ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան նաեւ Արցախեան պատերազմին տուժած, զոհուած քաղաքացիներու ընտանիքները եւ հասարակութեան խոցելի խումբերը: «Միասին» ՀԿ-ի շուրջ համախմուած են սկզբունքային եւ հմուտ մասնագէտներ, որոնք իրենց աշխատանքով ու փորձառութեամբ պիտի օժանդակեն Հայաստանի զարգացման, Սփիւռքի ուժեղացման ու հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան:
Կազմակերպութեան խորհրդանիշը խատուտիկ-առագաստանաւն է, որ կ՛արտացոլէ հայոց ամբողջականութիւնն ու հոգեւոր-ազգային վերածնունդը:
Խատուտիկը` որպէս մասը ամբողջ դարձնելու խորհրդանիշ եւ ունի բաց ծովի մէջ լողացող առագաստանաւի տեսք: Առագաստը քամիի ուժով առաջ մղելով նաւը` հայ ժողովուրդը Հայրենիքի մէջ կը հանգրուանէ:
Խատուտիկէն պոկուած սերմերը, որոնք կը խորհրդանշեն աշխարհասփիւռ հայերը, կը վերադառնան իրենց «Արմատին»` որպէս միասնականութեան եւ նոր սկիզբի աւետում: Դէպի խատուտիկ երկարող սերմերու թիւը եօթ է` արտացոլելով հայոց այբուբենի եօթերորդ սրբազան թիւը, որ աստուածային էութեան խորհուրդը ունի:
Գոյները եւս իրենց նշանակութիւնն ունին. Շագանակագոյնը կը խորհրդանշէ հայրենի հողը, կանաչը` յաւերժութիւնը, կապոյտը` խաղաղութիւնը:
Էլ.փոստ. miasinhk2022@gmail.com
Հեռ․` +374 93 57 21 23
Գործընկեր լրատուամիջոց` miasin.am




