Ֆրանսայի Ազգային ժողովը` դեկտեմբեր 3-ին, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ Ֆրանսայի Խորհրդարանի ընդունած պատմական որոշումէն մէկ շաբաթ անց, 188 կողմ եւ 3 դէմ ձայնով ընդունած է բանաձեւ, ուր կ՛ընդգծուի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

Բանաձեւին մէջ նաեւ կ՛արձանագրուին Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ճանապարհով խաղաղութեան գործընթացը ձախողելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու վարձկաններու տեղակայման փաստերը:

 

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here