2020 թուականը կ’աւարտենք ազգովին կրած մեր մեծ ու խայտառակ պարտութեամբ, որ թերեւս՝ մեծագոյնն է՝ հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի բոլոր ձախողութեանց մէջ: 27 Սեպտեբերին մեզի պարտադրուած 44-օրեայ պատերազմը վերջ գտաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած 9 Նոյեմբերի ուշ երեկոյեան կնքուած զինադադարով, որ ամէն իմաստով անձնատուական է հայկական կողմին համար: Զինադադար՝ որով ոչ միայն Ատրպէյճանին կը յանձնուին Արցախի եօթը շրջանները եւ Շուշին, այլեւ ուղղակի կապ կամ ճանապարհ կը ստեղծուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, Մեղրիի վրայով, մեծ հարուած հասցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան:
Կարսի անկումէն ուղիղ հարիւր տարի ետք, պատմութիւնը կարծէք ինքզինք կը կրկնէր, փանթուրանական միեւնոյն գաղափարախօսութեամբ, ռուս-թրքական գործակցութեան միեւնոյն եղանակով, բայց մանաւանդ մեր պառակտուածութեամբ, անձնականն ու խմբակային-հատուածականը ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ չկարենալ զիջելու մեր տհասութեամբ եւ քաղաքական խակութեամբ:
Պիտի յատկապէս ընդգծել որ յետ-անկախութեան 30 տարիներուն եւ ընդհանրապէս ալ, մենք ճիշդ չենք գնահատած պատմական պահի լրջութիւնը, մեր կարողութեանց եւ կարելիութեանց չափն ու սահմանը, մեր թշնամիին նպատակը, ծրագիրը: Գերագնահատած ենք մեր ուժերն ու կարողութիւնները եւ թերագնահատած ենք թշնամին: Մենք ճիշդ չենք գնահատած մեր պատմութենէն բխող դասերը: Մենք ճիշդ չենք գնահատած թէ ո՞վ կրնայ ձեռք մեկնել մեզի, ելլելով իր ազգային գերագոյն շահերէն: Մենք չենք կրցած կանխատեսել դէպքերու եւ իրադարձութեանց ընթացքը, իրականը շփոթելով մեր իղձերու իրականացման հետ: Մենք չենք կրցած մշակել քաղաքական մեր ծրագիրը, առաւելագոյնը եւ կարմիր գիծը յստակեցնելով: Եւ ասիկա՝ Քի Ուեսթէն, Մատրիտեան սկզբունքներէն, Քազանի եւ Լաւրովի ծրագիրներէն ետք, ուր Արեւմուտքը, Արեւելքը, Հարաւը եւ Հիւսիսը մեզի աւելի քան 20 տարի կ՚ըսէին, որ իրենք պիտի չճանչնան Ղարաբաղի անկախութիւնը, որ իրենք կը համարեն Ղարաբաղի յարակից՝ Հայերու կողմէ վերահսկուող եօթը շրջանները՝ գրաւեալ շրջաններ, զորս պէտք է վերադարձնենք: Միաժամանակ, Ատրրպէյճան մեզի կ՚ըսէր, որ իրենք պիտի պատերազմին այդ շրջաններուն համար:
Պատի՛ւ, փա՛ռք ու խոնարհում, սակայն, մեր 18-20 տարեկան զինուորներուն, որոնք կռուեցան անտեղիտալի քաջութեամբ, շատ անգամ հերոսական սխրանքներ արձանագրելով նորօրեայ պատմութեան էջերուն մէջ…
Եւ հիմա, այս անփառունակ պարտութենէն ետք, փոխանակ համախմբուելու, մեր բիւրաւոր վէրքերը դարմանելու, երկիրը վերականգնումի ուղիին վրայ դնելու համար ելքեր փնտռելու, ամէն մարդ զբաղած է` մէկը միւսը մեղադրելու, զայն անարգութեան սիւնին գամելու տխուր եւ անպտուղ, այլեւ հայրենակործան գզուըռտոցով:
Իրաւամբ ըսուած է որ պարտութիւնը տէր չունի…Պիտի խոստովանիլ անշուշտ որ այս յանձնուողական, տխրահռչակ զինադադարի գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կ’երթայ երկրի գերագոյն հրամանատար, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ պարտէր ընել անհնարինը գուցէ, դիւանագիտական եւ այլ ճամբաներով խուսափիլ պատերազմի բռնկումէն, կանխել զայն…: Բայց եթէ անկեղծ ու ազնիւ ըլլանք, ՀՀ յետ-անկախութեան 30 տարիներուն, ի՞նչ ըրին միւսները, եթէ ոչ՝ մեր երկրին ընդերքն ու ամբողջ հարստութիւնը կեղեքելը, դղեակներ, ամառանոցներ, հիւրանոցներ եւ չեմ գիտեր ի՛նչ խաղատուներ, պիզնէսներ սարքելը, երկրէն հսկայական գումարներ թալանելն ու աշխարհի «օֆշորերու» մէջ կուտակելը…, փոխանակ բանակը զօրացնելու, երկրին սահմանները անառիկ դարձնելու, աղքատութիւնը վերացնելու եւ արտագաղթը կասեցնելու, ռազմարդիւնաբերութիւնը եւ տնտեսութիւնը զարգացնելու…եւ մասնաւորաբար՝ հազարներու արեան գնով ձեռքբերուած յաղթանակը ամրագրելու եւ Արցախի ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու գծով..: Այնքան շատ են բացթողումները, զորս միայն ու միայն ներկայ իշխանութեանց վրայ բեռցնելը առնուազն անազնուութիւն է, խաբէութիւն է, պատասխանատուութենէ խուսափիլ է…:
