Գերմանիոյ Նիւրընպըրկ քաղաքի հայ համայնքը հոկտեմբեր 22-ին քաղաքի նշանաւոր «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան» անունով հրապարակին վրայ կազմակերպած էր խաղաղ ցոյց եւ մոմավառութիւն` ընդդէմ Արցախի եւ հայ ժողովուրդի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն: Համախմբուած` հարիւրաւոր հայրենակիցներ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին կատարուող անարդարութեան դէմ: Համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Այգիկ քահանայ Յովհաննիսեան «Հայր մեր» աղօթքով բացումը կատարելէ ետք  ընթերցեց Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի գերմաներէն խօսքը, որուն յաջորդեց համայնքի ատենապետուհի Մարգարիտ Ասոյեան-Լինքի հայերէն ուղերձը: Մոմերը բարձրացնելով` ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակներու յիշատակը: Լիանա Մարուքեան ընթերցեց «Զինուորի մօր նամակը», որուն յաջորդեց Աննա Ղազարեանի «Կռունկ» երգի կատարումը: Հայկական դրօշակներով եւ պաստառներով հաւաքուածները կը հետեւէին նաեւ ձեռնարկին զուգահեռ` պատի վրայ ցուցադրուող տեսանիւթերուն, որոնք պատրաստած էր Մարիամ Աւետիսեանը: Ելոյթ ունեցան նաեւ ասմունքողներ Տիանա Տանոյեան եւ Անոյշ Չախալեան: Գրեթէ երկու ժամ տեւած ցոյցն աւարտուեցաւ հայրենասիրական երգերով եւ Տէրունական աղօթքով:

Մամլոյ դիւան

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here