Saturday, October 3, 2026

Համագործակցութեան Յուշագիր` Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ «Ազդակ»-ի Միջեւ

Երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուար 2021-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր` համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովման, միացեալ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպման, մամուլի թուային պատճէններու փոխանակման, մասնագէտներու փոխադարձ այցելութիւններու, թուայնացման միացեալ ծրագիրներու իրականացման, «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմութեան, «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի ներգրաւման հարցերուն շուրջ:

Յուշագիրը ստորագրելէ ետք Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան նշեց, որ «Ազդակ»-ի հետ համագործակցութիւնը գրադարանը սկսած է 6 տարի առաջ, եւ յուշագիրի ստորագրութեան նպատակն է համագործակցութեան տալ պաշտօնական բնոյթ: Ազգային գրադարանին մէջ արդէն կը տարուին օրաթերթի մատենագիտութեան կազմութեան աշխատանքները, եւ կը նախատեսուի 2027-ին` «Ազդակ»-ի 100-ամեայ յոբելեանին, հրատարակել զայն: Աննա Չուլեանի կարծիքով` ասիկա նախադէպ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ մամուլը Ազգային գրադարան բերելու առումով:

Օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ սփիւռքահայ յայտնի մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդիները` Տարօն ու Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները, նախորդ տարի Ազգային գրադարանին յանձնած էին «Ազդակ»-ի թուայնացուած ամբողջ արխիւը: Շահան Գանտահարեան նշած է, որ թուայնացուած են ո՛չ միայն օրաթերթի մինչեւ այսօր հրատարակուած բոլոր թիւերը, այլեւ յաւելուածները, ինչ որ կարեւոր է սփիւռքի մէջ հրատարակուող իւրաքանչիւր թերթի համար: Թէժ կէտերու մէջ, ուր յաճախ վտանգուած է նաեւ թերթի թուայնացուած արխիւը, անոր անվտանգութեան մասին մտածելը ռազմավարական նշանակութիւն ունի, եւ ալ ո՞ւր պիտի պահպանուէր այդ արխիւը, եթէ ոչ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ: Շահան Գանտահարեան նշած է նաեւ, որ այդ առումով բեկումնային էր գրադարանին մէջ 28-29 նոյեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» գիտաժողովը, քանի որ  այդտեղ որոշուեցաւ կազմել «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը, եւ գնահատելի է այն արհեստավարժ աշխատանքը, որ կը տարուի այդ ուղղութեամբ գրադարանին մէջ: Ըստ օրաթերթի խմբագիրին` «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմութիւնը հսկայական նշանակութիւն պիտի ունենայ յատկապէս սփիւռքի պատմութիւնը հետազօտողներուն համար:

Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք կողմերը շնորհաւորեցին իրար` ընդգծելով, որ մեծ ճամբայ ունին միասին անցնելիք:

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news