Յատկանշական է Յովհաննէս Թումանեանի գրած նամակը Աւետիք Իսահակեանին, 1921-ի Դեկտեմբերին. “Ես չեմ ուզում եւ չեմ էլ կարող երկար ու բարակ գրել մեր երկրից, թէեւ դու հարցնում ես։ Կարճն ասեմ. — մենք թե՛ դրսից, թե՛ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը։ Գլխաւորապէս մենք։ Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը։ Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը՝ գողեր ու աւազակներ, մի մասը ապիկար թշուառականներ, եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր։ էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ, ո՛չ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք ո՛չ պատասխանի կանչուեց, ո՛չ պատասխան տուեց։ Եւ շարունակուում է. այժմ էլ նոյն մարդիկը՝ նոյն ճանապարհներով․․․
Եւ ոչ մեկը գոնէ անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցանէր, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ կամ էս ժողովրդի մէջ: Բայց ես ի՞նչ եմ ասում — չկարողացան գոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ”։
Կարծէք՝ գրուած ըլլար մեր օրերուն:
Որքան դժուար է ազգային խոցուած հպարտութիւնը ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼԸ…
Որքան դժուար է ազգային վիրաւոր արժանապատւութիւնը ԲԱՐՁՐ ՊԱՀԵԼԸ…
Բայց որպէս ԱԶԳ ու ԵՐԿԻՐ յարատեւելու համար, մենք հարկադրուած ենք նոյնիսկ այս ահաւոր պարտութենէն դուրս գալու՝ առաւել իմաստնացած, միասնական ոյժերով, նոր դասեր քաղելով մեր բազում սխալներէն, հզօրանալով պահ առ պահ, մեր վէրքերը բուժելով եւ մանաւանդ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ տեսլականը վառ պահելով, մեր վրայէն թօթափելով ինքնախաբէութեան, պատրանասիրութեան ախտերը, զիրար չհանդուրժելու, ներքին բաժանումներ ստեղծելու արատները մեր մէջ…:
Պահն է զգաստանալու, պահն է վերակազմակերպուելու, պահն է պետական մտածողութեան նոր վճռակամութիւն եւ նոր որակ ու մակարդակ հանդէս բերելու եւ ՀԶՕՐԱՆԱԼՈՒ, բոլոր մարզերէն ներս, ի մասնաւորի հայկական բանակը գերարդիական զինամթերքով զինելու մէջ, ռազմարդիւնաբերական, արհեստագիտական, գիւղատնտեսութեան եւ կրթութեան ոլորտներէն ներս, որպէսզի կարենանք ՀԶՕՐ պետութիւն ու բանակ, ՀԶՕՐ երկիր կառուցել…եւ միշտ մեր մէջ ամրապնդելով ԻՐԱՒ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ամէնէն բարձր գիտակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը, քանզի առանց հայրենիքի, մենք ոչինչ կը դառնանք, այսինքն կը դառնանք խլեակներ, թափառական մուրիկներ աշխարհի չորս ծագերուն եւ փոշի ազգ՝ ոչնչացման դատապարտուած…:
Քանզի՝ փոխ առնելով Վազգէն Շուշանեանի խորիմաստ խօսքերը՝ «Ոչի՛նչ աւելի թանկագին է երկրի վրայ, քան հայրենի հողը: Կ’անցնին բոլոր փառքերն ու բոլոր որոտընդոստ երգերը, երբ անոնք չեն բխիր հայրենի երկրին ընդերքներէն:…Հայոց Ազգ, քայլերդ դուրս մի՛ նետեր այս աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն…Աւելի լաւ է սողալ այստեղ՝ քան թէ գլուխ ցցել ուրիշին սահմաններուն վրայ…»
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ






