27 Փետրուար թուականը այսօրուընէ սկսեալ խորհրդանշական օր մը դարձաւ ոչ միայն հայ ազգի զաւակներուն համար այլ համայն կաթողիկէ աշխարհին համար, որ այս տարուընէ սկսեալ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին տնօրէնութեամբ սկսաւ յիշատակել Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2015-ին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին ծիսական տօնը, որ անցեալ 2 փետրուարին հրապարակուած Քահանայապետական հրամանագիրով ներառուեցաւ Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Vatican News»-ը:
27 փետրուար 2021-ին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին առաջին յիշատակութեան առիթով հովանաւորութեամբն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին ու Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին, եւ առնըթերակայութեամբ Քրիստոնեաներու միութեան խթնման Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար՝ գերապայծառ Պրայըն Ֆարրելին եւ Ւսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ Արհ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիյանին։
Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան շատ փոքր թիւով մասնակիցներ, ի տես համաճարակին ստեղծած իրավիճակին ու անոր կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած դրութիւններուն։ Ներկաներուն շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Եւրոպայի առաքելական պատուիրակ՝ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը ու առաքելական եկեղեցւոյ անդամ այլ կղերականներ, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Վրդ Նաամոյան իր եղբայրակից այլ Քահանաներու հետ միասին, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի ժառանգաւորները, որոնք ապահովեցին նաեւ Սրբազան Արարողութեան երգեցողութիւնը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր Մայրը՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան իր միաբանակից քոյրերուն հետ, Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան Տիկ Ծովինար Համբարձումեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանն ու երկու դեսպանութիւններու անձնակազմի անդամները ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար մի քանի հիւր լրագրողներ։
Մաղթանքի եւ աղերսանքի աղօթքներէն ետք Գերաշ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը ընթերցեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին բարեխօսութիւնը հայցող աղօթքը հուսկ երգեցուեցաւ Նարեկացիին նուիրուած շարականը ու արտասանուեցաւ Հայր մեր աղօթքը, որմէ ետք Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիյան միասնաբար օրհնեցին ներկաները։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան






