Monday, November 23, 2026

Պաղեստինեան Գորնըրսթոն պարբերաթերթի համարը նուիրուած հայութեան

Սապիլ, Արաբերէն լեզուով կը նշանակէ  «ճամբայ» , «ալիք» կամ «աղբիւր», միջ-եկեղեցական, տիեզերական (ecumenical)  կեդրոն մըն է Երուսաղէմի մէջ՝որ կը միտի սատարել Ազատագրական Աստուածաբանութեան հասկացողութիւնը եւ կիրարկումը։ Ան Պաղեստինի Քրիստոնեայ համայնքի մէջ բանող աշխուժ կազմակերպութիւն մըն է որ կը կեդրոնանայ ազատագրական շարժումի եւ անոր հասկացողութիւններու եւ կիրարկումներու վրայ։ Սապիլը կը ձգտի Աւետարանը եւ անոր հասկացողութիւն-բացատրութիւնը դնել հաւաքականութեան մէջ եւ անոր տալ իմաստ՝մեկնելով նոյն այդ հաւաքականութեան ընկերային-լեզուական եւ մշակութային հասկացողութիւններու մէջէն։ Եւ թէ ինչպէս իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն՝մեկնելով իր քաղաքական, մշակութային եւ պատմական ու ընկերատնտեսական վիճակներէն՝պիտի ընկալէ-հասկնայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը եւ կիրարկէ զայն իր կեանքերուն մէջ։ Սապիլ կազմակերպութիւնը կը ձգտի մշակել հոգեւոր հասկացողութիւն-ըմբռնում մը՝  հասնելու համար արդարութեան, խաղաղութեան, ոչ բռնութեան եւ համակեցութեան իրականութիւներուն եւ տարբեր հաւաքականութիււներու մէջ։ Ան նաեւ կը ձգտի միջազգային համակարգի մէջ ծանօթացնել եւ իրազերկ դարձնել Պաղեստինի Քրիստոնեայ համայնքի ինքնութիւնը եւ հաւաքական կեանքի մէջ անոնց ներկայութիւնը ու իրենց վկայութիւնը։ Անոր առաքելութիւնը կը կայանայ արմատաւորել Ազատագրումի Աստուածաբանութիւնը  Քրիստոնէական հաւատքի մէջէն՝ հոն ուր  հաւաքականութեան կեանքերը կապրին բռնարարքներու, բռնութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան պարագաներու եւ պայմաններու մէջ։ Սապիլի հիմնադիրն է Պաղեստինցի Անկլիքան համայնքի Սուրբ Գէորգ տաճարի  նախկին կղերական՝ վեր. Նաիիմ Աթիքը։

«Գորնըրսդոն» (Cornerstone) Սապիլի պարբերաթերթն է եւ որ ունի ծաւալուն տարածում։ Այս ներկայ համարը  նուիրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մարտահրաւէրներուն։ Անոնք փորձած են վեր առնել նաեւ հայ ժողովուրդի հսկայական մշակութային ժառանգը՝ կեդրոնանալով  Երուսաղէմի հայոց մատուցած մեծ ներդրումին եւ տարբեր մակարդակներու մէջէն։ Արծարծուած է ցեղասպանութեան իրողականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի եւ անոր պատմութեան մասին վկայութիւնները  պաղեստինցի հայ եւ արաբ մտաւորականներու կողմէ։ Համարին մէջ տեղ գտած է նաեւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածը։

Շահեկան հրատարակութիւն մը նուիրուած հայ ժողովուրդի համար։ Յատկանշական է որ այս հրատարակութիւնը  կուգայ ժողովուրդ-հաւաքականութենէ մը որ կապրի շատ մը գոյութենական մարտահրաւէրներ՝ի մասնաւորի ներկայ օրերուն։ Եւ իր գոյութեան համար պայքար մղող ժողովուրդ մը կրնայ լաւապէս հասկնալ «ուրիշի» մը տագնապը։ Շնորհակալութիւն այս հրատարակութեանը համար։

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

«Աղօթքով պիտի կերտենք Նոր կեանքը». Յովնան Սրբազան

ԱՄՆ Արևմտյան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ․ Հովնան արք․ Տերտերյանը Հայոց Մայր Եկեղեցու ամենաբազմավաստակ, իմաստուն, նվիրյալ հոգևորականներից  է։ Իր խոսքն սպեղանի, բալասան դարձրած՝ տասնամյակներ...