Saturday, October 3, 2026

Արցախի պատերազմին Պաքուի յանցագործութիւնները՝ ցեղասպանութեան համազօր էին, կը հաստատէ պարոնուհի Գոքս

«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հարցազրոյց ունեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան Պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի հետ։

Պարոնուհի Գոքս 87 անգամ այցելած է Արցախ. Արցախեան ազատամարտի օրերուն բազմիցս ելոյթ ունենալով Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ՝ վկայած է Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։

Հարցազրոյցի ընթացքին, Բրիտանացի քաղաքական գործիչը յատնեց, որ Նոյեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին ականատեսը եղած է նոր ցեղասպանութեան մը հետեւանքներուն։ Ան վկայակոչեց Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները՝ պատերազմի ընթացքին մարդու իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ գործադրուած վայրագութիւններն ու խժդժութիւնները։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներու հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճակատագրին, Պարոնուհի Գոքս նշեց, որ բազում եկեղեցեներ եւ խաչքարեր այսօր կը գտնուին Նախիջեւանի Հին Ջուղայի խաչքարերու ճակատագրին ենթարկուելու սպառնալիքին տակ։

Ան խստօրէն դատապարտեց ռազմագերիներու հանդէպ ատրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը։ Պարոնուհին քննադատեց նաեւ միջազգային մամուլի կողմնակալութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ կոչ ուղղեց հայկական Սփիւռքին, որպէսզի այդ կողմնապաշտ քարոզարշաւը դիմակայելու պարտաւորութիւնը ստանձնէ։

Ան յայտնեց, որ աշխարհը այսօր երախտագիտութիւն պարտական է հայ ժողովուրդին ՝ հաւատքի ու ազատութեան առաջնագիծը պահելու համար։

Նշենք, որ Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։

Block title

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի...

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի...

Տեղի ունեցավ «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» ծրագրի փակումը

Սեպտեմբերի 20-ին տեղի ունեցավ «Միասին» ՀԿ-ի և «WiRED International» միջազգային առողջապահական կազմակերպության սեպտեմբերի 11-20-ը Էջմիածնում համատեղ կազմակերպած «Առողջությունը՝ բարեկեցության գրավական.WiRED» դասախոսաշարի փակումը: Մինչ այդ բժիշկ-օրդինատոր,...

Related news

Կայացաւ «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթ., փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ...

Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցը կը նշէ իր առաջին շրջանաւարտութիւնը

Էջմիածնի «Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցը»՝ երկուշաբթի, 27 փետրուարին նշեց իր առաջին հունձքին շրջանաւարտութիւնը։ Այս մասին տեղեկանում ենք «DiasporArm»-ից: Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան՝ Առաջնորդութեան դպրոցի հիմնադիր Սամուէլ Մովսիսեանը,...

Մեսրոպեանի մէջ կայացավ երկրաշարժերու ժամանակ անհրաժեշտ միջոցառումներու նուիրուած ժողով

Համատեղ նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, կրթական նախարարութեան եւ Կարմիր խաչին, 27 Փետրուարին վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ լայն հանդիպում մը, մասնակցութեամբ բաժիններու...

Մեսրոպեան Վարժարանը Նշեց Վարդանանց Տօնը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որուն նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 Փետրուար 2023-ին, վարժարանի շրջափակին...