Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Հաճոյքն ունինք յայտարարելու, թէ Պետութիւնը վաւերացուցած է 2008-էն իվեր մեր կողմէ առաջադրուած ծրագիր մը Արեւմտահայերէնի դասաւանդութիւնը կիրարկելու տեղւոյս կարգ մը երկրորդական վարժարաններէն ներս, ուր բաւարար թիւով hայ աշակերտներ կը յաճախեն։
Կը հաւատանք, թէ այս միջոցառումը մեր զաւակներուն մօտ ոչ միայն պիտի ապահովէ հայերէնի շարունակական ուսուցումը, այլեւ իր յատուկ օգտակարութիւնը պիտի ունենայ մեր մշակութային գիտելիքներու զարգացման մէջ։
Այս ուրախ առիթով, պարտք կը զգանք մեր խոր երախտագիտութիւնը յայտնելու Կիպրոսի Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան, մեր գաղութին նկատմամբ ցուցաբերուած շարունակական հետաքրքրութեան եւ զօրակցութեան համար»։



