Սան Տիակոյի հայ համայնքը հոկտեմբեր 21-ին քաղաքի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի անունը կրող հրապարակին վրայ խաղաղ ցոյց  իրականացուցած է` ի աջակցութիւն Արցախի եւ Հայաստանի: Երբ հայ համայնքի ներկայացուցիչները ժամանած են հրապարակ, անոնց  մօտեցած են ազգութեամբ թուրք  քանի մը տղամարդ եւ սպառնալիքներ հնչեցնելով` «խնդրած» են լքել «իրենց» հրապարակը` աւելցնելով, որ չեն ձգեր որեւէ ցոյց իրականացուի Աթաթուրքի արձանի մօտ: Միաժամանակ յիշեցուցած են, որ Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին եւ հայ համայնքի գործողութիւնները կրնան վտանգել անոնց կեանքը:

miasin.am-ը, յղում կատարելով Diario Armenia-ին, կը յայտնէ, որ չտրուելով սադրանքներուն` հայ համայնքը կրցած է շուրջ 2 ժամ խաղաղ ցոյց իրականացնել: Ցոյցի ընթացքին հնչած են Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները դատապարտող ելոյթներ, կոչեր: Հաւաքն աւարտուած է «Մեր հայրենիք» օրհներգով: Ցոյցի ողջ ընթացքին թուրքերը շարունակած են «պահպանել» Աթաթուրքի արձանը` թրքական դրօշներ թափահարելով եւ «Գորշ գայլերուն» բնորոշ ժեստեր ցուցադրելով: Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն ցոյցի ընթացքին հսկած են տեղի ոստիկանները:

 

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here