Saturday, October 3, 2026

«Արցախը պատերազմէն ետք» վաւերագրական ժապաւէնի առցանց ցուցադրութիւն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի՝ 28 ­Փետ­րո­ւար 2021ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9-ին, ա­ռա­ջին առ­ցանց ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ար­ցա­խը պա­տե­րազ­մէն ետք» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին։
­Յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար յատ­կա­պէս պատ­րաս­տուած այս ժա­պա­ւէ­նը, քա­ռորդ մը տե­ւո­ղու­թեամբ, խտա­ցուած ձե­ւով կը նկա­րագ­րէ Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի թէժ օ­րե­րը, 44 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած ծանր յար­ձա­կում­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի վրայ գոր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րը։ Ե­րի­զի բա­ցատ­րո­ղա­կա­նը կա­տա­րեց ընկ. Ար­թօ ­Շեմ­մաս։ ­Դի­մա­տետ­րի եւ «YouTube»-ի վրայ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի է­ջե­րէն ցու­ցադ­րո­ւած ե­րի­զին հե­տե­ւե­ցան մեծ թի­ւով հայ եւ յոյն հան­դի­սա­տես­ներ, ա­ռա­ջին իսկ ցու­ցադ­րու­թե­նէն բարձր ցու­ցա­նիշ տա­լով ժա­պա­ւէ­նին։ ­Նոյն ե­րի­զը պի­տի տե­ղադ­րո­ւի ­Հայ ­դա­տի ­յանձ­նա­խում­բի կայ­քէ­ջին (www.ancg.gr) եւ Ա­զատ Օ­րի (www.azator.gr) կայ­քէ­ջին մէջ։
Ե­րիզ­նե­րու եւ լու­սան­կար­նե­րու հան­դի­սադ­րու­մով, նկա­րագ­րա­կա­նը կը կա­տա­րո­ւի պա­տե­րազ­մին, զի­նա­դա­դար­նե­րու խախ­տում­նե­րուն, բա­ցա­յայ­տե­լով ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին, ռազ­մա­կան ար­դի ար­տադրու­թեան սար­քե­րու տրա­մադ­րու­մով, վարձ­կան զի­նո­ւոր­նե­րու եւ ղե­կա­վար ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։ ­Տո­ւեալ­նե­րով կը ներ­կա­յա­ցո­ւին Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծած պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­նե­րը, պա­հան­ջե­լով գե­րի­նե­րու ան­յա­պաղ վե­րա­դար­ձը։
­Յա­տուկ կը շեշ­տո­ւի նաեւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի կարգ մը լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած ա­պա­կողմ­նո­րո­շող կե­ցո­ւած­քը, մի­տում­նա­ւոր դրսե­ւո­րում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ ըն­թա­ցով՝ «հա­մա­ցան­ցա­յին» պա­տե­րազ­մը։
­Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին մէջ տեղ գտած են տո­ւեալ­ներ, որ կը վե­րա­բե­րին Ատր­պէյ­ճա­նի շա­րու­նա­կա­կան հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ­Սունմ­կա­յի­թի ջար­դե­րուն, ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նի սպա­նու­թեան դէպ­քին, շեշ­տե­լով պե­տա­կան մա­կար­դա­կով տա­րի­նե­րէ ի վեր գոր­ծադ­րո­ւող հա­լա­ծան­քի ու ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Նոյն­պէս կը բա­ցա­յայ­տո­ւի ­Թուր­քիոյ հա­մա­թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը եւ ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դող քայ­լե­րու որ­դեգ­րու­մը։
­Պա­տե­րազ­մի մա­սին ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցեն ­Հա­յաս­տա­նի ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ­պաշտ­պան պրն. Ար­ման ­Թա­թո­յեա­ն եւ Ար­ցա­խի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու նախ­կին պաշտ­պան պրն. Ար­տակ ­Բեգ­լա­րեա­նը։ ­Մար­դու­ժի եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու ա­ռու­մով ան­հա­ւա­սար այս պա­տե­րազ­մի ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու հան­դի­սադ­րու­մէն ետք, տեղ կը տրո­ւի Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ի նպաստ ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն եւ զօ­րա­շար­ժի քայ­լե­րուն,  ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նէն ու­ղար­կո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ար­շա­ւին։
Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մը ի յայտ կը բե­րէ ան­հեր­քե­լի ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րը ե­րաշ­խա­ւո­րող միակ ազ­դա­կը՝ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի յար­գու­մը եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չումն է։

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

«Աղօթքով պիտի կերտենք Նոր կեանքը». Յովնան Սրբազան

ԱՄՆ Արևմտյան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ․ Հովնան արք․ Տերտերյանը Հայոց Մայր Եկեղեցու ամենաբազմավաստակ, իմաստուն, նվիրյալ հոգևորականներից  է։ Իր խոսքն սպեղանի, բալասան դարձրած՝ տասնամյակներ...