Համատեղ նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, կրթական նախարարութեան եւ Կարմիր խաչին, 27 Փետրուարին վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ լայն հանդիպում մը, մասնակցութեամբ բաժիններու պատասխանատուներուն, նուիրուած երկրաշարժներու պարագային ձեռք առնուելիք միջոցառումներուն:
Մեսրոպեանի պատասխանատու անձնակազմին ներկայացուեցան անհրաժեշտ այն գործողութիւնները, որոնք պէտք է դպրոցին մէջ նկատի առնուին երկրաշարժներու պարագային, եւ անոնք, որոնք պէտք է կիրարկուին երկրաշարժ պատահած ատեն եւ անորմէ ետք: Միջոցառումներուն համապարփակ ծրագիրը պիտի յղուի նաեւ նաեւ ծնողներուն: Մեսրոպեանի մէջ նաեւ պիտի կազմակերպուի երկրաշարժի նմանակման բեմադրութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլալ փորձարկել թելադրուած միջոցառումները եւ ստուգել աշակերտներու եւ ուսուցիչներու պատրաստուածութիւնը
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի



