Վերջին բանը, որ լսեց Աբիգը պայթող արկերու տարափի տակ, ընկերոջ` Մխիթարի աղօթքն էր. «Աստուա՜ծ, փրկէ ընկերոջս կեանքը: Աբի՜գ, ինծի մինակ չձգես…»:
Թշնամիի դիպուկահարը վնասած էր իր ոտքը: Շարժիլ չէր կրնար, փրկուիլ` առաւել եւս, եթէ չըլլային ընկերները: Իրենց հրամանատարն արդէն զոհուած էր: Կ՛ըսէին` չէ՛, հրամանատա՛ր, մատանիդ հանէ, կը փայլի, կը թիրախաւորէ քեզ: Հրաժարած էր, որովհետեւ ատիկա միակ կապող օղակն էր իրեն` իր Մարիամին հետ:
Անոր պարտականութիւնները ստանձնած նոր հրամանատարը, լսելով տղաներու հաղորդումն այն մասին, որ Աբիգը վիրաւոր է, պէտք է դաշտէն դուրս բերել, արգիլած էր անոնց երթալ անոր ետեւէն: «Աբիգն արդէն չկայ, յե՛տ եկէք»: Ամէն զինուոր ալ թանկ է, եւ ան չէր ուզեր վտանգել միւսներու կեանքը, բայց անոնց համար Աբիգն Ընկեր էր: «Գացի՛նք», ֊ ըսաւ Սերժն ու Վովայի հետ միասին գացին Աբիգը փրկելու: Գիտակցաբար վտանգելով սեփական կեանքը եւ կենդանի վահան հանդիսանալով Աբիգի համար, անոնք` Սերժը, Վովան, Մխիթարն ու Հայկը հասցուցին անոր վիրաւոր մարմինը յանձնել բժիշկներուն: Բացի Վովայէն բոլորն ալ զոհուեցան՝ յանձնուելով մայր հողին։ Ընդմիշտ ։ Վովան հիմա ալ դեռ դիրքերու մէջ է ։ Իր կռիւը չէ վերջացած։
Յետոյ դեռ երկար պիտի փնտռէին գանգրահեր, առնական դիմագծերով կանաչաչեայ Մխիթարի դին : Ա՜խ, բա Հայկը՜` բարձրահասակ, շիկահեր, ազնուական արտաքինով լուսաւոր այդ պատանին…Սերժը՝ ժպտերես ու բարի Սերժը…
Իր լաւագոյն որդիներու արեամբ ներծծուած հողը երեւի անոնց մարմիններէն բաժնուիլ չէր ուզեր: Կ՛ուզէր պահել իր տաք գիրկին մէջ որպէս սուրբ մասունքներ, յաւերժ գուրգուրալ, շնորհակալ ըլլալ:
Գիտէ՞ք, թէ հիմա ինչէն կ՛ուրախանան մարդիկ Հայաստանի մէջ: Երբ կը գտնեն իրենց որդիներու, ամուսիններու դիերը: Հայոց մայրերու` անքուն գիշերներէն ծնած աղօթքները երկու աղերսանք են առ Աստուած` թող վերադառնայ` թէկուզ` վիրաւոր, եւ` գոնէ դիակը գտնենք` տուն բերենք: Իսկ տունը Եռաբլուրն է: Ծաղիկներով ծածկուած ու արցունքներէն թրջուած անվերջանալի, անհաշիւ թարմ հողաթումբեր ու անոնց կողքին` լռակեաց, մէկ գիշերուան մէջ ծերացած գլխահակ հայրեր, անափ վիշտէն անուժ, համարեայ անկենդան մայրեր: Հողի տակ հանգչող հերոսնե՜ր, նահատակնե՜ր…
Հարցուցէք այդ մայրերուն` կ’ուզէի՞ն արդեօք, որ իրենց որդիներն ու ամուսինները հերոսանային իրենց կեանքի գինով: Չէ՞ որ կարելի է հերոսանալ նուաճումներով, օրինակ` գիտութեան, սպորտի ասպարէզի մէջ: Անոնք դեռ այնքա՜ն տարիներ ունէին ապրելու…
Կ՛ըսեն. «Կեանքի թելը կտրուեցաւ»: Ա՜խ , եթէ միայն կեանքը թելի պէս ըլլար: Կտրուած թելը կրնաս կրկին հանգուցել, իսկ կտրուած կեանքն ինչպէ՞ս հանգուցես: Կ՛ըսեն նաեւ. «Իրենց չապրած տարիները թող ապրողներուն բաժին ըլլան»: Սերժոյի՜ , Մխիթարի՜, Հայկի՜, Վովայի՜, Ռիժոյի՜, Մանչի՜ տարիները… Հազարաւոր մարած կեանքեր…
Յիշեցի Սեւակը .
