Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները հոկտեմբեր 23-ին հերթական անգամ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած էին` ի աջակցութիւն Արցախի եւ Հայոց բանակի:
Ինչպէս կը հաղորդէ miasin.am-ը, հազարաւոր գանատահայեր Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները դատապարտող պաստառներով եւ կոչերով շրջած են Օթթաուայի փողոցներով` Գանատայի կառավարութենէն պահանջելով կանխել Արցախի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող հերթական ցեղասպանութիւնը եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչներն այնուհետեւ իրենց բողոքի ցոյցը իրականացուցած են Գանատայի խորհրդարանին դիմաց` շարունակելով իրենց ձայնը լսելի դարձնել ընդդէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումներուն:
Լուս.` TorontoHye-ի








