Օրեր…, շաբաթներ…, ամիսներ…, բայց ոչ մէկ բարելաւում: Սպասումներ, խոհեմ ակնկալութիւններ…, տրամաբանական ընթացք…, բայց ոչ մէկ նշոյլ: Հիասթափուած վիճակ, արժանապատւութեան խորտակում, լարուածութիւն եւ ուղեղային բորբոքումներ…:
Կեանքի այս ընթացքը նախագծած է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը, արհաւիրք կերտող, դժոխային շքանշանի արժանացած վարչապետին հետ միասին:
- «Մինչեւ երբ այս ոսոխային, անհաւասարակշիռ եւ անպարկեշտ ծրագիրներն ու կործանարար արշաւները պիտի շարունակէք գործադրել մեր երկրին մէջ» Պրն. վարչապետ:
- Սադայէլական խմբակ, դուք պիտի նզովուիք մարդկութեան կողմէ, եւ անկասկած որ Տիրոջ բարկութեան պիտի արժանանաք:
- Ողջ Հայութիւնը միանշանակ կը հասկնայ, որ դուք կը ձեւացնէք թէ անտեղեակ էք եւ չէք գիտակցիր, թէ ինչ կը կատարուի Ձեր միջոցով կամ Ձեր միջնորդութեամբ:
- Ոչ մէկ վստահութիւն կամ յարգանքի նշոյլ թողեցիք Ձեր իւրացուցած պաշտօնին եւ ղեկավարած կառավարութեան անդամներուն հանդէպ ողջ աշխարհի ժամանակակից պետութեանց կողմէ:
- Բոլորս երկմտանքի մէջ ենք, թէ դուք շօշափելի անձէ՞ք կամ առասպելական մի խաբկանք, որ չենթարկուիր բնութեան եւ մարդկութեան օրէնքներուն:
- Ողջ հայութեան, եւ հարեւան երկրներու ժողովուրդներուն յստակ է, որ ձեզ հասած ազգային ժառանգամասնիկի մէջ հայկական կեները լքած եւ անվերադարձ հեռացած են ձեր կերպարէն:
- Եթէ սկսիք հասկնալ Հայ Ազգի հանդէպ Ձեր պատճառած կործանիչ եւ անզուգական վնասներու մասին, պիտի ուզէք անյապաղ չգոյանալ կամ վերանալ այս աշխարհէն:
- Ողջ Հայութեան աղօթքներու վերամբարձ սպասումները կը պաղատին բնութենէն կամ Տիրոջմէն, որ Հայաստանը ձերբազատուի ձեր իշխանութենէն:
- Դուք ինչպէ՞ս կրնաք ձեր գլուխը բարձի վրայ դնել գիտնալով, որ Արցախի 73 Տոկոսի տարածքները, սրբատեղիները, շիրիմները, խաչքարերն ու ողջ ազգային հարստութիւնները Նոյեմբեր 9–ին, մէկ ստորագրութեամբ յանձնեցիք թշնամիին:
- Դուք հիմա պիտի չուզէի՞ք որ ձեր այդ ստորագրող մատները քարանային, որպէսզի չարժանանայիք ողջ հայութեան անէծքին:
- Ներկայիս դուք կը յիշէ՞ք, թէ Հայաստանի ո՞ր քաղաքները եւս շնորհած էք, թշնամիին հետ բարի դրացիութիւն մշակելու, ինչպէս եւ դիւրութիւն ընծայելու, որ բարի կամեցողութիւն ունեցող մարդիկ չդժուարանան՝ Նախիջեւանէն Մեղրիով Ատրպէյճան զինամթերք եւ վարձկան զինուորներ անցընեն:
- Իմ անձնական փափաքս կամ խորհուրդս պիտի ըլլայ գիտակցիք ու հրաժարիք ձեր պաշտօնէն, բայց երկար տարիներ մնաք ողջ, հոգեպէս տանջուելու ձեր դաւաճան արարքներուն համար:
Ներսէս Ներսէսեան
Ամման, Յորդանան
17 Մարտ 2021







