Կը ներկայացնենք miasin.am-ի հարցազրոյցը ՌԱԿ Յորդանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ, Ազգային տեղական խորհուրդի 30 տարուայ նախկին ընդհանուր քարտուղար եւ գանձապահ, ԱՄՄ-ի նախկին ատենապետ, ճարտարագէտ Ներսէս Ներսէսեանի հետ:
– Պատերազմի օրերուն Սփիւռքը միանգամէն ինքնակազմակերպուեցաւ ու հնարաւոր բոլոր եղանակներով (քաղաքական, մարդասիրական, տեղեկատուական եւ այլն) ջանաց օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենիքին. Ձեր համայնքը/կառոյցը այդ օրերուն ո՞ր ուղղութիւններով կ՛աշխատէր եւ ինչպէ՞ս կրցաւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:
– Քսանըմէկերորդ դարու երկրորդ տասնամեակի՝ չորրորդ քառորդի ժամանակահատուածին, արհաւիրքային զարհուրելի յարձակում մը դիմագրաւեց Հայ ազգը Ղարաբաղի ողջ երկարութեան վրայ:
Սոյն չարագուշակ եղելութիւնը կատարուած Ղարաբաղի հարեւան Ազրպէյճանի կողմէ կայծակնային արագութեամբ ահուդողով ցնցեց ինչպէս Հայրենիքի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր Հայու տունն ու հոգին:
Անկասկած, որ Հայրենիքի կողքին Հայ հասարակութիւնը իր լիակատար նուիրուածութիւնն ու զոհողութիւնը առաջարկեց իր ներդրումը բերելու եւ կասեցնելու այս սարսափելի մղձաւանջը:
Ինչ կը վերաբերի յորդանանահայութեան՝ գաղութի հաստատութեանց, Հոգեւոր Առաջնորդութեան, եկեղեցիի եւ Միութեանց պատասխանատուներուն, միութիւնները այստեղ կաշկանդուած կը գտնուին, երկրի չէզոք կեցուածքի պատճառով, նոյն ժամանակ երբ երկրի մէջ գտնուող մամուլը աւելի թշնամիին տեսակէտը կը ներկայացնէին։
Տարբեր ձեւերով մօտեցումներ եղան մամուլին կարծիքը փոխելու, սակայն ապարդիւն։
Նիւթական աջակցութեան վերաբերեալ, ինքնակամ նուիրեալ համայնքի երիտասարդներ, ե՛ւ անձնական նուիրատուութիւններ քաջալերելով, եւ՛ դրամահաւաք կազմակերպելով, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ուղարկեցին: Աւելի ուշ, Առաջնորդարանը նոյնպէս դրամահաւաք կազմակերպեց եւ դրամական օժանդակութեան մասնակցեցաւ։ Եղան նաեւ ոչ նիւթական նուիրատուութիւններ։ Համայնքի անդամները խորասուզուած պատերազմի շարունակական իրավիճակներուն, ազգանպաստ ակնկալութիւններով կ’ուզէին աւետուիլ օրուայ իւրաքանչիւր րոպէին կամ ժամին:
Գաղութս մեծ բաւարարութիւն ստացաւ իմանալով, որ Երեւանի մէջ թիւով երեք յորդանանահայեր դրդուած իրենց ազգաշունչ ոգիին եւ հարուստ գիտակցութեան, իրենց ուրոյն մասնակցութիւնը բերելով միացան Հայ զինուորին եւ հասան ռազմաճակատ:
Ողջ հայութեան կողքին գաղութիս անդամները մեծ սպասումներով «Յաղթանակը մերն է» լոզունգով կը գովերգէին եւ Ղարաբաղի անկախութիւնը կը պահանջէին, մանաւանդ սոցիալական ցանցերու տարբեր հարթակներու միջոցներով։
Տիրող պատերազմի ընթացքին ողջ հայութիւնը մոլորուած էր ՀՀ Վարչապետի եւ ԱՀ Նախագահի աւետաբեր յաղթանակի յայտարարութիւններով:
«Աւաղ փառացս անցաւորին երբ թագաւորդ դեռ մանուկ է»:
Բայց մեր իշխանաւորները մանուկի կողքին, առաւել եւս հանդիսացան ազգի դաւադիրներ եւ անհաւասարակշիռ նենգաւորներ:
– Այսօր, դժբախտաբար, ունինք իրականութիւն մը, որուն հետ համակերպիլը դժուար է: Որո՞նք են այն առաջնային նպատակակէտերը, որոնց ուղղութեամբ պէտք է քայլեր ձեռնարկել: Եւ որը՞ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի դերակատարումն այդ հարցին մէջ:
– Ամմանահայ Գաղութէն ներս, Հայրենիքի իրավիճակով մտահոգ անձնաւորութիւնները ցաւ ու սարսափ ապրեցան Հայաստանի Վարչապետի ինքնագլուխ եւ բռնապետական անբացատրելի ու աններելի դաւաճանական յանցանքներուն համար:
Ներկայ իշխանութեան կողմէ երկուքուկէս տարիներու ապառողջ քաղաքականութիւնը ի դերեւ հանեց այդ բոլոր խոստումները որոնց վրայ հիմնուած էր «Թաւշեայ» կոչուած իշխանափոխութիւնը, եւ վարած անխոհեմ քաղաքականութեամբ աղաւաղեց Հայրենիք – Արցախ – Սփիւռք միասնականութեան հասկացողութիւնը:
Վերացնելով Սփիւռքի նախարարութիւնը ուրացաւ սփիւռքահայութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող հարազատութիւնն ու ազգային պատասխանատուութիւնը:
Սփիւռքի նախարարութեան փոխարէն նշանակեցին Սփիւռքի Յանձնակատար: Սոյն խղճահարուած միտքը խեղճացուց եւ մթաքնեց Հայրենիք-Սփիւռք վառ եւ կենսուրախ յարաբերութիւնը, զորս կը մղէր ողջ սփիւռքահայութիւնը դէպի Հայրենիք եւ հայրենասիրութիւն, դէպի հայերէն լեզուի ուսուցում եւ տարածում:
Սփիւռքահայութիւնը երբեք պիտի չներէ եւ շարունակ պիտի նզովէ ՀՀ ներկայ իշխանութեան անխոհեմ, ազգատեաց եւ աննպատակ ապրող արարածներուն:
Ներկայ Վարչապետը եւ իր քայլականները աշխարհագրական կամ տարածքային չափերով փոքրացուցին ու կծկեցին Արցախը: Անփութօրէն դաւադրական ծրագրերով պատճառ հանդիսացան, որ հազարաւոր երիտասարդներ սպաննուին, տուներ քանդուին, հազարաւոր ընտանիքներ հաշմանդամներ ունեցան: Հայաստանի ողջ հասարակութենէն տուրքեր հաւաքեցին եւ դրամաշնորհներ կամ պարգեւներ բաժնեցին «Իմ Քայլականներուն», եւ տակաւին շատ եւ շատ բազմազան անընդունելի գործընթացներ:
Համաձայն Սփիւռքի ունեցած կարծիքին ու դատումին, ներկայ վարչապետի գործած յանցանքները կը հանդիսանան աններելի: Իր եւ «Իմ Քայլ-ականներու» իշխանութեան անբաղձալի գոյութիւնը արդէն բնական աղէտներ կը հանդիսանան Հայ Ազգին եւ Հայրենիքին:
Այս արհաւիրքի ամենամեղմ լուծումը կը հանդիսանայ, որ ներկայ իշխանաւորները հրաժարին եւ գիտակցօրէն փոխանցեն իրենց դերը աւելի խոհեմ եւ հայրենանպաստ ու ազգանպաստ իշխանութեան:
– Պատերազմի օրերուն անգամ մը եւս փաստեցինք, որ Սփիւռքը զօրեղ ուժ է, մեր ամենամեծ հարստութիւնը` պատրաստ է միշտ կանգնելու հայրենիքի կողքին: Այսօր ունինք նոր մարտահրաւէրներ. ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստան-սփիւռք յետագայ յարաբերութիւնները: Որո՞նք պէտք է ըլլան այն առաջնային հանգրուանները, որոնց շուրջ պէտք է զարգանան այդ յարաբերութիւնները` փոխադարձաբար:
– Արցախ – Ազրպէյճան պատերազմի ընթացքին ողջ աշխարհը վկայեց Հայ Սփիւռքի զօրութեան, միասնականութեան ոգիի, Հայրենիքի հանդէպ իրենց կապուածութեան եւ լրջախոհութեան մասին:
Միանշանակ Սփիւռքը պէտք է ունենայ իր շօշափելի դերը Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու կարգին:
Սփիւռքի մէջ Հայերէն լեզուի ուսուցումը պէտք է քաջալերուի Հայրենիքի պետութեան լուրջ օժանդակութեամբ:
Ազգային մշակոյթը, արուեստը, պատմութիւնն ու գրականութիւնը, Հայրենի կատարողներու եւ բանախօսներու կողմէ պէտք է խրախուսուին Սփիւռքի հայահոծ գաղութներուն մէջ:
Այսօր, Միջին Արեւելքը գրեթէ պարպուած է հայութենէ: Անկասկած, որ մեծ պետութիւնները հայու ստեղծագործական կարողութիւնները իմանալով կ’աշխատին գաղթականներու հովանոցի տակ հայերու ապաստարան տալ իրենց երկիրներուն մէջ:
Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը որպէս գերխնդիր անհրաժեշտութիւն, Հայրենիքի իշխանութիւնը եւ Սփիւռքի միասնական զօրութիւն մը, եւ կամ կազմուող Սփիւռքահայութեան նախարարութիւն մը առաջքը առնէ եւ մեր երկիրն ու ազգը զօրացնէ Հայրենիքին մէջ: Նման ծրագիրներ կը յաջողուին միայն եւ միայն հայրենիքը զօրացնելով, հայրենիքը հրապուրիչ դարձնելով եւ աշխատանքային դիւրութիւններ ստեղծելով հայրենիքի իշխանութեան հովանաւորութեան ներքոյ:
Սոյն Ազգային հեռանկարներու ծրագիրները յաջողեցնելու խոշորագոյն պարտականութիւնը, պէտք է որ սահմանուի ողջ սփիւռքահայութեան վրայ:
Իմ առաջարկս կամ մտահորիզոնս կը սահմանուի եւ կամ կ’ընդարձակուի, Համահայկական Գաղափարախօսութեան քարոզչութեան մեթոտներու միջոցով: Հայապահպանում, ազգապահպանում, ազգային գիտակցութիւն, հայ լեզու եւ Հայրենիք:
Նման ծրագիրներ երբեք չեն յաջողիր ներկայ Վարչապետի եւ իշխանութեան առկայութեամբ:
Մեզի անհրաժեշտ է Նոր Վարչապետ եւ նոր իշխանութիւն:
Եւ ամենավերջը Սփիւռքը պէտք է գիտակցի, որ Հայաստանն ու Արցախը ներկայիս ամէն ժամանակներէ աւելի, օգնութեան կարիքը ունին:






