Չարլի Չափլըն կը համարուի քսաներորդ դարու  ամենամեծ ներկայացուցիչներէն մէկը, եզակի մարդկային արժէքներ ունեցող անձ, սակայն քիչերուն  յայտնի է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Չարլի Չափլըն հիմնած է հայ երեխաները օգնելու հիմնադրամ մը, եւ իր հաւաքած ամբողջ գումարը փոխանցած է այդ հիմնադրամին: Այս մասին կը հաղորդէ եգիպտական «Պուապէթ Ախպար ԱլԵաում» կայքը:

1920-ականներուն, Չարլին շրջած է Եւրոպայով մէկ ` հաւաքելով 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար (ներկայի 15 միլիոն ԱՄՆ տոլարի արժողութեամբ) եւ ամբողջ գումարը նուիրած Օսմանեան կայսրութենէն փախած հայ որբերուն օգնելու համար: Ան անձամբ այցելած է այս երեխաներուն, եւ հայ որբերուն համար  օգնած է կառուցել որբանոցներ եւ վերականգնողական յատուկ կեդրոններ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս ընթացքին Չարլին նկարահանած է յայտնի «Երեխայ» ֆիլմը, որուն մէջ   մասնակցած է,  որպէս դերասան, հայ որբերուն նմանող, փոքր աղքատ տղայ մը` տխուր եւ անմեղ  բնաւորութեամբ:

1965-ին, հայ յայտնի երգահան Արամ Խաչատուրեան հրաւիրուած է  Զուիցերիա , որպէս միջազգային երաժշտական ​​մրցոյթի ժիւրիի անդամ: Այդ ժամանակ Չարլին 76 տարեկան էր, մեկուսացած կեանքով կ՛ապրէր Ժընեւէն դուրս եւ հազուադէպ կ՛ընդունէր հիւրեր: Անսպասելիօրէն Արամ Խաչատուրեան Չափլընէն հիւրընկալուելու հրաւէր կը ստանայ:

Մի քանի ժամ տեւած խօսակցութենէն ետք  Խաչատուրեան կը հարցնէ, թէ ի՞նչ է անոր  տխուր դէմքի գաղտնիքը: Լուռ ժպիտով Չափլըն Խաչատուրեանին կ՛ուղեկցի իր առանձնասենեակ, եւ գզրոց մը կը բանայ, ուր կը բացայայտուին ջութակահարներու ձայնագրութիւններ, որոնք կը նուագեն հայ քահանայ Կոմիտասի երաժշտութիւնը, որ յայտնի է որպէս հայկական երաժշտութեան հանճար եւ ազգային երաժշտութեան ռահվիրա: Չափլըն կ՛ըսէ, որ ատիկա իր ամենասիրած բաներէն մէկն է, եւ ան այդ ձայնագրութիւնները  կը լսէ ամէն անգամ, երբ ներքին խաղաղութեան կարիքը կ՛ունենայ:

«Կեանքի մէջ մենք շատ կը մտածենք, սակայն քիչ կը զգանք, իսկ հայկական երաժշտութիւնը պարզապէս մաքուր յոյզերու անվերջ ովկիանոս է», – կ՛աւելցնէ ան ` ձայնագրութիւններէն մէկը Խաչատուրեանին նուիրելով :

 

LEAVE A REPLY

Please enter your comment!
Please enter your name here