կռիւներում ընկան նրանք.
ամէն մէկը` մի տան ճրագ,
ամէն մէկը` մի մօր որդի,
ամէն մէկը` մի աղջկայ
երազանքը անապական,
կնոջ` սէրը , հօր` ապագան…
ամէն մէկը ` անգիր մի վէպ,
ամէն մէկը` անգին մի կեանք…
Հեռախօսազրոյցն անընդհատ կ՛ընդհատուի: Աբիգի մայրը` Նաիրան, յուզմունքէն դողդողացող ձայնով կը շարունակէ պատմել` մինչ վերջերս ինծի անծանօթ իրենց ընտանիքին, որդիին ու անոր ընկերներուն մասին: Երկուստեք կը յուզուինք, կը լռենք քանի մը վայրկեան, յետոյ ան կը շարունակէ.
– Աբիգս փոքր տարիքէն շատ աշխոյժ էր, պասկեթպոլ կը խաղար: Ընկերասէր էր, կտոր մը հացն անգամ անոնց հետ կը կիսէր: Կը յիշեմ, մեր կառանոցին մէջ տալաշ կ՛ընէին ու կ՛ուրախնային զուարթ կ՛ուտէին: Բարի էր, խեղճերու պաշտպան: Երբ 18 տարին լրացաւ, յայտարարեց, որ ծառայութենէն չի խուսափիր, բանակ պիտի երթայ: Հադրութ տարին: Գոհ էր, երբեք չէր դժգոհեր: Եթէ Սեւանէն ալ զինուորներ զօրակոչուէին Հադրութ, անոնց ծնողները կ՛ուրախանային` վստահ, որ Աբիգը տիրութիւն կ’ընէ:
2019-ի նոյեմբեր 8-ին` Աբիգիս ծննդեան օրը: Գացինք տեսակցութեան: Կը թուէր , թէ ամէն ինչ լաւ էր, բայց այդ անգամ ես շատ թախծոտ վերադարձայ. կարծես հոգիս ձգած էի այնտեղ:
Ու կրկին լացի խեղդուող ձայն, կրկին կարճատեւ լռութիւն:
Կցկտուր կը պատմէ Նաիրան, բայց ես չեմ ընդհատեր, աւելորդ հարցեր չեմ տար: Իր ապրումներն ու յոյզերը բնական եւ հասկնալի են ինծի համար.
– Աբիգս տեսակապով չէր զանգեր երբեք: Երեւի մեզի տեսնելուն կը յուզուէր: Սեպտեմբեր 26-ն էր` խաղաղութեան վերջին օրը: Ան առաջին անգամ տեսակապով զանգեց: Ըսաւ, որ իջած են դիրքերէն, որ չանհանգստանանք. «Մա՜մ ջան, 100 օր մնաց»:
Այդ գիշեր չքնացայ. աչքիս առաջ որդիիս հայեացքն էր: Սիրտս անհանգիստ էր, բայց դեռ չէի գիտեր` ինչու: Անընդհատ մէկ հարց գլխուս մէջ կը պտտէր. «Ինչու՞ տեսակապով զանգեց այս անգամ»: Յետոյ պիտի իմանայի, որ այդ օրը հրամանատարն իրենց ըսած էր . «Զանգէ՛ք տուն , ծնողներու հետ տեսակապով խօսեցէք, բայց ուրախ կը խօսիք: Կրնայ ըլլալ ասիկա ձեր վերջին խօսակցութիւնը ըլլայ»:
Այս անգամ արդէն ես առաջինը փղձկացի, իսկ Նաիրան կը շարունակէ.
– Յաջորդ օրը պատերազմը սկսաւ: Մինչ այդ ալ ես անընդհատ եկեղեցի կ՛երթայի, Աստուծոյ փէշերէն կառչած կ՛աղօթէի, բայց այդ օրուընէ աղօթելուս` մէկ բան կը խնդրէի ` տէ՛ր իմ, միայն թէ վերադառնայ տղաս, թէկուզ ` վիրաւոր: Միասին ծառայող մեր տղաներու ծնողներով մշտապէս կապի մէջ էինք իրար հետ: Լուր կ՛ուտայինք իրար` ով զանգեց, ինչպէս են, ու ամէն օրուայ աւարտին, ամէն լուսաբացի հետ գոհութիւն կը յայտնէինք Աստուծոյ. «Այսօր ալ ապրեցա՛ն»: Ամսու 30-ին լուր չկար: Աստղիկը` Մխիթարի մայրն ըսաւ, որ ամուսինը գացած է էրեխէքին բերելու, բայց ան վիրաւոր ետ եկաւ: Տղաներուն չէր տեսած: Անհանգստութիւնն ու վախն աննկարագրելի ներսս կը բզկտէին: Մոսկուայէն շտապ վերադարձաւ ամուսինս: Հոկտեմբեր 1-ի երեկոյեան Աբիգս զանգեց, խաբեց. «Մամ ջան, ներքեւ իջած ենք, դիրքերու մէջ չենք, չմտածէք»: Երեք ամիս մնացած էր, որ ծառայութիւնն աւարտէր գար: Օրերը կը հաշուէինք, զանգէ-զանգ կ՛ապրէինք: Բայց ատիկա իր վերջին զանգն եղաւ:
Լռութեան մէջ կը լսուի, թէ ինչպէս Նաիրան ընդհատ-ընդհատ կը շնչէ, յետոյ` արտասունքը կուլ տալով կը շարունակէ.
– Նար ջան, կասկած ինկաւ սիրտս, չհաւատացի, որ դիրքերու մէջ չեն: Զանգեցի Մխիթարիս, ան ալ ըսաւ , որ լաւ են, 100 օր ալ դիմանանք` կը զօրացրուին կու գան: Գիշերը երազիս Աբիգս ինկաւ, ու իր աչքերէն հոսող արցունքներն ինծի թրջեցին: Յետոյ պիտի իմանայինք, որ հէնց այդ գիշեր որդիս վիրաւորուած էր: Անծանօթ մը զանգեց , թէ` Աբիգը թեթեւ մը վիրաւորուած է, Երեւան տեղափոխած են: Սկսանք փնտռել, բայց ապարդիւն: Տղայէս լուր չունէինք, փոխարէնն իմացանք, որ Մխիթարն արդէն չկայ: Ա՜խ, Մխիթա՜րս…
Յետոյ իմացանք , որ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ քոմայի մէջ գտնուող անյայտ զինուոր մը կայ: Կանչեցին` ճանչնալու: Ամուսինս գնաց, բայց չճանչցաւ: Կ՛ըսէ` չէի ուզեր, որ իմ տղաս ըլլար: Բայց որոշեցինք անգամ մըն ալ տեսնել: Յաջորդ օրը Մխիթարի հօր հետ գացին: Երկուքն ալ չէին ճանչցած: Բուժքոյրը զանգեց, թէ` միգուցէ որեւէ տարբերակող նշա՞ն, յիշուող խա՞լ կայ ձեր տղուն վրայ, որմով կարելի է ճանչնալ: Այդպէս, Աբիգիս ականջի ետեւի խալով գտանք, կը պատկերացնե՞ս: Երբ մտանք հիւանդասենեակ, դեռ քոմայի մէջ էր, բայց երբ սեղմեցի ձեռքը` աչքէս արցունքներ հոսեցան. զգաց տղաս: Սկսայ խօսիլ հետը, ըսի, որ ընկերուհին` Էմման ալ իրեն կը բարեւէ: Տղաս կը լսէր ինծի, արցունքներէն հասկցայ:
Քոմայէն 3 օր յետոյ դուրս եկաւ ` ամսու 6-ին: Երկու օրէն սկսաւ խօսիլ: Զանգեց ընկերուհիին: Էմմաս շատ լաւ աղջիկ է, գիտե՞ս ` ինչպէս ուժ կու տայ Աբիգիս: Բոլորս երջանիկ էինք արդէն այնքանով, որ կը տեսնէինք իրեն, ա՜խ, բայց էրեխես չէր տեսներ մեզի: Ատիկա հասկցանք, երբ բժիշկը հարցուց. «Աբիգ ջան, ի՞նչ կը տեսնես»: «Մութ»-֊ պատասխանեց: «Աբիգ ջան , մէկ աչքդ կարած ենք, միւսին ջիղերն ալ վնասուած են: Ժամանակ պէտք է, որ տեսողութիւնդ վերականգնենք»: «Բան չկայ, բժիշկ ջան, աչքս թող կարած ըլլայ: Կարեւորը ` ընկերներս կան»: Կը պատկերացնե՞ս, Նար ջան:
Կը պատկերացնեմ, ու գունդ մը յուզմունք կը խեղդէ կոկորդս: Ողջ պատմութեան ընթացքին աչքերէս արցունքները կը շարունակեն հոսիլ ու հոսիլ` թրջելով թուղթը, որուն վրայ կ՛աշխատիմ արագօրէն գրի առնել պատառիկներ` Աբիգի կեանքէն:
Նաիրան խոր հոգոցէ մը յետոյ կը շարունակէ.
