Monday, November 23, 2026

Մեսրոպեան վարժարան. Ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ: Աշակերտները ներկայացած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով եւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ: Ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ պատասխանատու հոգեւոր հայրերը ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թօփալեանի գլխաւորութեամբ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտ  Զաւէն Տէր Ղուկասեան: Ան արտայայտեց հայ ազգին արդար ցասումը ի տես Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալուն, դատապարտումը` ցեղասպանին եւ ամենակարեւորը` կամքն ու վճիռը միշտ յիշելու նահատակները, հաւատարիմ մնալու անոնց սուրբ կտակին եւ տէր կանգնելու անժամանցելի  բոլոր իրաւունքներուն:

Գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան Քրիսթոֆրր Մարտիրոսեան (5-րդ դասարան, նուագ երգեհոնի վրայ), Յակոբ Թերզեան, Ալէքս Լեւոնեան, Ժան-Փիէռ Վարդանեան, Նայիրի Առնէլեան, Սէրլի Մուղալեան, Մարիա- Ճեսիքա Խաշոլեան (երգ եւ նուագ՝ «Աղբերս ու Ես», “Տուն իմ հայրենի”), Մէրի Էքմէքճեան (9-րդ դասարան, արտասանութիւն՝ «Ափ մը մոխիր») եւ Նայիրի Առնէլեան (7-րդ դասարան, նուագ՝ տուտուկ):

Ոգեկոչման ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը վերապրելով պատասխան տուաւ Թուրքիոյ ոճիրին եւ պիտի շարունակէ ապրիլ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, շնորհիւ իր միասնականութեան՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը:

Ապա խօսք առաւ Սուրբ Փրկիչի փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, որ  յորդորեց հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ առօրեայ կեանքին մէջ ապրեցնել հայ ազգային եւ քրիստոնէական արժէքները՝ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, հայ ընտանիքը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքը: Հայր Սահակ հուսկ արտասանեց “Պահպանիչ”ը եւ կատարեց վարդերու օրհնութիւն. աշակերտներ եւ ուսուցիչներ իրենց հետ դպրոց բերած ծաղիկները զետեղեցին Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին նմանակին առջեւ, առ ի յարգանք 1.5 միլիոն մեր նահատակներուն: Աւելի ուշ, նման այց կատարեցին նաեւ մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի փոքրիկները:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

 

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

«Աղօթքով պիտի կերտենք Նոր կեանքը». Յովնան Սրբազան

ԱՄՆ Արևմտյան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ․ Հովնան արք․ Տերտերյանը Հայոց Մայր Եկեղեցու ամենաբազմավաստակ, իմաստուն, նվիրյալ հոգևորականներից  է։ Իր խոսքն սպեղանի, բալասան դարձրած՝ տասնամյակներ...