ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018ԹԹ.) եռահատորեակի շնորհանդէսը: Ներկայ էին մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակիցներ եւ այլ հիւրեր:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ miasin.am-ը, ձեռնարկը մեկնարկեց Արարատեան Հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» խումբի ՀՀ պետական օրհներգի կատարմամբ: Տէրունական աղօթքէն ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ եւ ԵՊՀ Աստուածաբանութեան բածանմունքի ղեկավար Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան եպիսկոպոս ժամկոչեան:


Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԳԱԱ-ի մարդասիրական բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ապա յաջորդեցին ՀՀ ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանի, ՀՀ ԳԱԱ-ի լեզուի հիմնարկի տնօրէն, տոքթ. Վիկտոր Կատվալեանի, ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամբիոնի վարիչ, տոքթ, փրոֆ. Էտիկ Մինասեանի, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի» նախագահ, բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանի, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի, Գաւառի պետական համալսարանի ղեկավար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ. Ռուզաննա Յակոբեանի եւ այլոց ելոյթները:
Բանախօսներն ընդգծեցին աշխատութեան պատմագիտական կարեւորութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու` քաղաքական, ազգային, բարոյական, պատմական, հոգեւոր-մշակութային շերտերու միասնական վերհանումը, ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներու պայմաններուն համայն հայութեան գերակայ խնդիրներու, համահայկական օրակարգի ձեւակերպումը, որոնց նպատակը 10 միլիոն հայերու ներուժով Հայրենիքի առջեւ ծառացած տարածաշրջանային եւ ներքին հիմնահարցերու լուծումն է:


Շնորհանդէսի աւարտին ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ այս եռահատորեակը նախատեսուած է հասարակական-քաղաքական գործիչներու, համայնքային ղեկավարներու, սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ընթերցողներու լայն շրջանակի համար եւ յոյս յայտնեց, որ այն կարող է օգտակար ըլլալ սփիւռքագէտներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու համար: Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքեան համահայկական, եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն, համայնքային գործիչներուն, անհատներուն սերտ գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նախարարութեան բոլոր աշխատակիցներուն իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:


Աւելցնենք, որ «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018ԹԹ.) եռահատորեակին մէջ ամփոփուած են ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ե՛ւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ հեղինակին ունեցած մօտ տաս տարիներու հիմնական հրապարակային ելոյթները, զեկուցումները` նուիրուած Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, պետական քաղաքականութեան տարբեր խնդիրներուն։