– Տղուս մէկ աչքը լրիւ կարուած է, միւսին ջիղն ալ 80%֊ով վնասուած: Գլխուն հետ կապուած երկու վիրահատութիւն արդէն ըրած են, բայց դեռ արդիւնք չկայ: Մալայեանի անուան ակնաբուժական կեդրոնին մէջ պիտի հետազօտեն աչքը: Մենք ալ պիտի հաւաքենք անհրաժեշտ գումարը, որ գտնենք այն երկիրն ու այն բուժարանը, ուր կրնան օգնել զինք: Հիմա անոր տեղափոխել չենք կրնար: Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ է` ոտքէն վիրահատուած: Դեռ չենք գիտեր` յօդը կը վերականգնուի՞, թէ՞ ստիպուած կ՛ըլլան նոր յօդով փոխարինել: Ոտքի ջիղն ալ վնասուած է: Շատ բարդ է ամէն բան, բայց դեռ յոյս ունինք:
– Ի հարկէ, յոյս ունինք, Նաիրա ջան: Աբիգը կը տեսնէ ալ, կը քալէ ալ, կ՛ըսեմ ես ` ներքուստ հաւատալով բոլոր այն մարդոց, ովքեր կ’օգնեն անոր լիարժէք կեանքով ապրելու` կրկին տեսնելու այս բազմագոյն աշխարհն իր բոլոր երանգներով, ընկերուհիին ձեռքը բռնած պիտի քալէ իր քաղաքի հարազատ փողոցներով, ապրի իր ընկերներու իրեն աւանդած տարիներն ու վայելէ բազում երջանիկ ակնթարթներ անոնց բոլորի փոխարէն:
«Հայաստան գալու պարագային կը տեսնեմ իրեն »,-կը մտածեմ ես: Մի քանի վայրկեան մտքիս մէջ կ՛ուրուագծուի ապագայ այցս Հայաստան: «Առաջինը Եռաբլուր կ՛երթամ: Յետոյ Ժաննայիս հետ իր որդիին` մեր 19-ամեայ Աշոտին ( որ այդպէս ալ քոմայէն դուրս չեկաւ) կ’այցելենք: Յետոյ համաքաղաքացիներուս որդիներուն, ծանօթ ու անծանօթ շիրիմներուն վրայ սիրտս կը պարպեմ: Ծնողներո՜ւս… շիրիմնե՜ր, շիրիմնե՜ր …»:
Ինծի ետ կը բերէ Նաիրայի ձայնը.
– Նար ջան, որ գաս Հայաստան, անպայման կը հանդիպինք:
Կը ժպտիմ: Այ քեզ զուգադիպութիւն:
– Գիտե՞ս, Աբիգիս հայրս մեծցուցած է: Մենք ամուսնուս հետ Մոսկուա արտագնայ աշխատանքի կը մեկնէինք, իսկ ինք պապիկին մօտ կը մնար, չէր գար : Շատ կապուած էին: Հայրս տղայ չունէր ու անոր իր տղուն պէս կը սիրէր: Ինչպէս կը տանջուէր ամէն անգամ, երբ կը տեսնէր թոռնիկին վիճակը : «Ինչպէս տարիք իմ երեխաս` ինչ վիճակով բերած էք»,- կռիւ կ՛ընէր պետութեան հետ: Նոյեմբեր 8-ին` Աբիգիս 20-ամեակի օրը, ընկերներն ու Էմման տօնական տորթով գացին զինք շնորհաւորելու: (Տէ, համավարակի պատճառով բոլորս չեն ձգեր): Տեսագրութիւնը դիտելնուս` հայրս նկատեց, որ թոռնիկը տորթի մոմը չի տեսներ, որպէսզի փչէ-յանգեցնէ: Յաջորդ օրը սրտի կաթուածէն մահացաւ:
– Աստուած իմ, չէ դիմացած խեղճ մարդու սիրտը,- կը լսուի իմ լացակումած ձայնը:
– Հա, Նար ջան, չդիմացաւ:
Աբիգէս ամէն ինչ կը թաքցնէինք: Թէ՛ ընկերներու, թէ՛ մեծհօր կորուստը: Բժիշկներն ալ կը լռէին, իրեն այցելող իր ընկերներու ծնողներուն ալ զգուշացուցած էինք, որ միամտաբար բան չըսեն: Գիտէինք, որ ահաւոր ծանր հարուած կ՛ըլլայ: Բոլորս կը խնայէինք այդ մէկ փրկուած կեանքը:
Օր մը Աբիգս գիշերը ցնցումներու մէջ ինկաւ: Անհասկնալի էր, թէ ինչէն: Դժուար գիշեր մը լուսցուցինք: Առաւօտեան պատմեց իր երազը. «Երազիս Մխիթարը տեսայ: Եկաւ, իր քուրքը նետեց վրաս` տաքցայ»: Հասկցաւ տղաս, որ Մխիթարը չկայ արդէն: Պատմեցինք, թէ ինչպէս իր ծառայակից ընկերները իրենց կեանքի գնով փրկած էին իրեն: Մխիթարի մայրն այցելեց ու բոլոր անմահացածներու մայրերու անունէն պատգամեցիրեն. «Յանուն քու ընկերներուդ դուն պիտի ապրի՛ս»:
Ես պատկերացրուցի, թէ որքան դժուար է յաղթահարել սեփական կորուստի վիշտը, համակերպիլ զաւկիդ չգոյութեան հետ կամ, աւելի ճիշդ, անոր կեանքի շարունակութիւնը տեսնել իր ընկերոջ մէջ: Այդ ընկերոջմէ որդիիդ կարօտն առնել, ուժ տալ անոր ու անոր գոյութեամբ մխիթարուիլ:
– Նար ջան, Մանչի ծննդեան օրն Աբիգն ըսաւ, որ կ՛ուզէ զանգել շնորհաւորել ընկերոջը: Իմ լռութենէս ինչ-որ բան զգալով` հարցուց. «Մամ, գիտեմ, որ իմ արեւ սուտ չես երդուիր: Մանչը կա՞յ: Ես կը խեղդուէի անճարութենէն: Արցունքներս կը հոսէին, ու խօսիլ չէի կրնար: Ին՞չ պատասխան տամ որդիիս: «Մա՛մ, բառ մը ըսէ` հա կամ չէ: Մանչը կա՞յ: «Չէ՛, Աբիգ ջան, չկայ Մանչը»: Անջատեց հեռախօսը: Երեկոյեան կրկին զանգեց. «Մա՛մ, իսկ պապիս կա՞յ:
«Չէ, Աբիգ, չկայ»: Հեռախօսին մէջ լռութիւն էր: Կարծես թէ երկուքս ալ չէինք համարձակիր առաջինը խօսիլ` չմատնելու համար մեր վշտի չափը: «Աբիգ ջան»,-փորձեցի ես սկսիլ, բայց ան ընդհատեց. «Մա՜մ, ես ուժեղ եմ, բայց այսքանն արդէն շատ է»: Վերջին բառերը մարեցան յուզմունքէն ելեւէջող անոր ձայնին մէջ:
Երկու Նաիրաներ` հազարաւոր քիլոմեթրեր իրարմէ հեռու, իրար անծանօթ, բայց նաեւ արդէն մտերիմ երկու մայր, պատերազմի հետքերն առատահոս արտասունքով մեր ծանրացած հոգիներէն սրբել կը փորձէինք, ծանրաքաշ ցաւը գոնէ մի քանի վայրկեանով դուրս մղել, գոնէ քիչ մը թեթեւնալ ` դատարկուելով: Հանդարտուելնուս պէս ես հարցուցի.
– Նաիրա ջան, հիմա ինչպէ՞ս է Աբիգը, ի՞նչ կ՛ըսէ:
– Կ՛ըսէ. «Կը յոգնիմ մէկ-մէկ մթութենէն, մա՛մ»:
դէ եկ ու մի փլուիր …
Յ.Գ. Մարդի՛կ, բարի՜ մարդիկ, ես կը հաւատամ ձեզ: Կը հաւատամ, որ միասին դուրս կը բերենք Աբիգը մթութենէն: Ես կը հաւատամ ձեզ:
Հեղինակ` Նաիրա Մարտիրոսեան













