Անոյշ Գրիգորեանը կ՛ապրի Ֆրանսայի Փուատիէ քաղաքին մէջ. «Փուատիէի հայերը» միութեան նախագահն է: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը փոթորկած էր նաեւ Անոյշի հոգին ու խռոված անդորրը: Ինչպէս Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ ապրող շատ-շատերը, ան իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ու Փուատիէ քաղաքին մէջ բնակող մեր հայրենակիցներու աջակցութեամբ, կը փորձէր օգտակար ըլլալ հայրենիքին ու Հայոց բանակի զինուորին: Տարբեր նախաձեռնութիւններու օգնութեամբ, իսկ հանգստեան օրերուն թխուածներ վաճառելով` ան հաւաքուած գումարը կը փոխանցէր Հայոց բանակին:
Պատերազմի աւարտը Անոյշի մէջ շատ բան փոխեց, միակ անփոփոխ որոշումը` շարունակել օգտակար ըլլալ հայրենիքին ու հայ զինուորին: Հաւատարիմ այդ որոշումին` Անոյշը Հայաստանէն հեռանալէն 12 տարի անց մէկ շաբաթով որոշած է հայրենիք այցելել: Նպատակը` աջակցութիւն ցուցաբերել այն մարդոց, որոնք պատերազմը զգացած, ապրած են սեփական աչքերով ու նաեւ կեանքի գնով:
«Ծնած ու 15 տարի ապրած եմ Արմաւիր քաղաքին մէջ: Յաճախած եմ քաղաքի 6-րդ դպրոցը: Այսօր կ՛ուզեմ օգտակար ըլլալ իմ դպրոցիս, յատկապէս` դպրոցի նախկին ու ներկայ այն սաներուն, որոնք կամ որոնց ընտանիքի անդամները մասնակցած են Արցախեան պատերազմին: Արդէն խօսած եմ դասղեկիս` Մանիա Խաչատրեանի, դպրոցի հասարակական աշխատողին հետ` պարզելու, թէ իմ դպրոցէս, դասընկերներէս քանի հոգի մասնակցած են Արցախեան պատերազմին: Արդեօք կա՞ն նահատակներ, անհետ կորածներ: Խնդրեցի տրամադրել բոլորի անուններն ու ընտանիքի անդամներուն մասին տեղեկութիւններ: Այդ զրոյցներուն ընթացքին իմացայ, որ 14 ընտանիք սեփական մաշկի վրայ զգացած է պատերազմի սարսափը, որ իմ երկու դասընկերներս` Մարտունը եւ Գուրգէնը, վիրաւորուած են պատերազմին, իսկ զուգահեռ դասարանէն Սերգէյը, դժբախտաբար, նահատակուած է»,-miasin.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Անոյշը:
Անոյշը պիտի այցելէ բոլոր 14 ընտանիքներուն եւ դրամական օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ: Քանի որ այցն Ամանորի նախօրէին տեղի պիտի ունենայ, որոշած է տօնական նուէրներ պատրաստել նաեւ Երեւանի մէջ ներկայիս բնակող արցախցի 18 փոքրիկներու համար:
Իր բարեգործական նախաձեռնութեան մասին Անոյշը բարձրաձայնած է ընկերային ցանցի իր էջին վրայ եւ շատ զարմացած, որ գրութեան արձագանքած են մեծ թիւով մարդիկ, ո՛չ միայն հայեր, այլեւ օտարներ, ինչպէս Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներէն, այնպէս ալ` հարեւան երկիրներէն: Բարեգործական նախաձեռնութեան անդրադարձած են նաեւ Փուատիէի մարզային ԶԼՄ-ները:
«Շատ ուրախ եմ, որ իմ խնդրանք-կոչին արձագանքած են այսքան շատ մարդիկ, օտարներ, որոնք շատ բան չեն գիտեր Հայաստանի մասին, երբեք չեն այցելած մեր երկիր, բայց որպէս կարեկից մարդիկ, կը ցանկան միանալ այս նախաձեռնութեան: Ինծի հետ Հայաստան պիտի այցելէ նաեւ իմ ֆրանսացի ընկերուհիս, որ մէկ տարի առաջ Հայաստան եկած է:
Ուրախ եմ նաեւ անոր համար, որ այս քայլով ես յստակ գիտեմ, թէ որո՛ւն կ՛օգնեմ: Երբեմն դուն մասնակից կը դառնաս տարբեր բարեգործական ծրագիրներու եւ շատ յաճախ չես գիտնար, թէ գումարդ ինչ նպատակի ծառայած է: Իմ այս քայլս ո՛չ միայն նպատակային կ՛ըլլայ, այլեւ կ’ունենայ իր անմիջական հասցէատէրը:
Կը ցանկայի, որ Սփիւռքի մէջ ապրող մարդիկ հետեւելով իմ քայլին` փորձեն օգնել իրենց ծննդավայրին, դպրոցին, որպէսզի հայրենիքի պաշտպանութեան մասնակցած ոեւէ զինուոր կամ նահատակ զինուորի ընտանիք, չանտեսուի: Մեր այս քայլը շատ փոքր բան է այն ամէնուն համեմատ, ինչ անոնք ըրած են»,-ըսաւ Անոյշը:









