Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի, Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու շուրջ miasin.am-ը զրուցած է  Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ գերշ. Տ․ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի հետ:

– Սրբազան, 44-օրեայ պատերազմին Դուք Արցախի մէջ էիք, հայ զինուորի կողքին: Ին՞չ տեսաք այդ օրերուն, ինչպիսի՞ հայ զինուոր ու պատերազմ տեսաք առաջնագիծին վրայ:

– Արցախ մեկնած ենք Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ` հայ զինուորի եւ հրամանատարի կողքին կանգնելու, ոգեշնչելու եւ մարտական ոգին բարձր պահելու համար: Կը կարծենք զարմանալի բան չկայ այստեղ, քանզի հայ ժողովուրդի պատմութեան ողջ ընթացքին հայ հոգեւորականը ո՛չ միայն եղած է քարոզիչ, այլ նաեւ զինուոր, մէկ ձեռքին խաչ, միւսին զէնք, մասնակցած Հայրենիքի պաշտպանութեան կամ ազատագրութեան սրբազան առաքելութեան:

Այս պատերազմը եւս բացառութիւն չէր հայ եկեղեցականներու մասնակցութեան առումով սահմանի ողջ երկայնքով: Արցախի մէջ մենք տեսանք արի, առիւծասիրտ եւ սխրագործ զինուոր ու սպայ, որոնք ակնթարթ անգամ չեն մտածած պարտութեան, նահանջի կամ վախի մասին: Բազում սխրագործութիւններ  կատարուած են այս պատերազմի ընթացքին, որոնք արժանի են յիշատակութեան եւ գրի առնուելու` յետագայ սերունդները կրթելու եւ այդ ոգով դաստիարակելու համար:

Մենք կը դատապարտենք բոլոր անոնց, որոնք հայ զինուորը կը մեղադրեն դասալքութեան կամ փախուստի մէջ: Հայ զինուորը դասալիք չէ: Հայ զինուորը, կարծես, Աստուծոյ հրեշտակը ըլլայ երկրի վրայ, հայոց սահմաններու պահապան հրեշտակը: Մենք զինուորին մէջ տեսանք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ հայ զինուորէն սորվեցանք քաջութիւն եւ սրբազան նպատակի համար կեանքը զոհաբերելու, չխնայելու պատրաստակամութիւն: Սակայն, ինչպէս յետոյ տեսանք, միմիայն զինուորի ոգին ու քաջութիւնը բաւարար չէին այս պատերազմին, եւ ունեցանք այն, ինչ ունինք այսօր:

– Ինչպիսի՞ հոգիով, զգացողութեամբ  վերադարձած էք Արցախէն: Այնտեղ` Արցախի մէջ, հայ զինուորի կողքին, Ձեզի համար կանխատեսելի՞ էր պատերազմի նման աւարտը:

– Ինչպէս արդէն նշեցի, հայ զինուորն իր կեանքի գնով կը պաշտպանէր հայրենեաց սահմանները, սակայն ասիկա, ինչպէս կ՛ըսեն, հինգերորդ սերունդի պատերազմ էր, ուր պատերազմի ելքն աւելի շատ կը վճռեն նորագոյն արուեստագիտութիւնները, օդուժը, ԱԹՍ-ները: Այս առումով, մենք տեսանք, որ ունինք խնդիրներ, մանաւանդ, օդի պաշտպանուածութեան լրջագոյն խնդիր, երբ ժամերով ուղղակի կը յայտնուէինք ԱԹՍ-ներու կողմէ եկող հրթիռներու տեղատարափի տակ: Մենք տեսանք, որ կան խնդիրներ անձնակազմի համալրման, փոխգործակցութեան եւ համագործակցութեան, սակայն, երբեք, նոյնիսկ ամենավատ երազի մէջ չէինք կրնար կանխատեսել նման ամօթալի հանգուցալուծում:

– Այս օրերուն Դուք կոչով հանդէս եկած էիք` պահանջելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր անձնակազմի հրաժարականը: Ձեր կարծիքով վարչապետի հրաժարականն ի՞նչ պիտի փոխէ երկրին մէջ, եւ ի՞նչ քայլեր պէտք է յաջորդեն ատոր: Որը՞ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի դերակատարումն այդ հարցին մէջ:

– Այո, մենք կոչ կ՛ընենք Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր թիմին հեռանալ խաղաղութեամբ, հնարաւորութիւն տալ ստեղծել ժամանակաւոր կառավարութիւն, յետագային կազմակերպել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, քանզի փաստ է եւ իրողութիւն, որ ներկայիս կառավարութիւնն ուղղակի ի վիճակի չէ երկիրը հանել այս ճգնաժամէն, աւելին, իր ո՛չ խոհեմ ու ո՛չ հաւասարակշռուած քայլերու պատճառով աւելի կը խորացնէ ճգնաժամը եւ երկիրը կը տանի գահավիժման:

Ակնյայտ է նաեւ, որ կը թեւակոխենք նոր մարտահրաւէրներու եւ փորձութիւններու ժամանակաշրջան, որոնց ըստ արժանուոյն դիմակայելու, զօրանալու եւ հզօր Հայրենիք կերտելու ճանապարհին անհրաժեշտ է ուժեղ ղեկավար, ազգային ու պետական շահը պաշտպանող կառավարութիւն եւ իշխանութիւն: Պարտուած առաջնորդի հետ ոեւէ մէկն այլեւս հաշուի չի նստիր, ատրպէյճանական իշխանութիւններն ամէն օր կը ծաղրեն Նիկոլ Փաշինեանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին, ամէն օր կը գերեվարեն նոր անձիք, պաշտպանուած չեն մեր հայրենեաց սահմանները, ամէն օր նոր տարածքներ կը զիջուին: Ասիկա ուղղակի խայտառակութիւն է եւ ամօթ մեր ազգին համար: Այս ամէնը տեսնելով եւ իրավիճակը գնահատելով է, որ մենք կը պահանջենք Փաշինեանի հրաժարականը:

Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ ձգենք այսօրուայ իրավիճակը եւ վերլուծենք վերջին երկուքուկէս տարին, ապա պիտի տեսնենք, որ յետ յեղափոխական Հայաստանի մէջ սկսան գործընթացներ, որոնք թուլացուցին պետութեան հիմքերը եւ հասցուցին այսօրուան ամօթալի իրականութեան: Յեղափոխութենէն ետք հայ հասարակութեան մէջ լայնօրէն մուտք գործեց համաշխարհայնացումը, աշխուժացան սորոսականները, աղանդաւորները, ԼԳԲՏ-ները, ընդհուպ մինչեւ պետական պաշտօններ զբաղեցնելը, ծայրայեղ ազատականութիւնը, որ բերաւ անարխիայի եւ ազգային աւանդութիւններու խաթարման, հալածանք սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի դէմ, խայտառակ փոփոխութիւններ եղան կրթական համակարգին մէջ, փորձ եղաւ մոռացութեան տալ հայոց պատմութիւնը, անցեալը, ապրիլ ուղղակի անբան կենդանիի նման, որ չունի պատմութիւն, մտածողութիւն, արժէքներ եւ, հետեւաբար, ապագայ:

Ասիկա   Մեր Հայրենիք  բերած է  յեղափոխութիւնը եւ ներկայիս վարչապետը: Մենք այսօր կ՛ուզենք ազգային շահերով առաջնորդուող, պահպանողական գաղափարախօսութեամբ ղեկավար, քանզի 21-րդ դարուն այս երկու հոսանքներու բացակայութիւնը կրնայ յանգեցնել ազգի կործանման: Մենք կ՛ուզենք, որ իշխանութիւնը մաքրուի սորոսականներէն, աղանդաւորներէն, ապազգային մտածողութեամբ գործիչներէն, չխրախուսուի պղծութիւնն ու անբարոյականութիւնը:

Միթէ՞ ասիկա կը նշանակէ, որ Հայ Եկեղեցին կամ հոգեւորականը կը խառնուին պետական գործերուն եւ կը մտնէ քաղաքականութիւն: Ի հարկէ, ո՛չ: Բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, որ Հայ Եկեղեցին կամ եկեղեցականը պէտք չէ խօսին ու միջամտեն այսօր, ապա ուրեմն նոյն տրամաբանութեամբ հայ եկեղեցականը պիտի չմարտնչեր ու չնահատակուեր պատերազմի ընթաքցքին, Հայ Եկեղեցին պէտք չէ օգներ հայոց բանակին եւ պետութեան ֆինանսապէս եւ ընկերային ծրագիրներով, ապա ուրեմն աշխարհասփիւռ  թեմերու բազում հայ հոգեւորականներ պէտք չէ բողոքի  ցոյցեր կազմակերպէին միջազգային տարբեր կառոյցներու առջեւ, ապա ուրեմն Հայ Եկեղեցին պէտք չէ հանգանակութիւններ կազմակերպէր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ`  ի աջակցութիւն Արցախի եւ մեր ժողովուրդին:

Շարքը կրնանք թուարկել, քանզի բազում են Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ պետութեան եւ կառավարութեան յատկացուած օգնութիւնները` ըլլայ հայոց բանակին, ըլլայ  կրթական, հասարակական, մշակութային եւ բազում այլ ոլորտներու մէջ:

– Պատերազմի օրերուն Սփիւռքի միասնականութիւնն ու ինքնակազմակերպուիլն աննախադէպ էր: Ռումանահայ համայնքն այդ օրերուն ինչպէ՞ս կրցաւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին եւ Արցախին:

– Սփիւռքը հսկայական դերակատարութիւն ունի մշտապէս Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող բոլոր կարեւոր գործընթացներուն: Այս օրհասական օրերուն եւս Սփիւռքի միասնականութիւնն աննախադէպ էր: Կարեւոր եւ ահռելի աշխատանք կատարած է Սփիւռքը պատերազմի ողջ ընթացքին եւ ատկէ յետոյ ալ: Հայ Եկեղեցին, իր աշխարհասփիւռ թեմերու միջոցով անգնահատելի աշխատանք  տարած է, կազմակերպուած են հանգանակութիւններ, բողոքի ցոյցեր, տրամադրուած է սոցիալական աջակցութիւն:

Ռումանիոյ հայոց թեմը եւս անմասն չէ եղած: Մեր յորդորով թեմի բոլոր ծուխերուն մէջ  իրականացուած է դրամահաւաք եւ փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Մշտապէս մեր բողոքի ձայնը բարձրացուցած ենք ատրպէյճանական գործողութիւններուն, սանձազերծած պատերազմի, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղութեամբ` պաշտօնական նամակներ յղելով Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ նախագահներուն, վարչապետներուն, Կրօնից նախարարներուն, խորհրդարաններու նախագահներուն եւ այլ պաշտօնական անձանց, պատգամներու եւ կոչերու միջոցով դատապարտելով հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի դէմ ոտնձգութիւնները, կոչ ընելով կանխել հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութեան պղծումն ու ոչնչացումը:

Եւրոպայի հայոց թեմերու առաջնորդներու, առաջնորդական տեղապահներու եւ Հայրապետական պատուիրակներու անունով պաշտօնական գրութիւն  յղած ենք նաեւ Եւրոմիութեան Եպիսկոպոսներու Համագումարին` ներկայացնելով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ խնդրելով բողոքի ձայն բարձրացնել եւ դատապարտել խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող յարձակումները: Մեր հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Եկեղեցիները, հոգեւոր ու աշխարհիկ շատ կառոյցներ ու պաշտօնեաներ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին պատերազմի օրերուն հայ ժողովուրդին եւ հանդէս եկան պաշտօնական յայտարարութիւններով:

– Արդեօք կրցա՞նք Սփիւռքի միասնականութիւնը «նիւթականացնել» ( ո՛չ ֆինանսական առումով, ի հարկէ) ի շահ Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ յարաբերութիւններու: Եւ ընդհանրապէս, ներկայ մարտահրաւէրներու պարագային ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստան-Սփիւռք յետագայ յարաբերութիւնները: Որո՞նք պէտք է ըլլան այն առաջնային հանգրուանները, որոնց շուրջ պէտք է զարգանան այդ յարաբերութիւնները` փոխադարձաբար:

– Սփիւռքը կրցաւ օգտագործել իր ողջ ներուժը եւ հսկայական աշխատանք կատարեց: Սակայն այսօր վտանգուած է Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւնը, այլեւս չկայ այն վստահութիւնը, որ հիմքն է այդ յարաբերութիւններուն: Սփիւռքն այլեւս չի վստահիր գործող իշխանութեան, քանզի չտեսաւ ազգային ոգին, ազգային գործելակերպը անոր գործողութիւններուն մէջ, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ոգին մեզի չփոխանցուեցաւ, հակառակը, հալածանք սկսաւ ազգայինի, հայ մշակոյթի, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ, որոնք հետզհետէ խարխլեցին վստահութեան հիմքերը:

Գործող իշխանութիւններն այսօր քայլեր չեն ձեռնարկեր այդ անջրպետը վերացնելու եւ կառուցողական յարաբերութիւններ սկսելու ուղղութեամբ: Մեր ողնաշարը կոտրուած է, ժողովուրդը յուսահատուած է ու վհատուած, խաբուած ու միայնակ: Սակայն մենք վստահ ենք, որ դարձեալ ոտքի պիտի կանգնինք Քրիստոսով, Տիրոջ օրինակով յարութիւն պիտի առնենք եւ կերտենք լուսաւոր ապագայ, եթէ դարձի գանք, հանենք մեր մէջէն թշնամանքն ու ատելութիւնը, սեւերու ու սպիտակներու պիտակաւորումը, երբ հասկնանք, որ պիտի ըլլանք համախմբուած ժողովուրդ` ամրապնդելով Հայրենիք, Սփիւռք, Եկեղեցի եռամիասնութիւնը:

Եւ այս առաքելութեան մէջ Սփիւռքը մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ: Սփիւռքը հսկայական փորձառութիւն ունի, տարբեր ազգերու ու ժողովուրդներու հետ համատեղ ապրելու, յարաբերութիւններ կառուցելու գործին մէջ, որմով կրնար օգտակար ըլլար մեր իշխանութիւններուն ճիշդ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կառուցելու համար:

Սփիւռքը կրնայ մասնակցիլ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, կրթական, հասարակական, մշակութային անցուդարձին, շարունակել աջակցիլ նիւթապէս, կատարել ներդրումներ, նպաստել տնտեսութեան զարգացման: Հեռուէն կամ դուրսէն դիտելով, Սփիւռքն աւելի լաւ կը տեսնէ այն սխալներն ու բացթողումները, որոնք կը վտանգեն մեր ապագան եւ, անշուշտ, կ՛առաջարկէ իր օգնութիւնն ու մասնակցութիւնը թերութիւնները շտկելու, խնդիրները լուծելու, մեր ողնաշարը ուղղելու գործին մէջ:

Յոյսով ենք, որ կամուրջներն ամբողջովին չեն այրիր, եւ Հայաստան կը կարողանայ օգտագործել Սփիւռքի հսկայ ներուժը: Չմոռնանք նաեւ, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին է Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ համայն հայութեան յարատեւութեան եւ յաւերժութեան երաշխաւորը, իսկ հայ հոգեւորականներն այդ երաշխաւորութեան մահապարտ զինուորներն են: Եւ Հայոց Եկեղեցին, եւ հայ հոգեւորականութիւնը պատասխանատուութեան երդում  տուած են մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին եւ հայոց պատմութեան: Այդ երդումով է, որ Հայ Եկեղեցին իրականացուցած է, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իրականացնել իր սրբազան առաքելութիւնը երէկ, այսօր եւ յաւիտեան:

Հարցազրոյցը վարեց՝

Լուսինէ Աբրահամեան

 

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here