Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի հրամանագիրով, անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի ձեռամբ, Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի նախկին աշակերտ եւ բարերար դոկտ. Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»ի շքանշանին՝ առ ի գնահատանք «Քորոնա» ժահրին պատուաստը հնարելու համար իր համահիմնած «Մոտերնա» ընկերութեան յատկանշական իրագործումին:

Ն. Աֆէեան ծնած է Պէյրութ, 1962ին. յաճախած է Մոնթրէալի «ՄըքԿիլ» համալսարանը, իսկ դոկտորական կոչումը ստացած է biochemical engineering ճիւղին մէջ, Պոսթընի հեղինակաւոր MIT համալսարանէն, 1987ին: Ան անցնող 28 տարիներուն եղած է հիմնադիրը 30 ընկերութիւններու, որոնց ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 10 միլիառ տոլարով:

«Ասպարէզ»

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here