Արցախի պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս երեք ամիս ընդհատումէ ետք, Դեկտեմբեր 14-ին Հայ Օգնութեան Միութեան Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու դասաւանդութիւնը վերսկսաւ։ Ընդհանուր 77 աշակերտներ վերադարձան իրենց սիրելի դպրոցը, ուր միացան իրենց ընկերներուն եւ դաստիարակներուն։ Իսկ, Աշանի մանկապարտէզը իր դռները պիտի բանայ երբ շրջանի ելեկտրականութեան հարցը լուծուի եւ ապահովուին կառոյցին ջերմութիւնն ու ելեկտրականութիւնը։

Հանգրուան առ հանգրուան Արցախ վերադարձող ընտանիքներուն թիւին հիման վրայ, կ՛ակնկալուի նաեւ մանկապարտէզներէն ներս աշակերտութեան թիւի աճ։

ԱղԷտալի այս պատերազմի դէպքերէն ետք, աշխատանքի վերադառնալը դիւրին չէր դաստիարակներուն համար, որոնց կորուստի ցաւը տակաւին թարմ է իրենց սրտերուն մէջ։ Սակայն, երեխաներուն հոգեկան հանգստութիւնը առաջնահերթ դասելով, անոնք պատրաստ են իրենց գուրգուրանքով, թէկուզ մասամբ, նուազեցնել մատղաշ սերունդին ապրած ցաւն ու սարսափը։

Ամանորի այս օրերուն մեր բոլոր բալիկներուն կը մաղթենք խաղաղ եւ երջանիկ դպրոցական տարեշրջանի շարունակութիւն։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը «Ամանոր» ծրագրին ընդմէջէն, այս տարի «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշակերտութեան կողքին, կաղանդի առթիւ նուէրներ պիտի բաժնէ նաեւ   տեղահան եղած Արցախցի երեխաներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ«Հայրենիք»շաբաթաթերթը:

Հ․Օ․Մ․-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը սկսած է 1998 թուականին Ստեփանակերտի մէջ։ Մօտ երկու տասնամեակներ ետք, Արցախի տարածքին մէջ Հ․Օ․Մ․-ի մանկապարտէզներու ցանցը տարածուելով Արցախի այլ շրջաններէ ներս, հասաւ տասնըերկուքի, որոնցմէ չորսը յետագային յանձնուեցան Արցախի պետութեան։ Մինչեւ պատերազմին աւարտը, Հ․Օ․Մ․-ը կը վարէր ութ մանկապարտէզներ, ուր մօտաւորապէս 400 երեխաներ կը ստանային մտային զարգացում եւ ընկերային, բարոյական ֆիզիքական ու գեղարուեստական կրթութիւն։  Նոյեմբեր 9, 2020-ի տխրահռչակ յայտարարութեամբ, Մեծ Թաղեր, Տող, Շուշի եւ Քարեգահ շրջաններու «Սօսէ» մանկապարտէզները անցան Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հոգալով պատերազմի հետեւանքով տեղահան եղած մանկապարտէզներու պաշտօնէութեան, անոնց յատկացուց նիւթական օժանդակութիւն։ Այսօր Հ․Օ․Մ․-ը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Արցախի իրավիճակին եւ Արցախի ու Հայաստանի Հ․Օ․Մ․-ի միաւորներուն գործակցութեամբ, իր առաքելութիւնը կը շարունակէ օժանդակութիւն տրամադրելով տեղահանուած ընտանիքներուն եւ զոհուած զինուորներուն զաւակներուն։

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here