Tuesday, October 6, 2026

Պահանջատիրութիւնը Այսօր Ալ Կը Մնայ Համահայկական Հիմնախնդիր

Այս տարի, Հայ ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը պիտի ոգեկոչէ իր պատմութեան ամէնէն շրջադարձային, եզակի մարտահրաւէրներու եւ հայրենիքի կենսունակութիւնը ապակայունացնող աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերու ժամանակաշրջանի մը մէջ:

Բնականաբար, այս զարգացող անբարենպաստ իրավիճակը, իր նշանակալի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ պահանջատիրութեան, ի մասնաւորի, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի մեր ընկալումներուն վրայ, մասնաւորաբար Հայաստանէն ներս։

Նաեւ կարեւոր գործօն պիտի սկսի դառնալ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ըմբռնումը, կամ նոյնիսկ որոշ չափով ըստ հանրային քննարկումներու՝ «մերձեցումներու» հասկացութիւնը, արդէն մէջընդմէջ ներկայացուած անուղղակի բացատրութիւններու պատճառներով։ Կ’ենթադրենք, որ ժամանակի ընթացքին նաեւ պիտի ձեւաւորուի թեր եւ դէմ հանրային կարծիք, որ կրնայ պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը բարձրացնել կամ նսեմացնել ազգային հրամայականներու նժարին վրայ։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաստատէ այն համոզումը, որ որեւէ հաւանական երկխօսութիւն կամ ենթադրեալ մերձեցում նախ պէտք է բխի պատմական ճշմարտութեան եւ եղելութիւններու ճիշդ գնահատականէն, առաջնորդուի հարցի վաւերականութեամբ եւ իրաւական ուղղամտութեամբ եւ հետապնդէ փոխադարձ կառուցողական արդիւնքներ։

Պահանջատիրութեան հանդէպ որեւէ մօտեցում՝ առանց Թուրքիոյ պատասխանատուութեան, յանցանքի ընդունման եւ առնչուող պարտաւորութիւններու պայմանի շեշտադրման, պիտի նշանակէ տարիներու ձեռքբերումներու կորուստ, եւ դատապարտուած պիտի ըլլայ վերջնական ձախողութեան։

Աւելին, Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը անվիճելի կը մնայ առ այսօր եւ անհեթեթ պիտի ըլլայ պատմաբաններու նոր օրակարգի քննարկման առարկայ դարձնել զայն՝ ըստ տարօրինակ նախադէպին։

Ցեղասպանութենէն վերածնած հայութեան ստուար զանգուածը գիտակից է իր պատմական հայրենիքի սեփականութեան, ունեցուածքի եւ մշակութային արժէքներու կորուստին, ինչպէս նաեւ իր նախահայրերու ապրած տառապանքին, եւ հետեւաբար, անզիջող կը մնայ իր իրաւունքին ամբողջական հետապնդումին գծով։

Թուրքիան մինչեւ այսօր ի զուր կը հետապնդէ իր պատմական ժխտումներու շարունակական, սակայն ապարդիւն պետական արշաւը, հակառակ միջազգային հանրութեան որոշիչ եւ բացայայտ ճանաչումին՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութեան ոճիրին։ Աւելին, Թուրքիան ինչպէս երէկ, այսօր նոյնպէս կը շարունակէ իր ցեղասպան էութիւնը եւ փանթուրքիզմի ծրագիրը, որու լաւագոյն օրինակը 2020 թ. Արցախեան պատերազմին իր ուղղակի մասնակցութիւնն էր:

Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, որպէս Ցեղասպանութեան վէրքը կրող, որեւէ պարագայի պատրաստ չէ պահանջատիրութիւնը քննարկումի առարկայ դարձնելու, ի գին պղտոր եւ ժամանակաւոր դիւանագիտական շղարշ հանդիսացող պայմանաւորուածութիւններու։

Ներգրաւուած միջազգային բոլոր դերակատարները պէտք է պահանջատիրոջ լրջութիւնը եւ վճռականութիւնը ճիշդ ըմբռնեն։

Պահանջատիրութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր ալ կը մնայ համահայկական հիմնախնդիր։ Թուրքիան որպէս պետութիւն, պարտաւոր է ընդունիլ ցեղասպանի ժառանգորդի իր մեղքը, եւ իրականացնել համապատասխան արդար վնասուց հատուցում՝ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

«Աղօթքով պիտի կերտենք Նոր կեանքը». Յովնան Սրբազան

ԱՄՆ Արևմտյան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ․ Հովնան արք․ Տերտերյանը Հայոց Մայր Եկեղեցու ամենաբազմավաստակ, իմաստուն, նվիրյալ հոգևորականներից  է։ Իր խոսքն սպեղանի, բալասան դարձրած՝ տասնամյակներ...